21 յունիսին, մէկ օր առաջ տեղի ունեցած խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու արդիւնքներու պաշտօնական յայտարարումէն ետք, օտար երկիրներ սկսան հրապարակել շնորհաւորագիրներ, որոնց քանի մը հատը իրենց պարունակութեամբ ու հասցէագրումով արտասովոր էին:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
21 յունիսին, մէկ օր առաջ տեղի ունեցած խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու արդիւնքներու պաշտօնական յայտարարումէն ետք, օտար երկիրներ սկսան հրապարակել շնորհաւորագիրներ, որոնց քանի մը հատը իրենց պարունակութեամբ ու հասցէագրումով արտասովոր էին:
Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Քանատան կը շնորհաւորէ Հայաստանը` յաջող խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտելու առիթով»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս իր կարգին յայտարարութիւն մը հրապարակելով` յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները կը շնորհաւորեն Հայաստանի ժողովուրդը յունիս 20-ին կայացած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ»:
Սովորաբար ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած կողմին է, որ կը շնորհաւորեն, սակայն, ըստ երեւոյթին, Քանատայի ու Միացեալ Նահանգներուն համար այդ յաղթանակը այնքան «պանծալի» է, որ զայն կը նկատեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յաղթանակը, երբ իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է: Անիկա այդ երկիրներուն համար յաղթանակ էր, որովհետեւ անոր արդիւնքը առաւելագոյնս նպաստաւոր է իրենց շահերուն, սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մինչեւ իսկ ողջունեց ու նշեց` «գոհ ենք» ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի հսկողութեան առաքելութեան դրական գնահատականով: Ուաշինկթընի խանդավառութեան ի տես` յայտարարութիւնը կարդացողը պահ մը հարց կու տայ, թէ արդեօք ընտրութեան կազմակերպիչը ամերիկեան իշխանութիւննե՞րն էին կամ արդեօք արտաքին գործոց նախարարութիւնը կարծած է, որ խօսքը Միացեալ Նահանգներու մէ՞ջ կազմակերպուած ընտրութիւններու մասին է, եւ այդ պատճառով այդքան խանդավառ է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի գնահատականով, եւ ինչո՞ւ միայն այդ առաքելութեան գնահատականով եւ ոչ ԵԽԽՎ-ի (ԱՊՀ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի հսկողութեան առաքելութիւններու չնշման պատճառները հասկնալի են):
Միացեալ Նահանգներն ու Քանատան յաղթանակը հայ ժողովուրդինն ու Հայաստանինը նկատելով` կը փորձեն ծածկել իրենց ուրախութիւնը, որ ընտրութիւններուն յաղթողը արեւմտամէտ Նիկոլ Փաշինեանն է: Ի տարբերութիւն անոնց, ընտրութիւններու յաղթական կողմերէն մէկը եղող Ռուսիան իր ուրախութիւնը ծածկելու նուազագոյն ջանքն իսկ չթափեց:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ իրենք ընտրութիւններուն մէջ տեսած են Փաշինեանի կուսակցութեան համոզիչ յաղթանակը եւ ընտրութեան առթիւ շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը` նշելով, որ Քրեմլին կը ցանկայ, որ ժողովուրդին որոշումը օգնէ երկրին դուրս գալու կայուն զարգացման ուղեգիծ, իմա՛ ամբողջական կերպով գործադրուին 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւնները: Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ իր կարգին յայտարարեց. «Յաղթանակ տարած են քաղաքական ուժեր, որոնց հետ Ռուսիան արդէն հաստատուած կապ ունի»: Անոր խօսքը նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի, Արթուր Վանեցեանի եւ Սերժ Սարգսեանի մասին է: Այս առումով, Ռուսիան 20 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծագոյն յաղթանակն արձանագրած կողմն է:
Թէ՛ Միացեալ Նահանգներ եւ թէ՛ Ռուսիա գոհ են, որ յաղթանակ արձանագրած է Նիկոլ Փաշինեանը, որ շնորհիւ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին` այժմ ներքին քաղաքականութեան գետնի վրայ աւելի ամուր դիրքի վրայ է, սակայն արտաքին քաղաքականութեան գետնի վրայ` շատ տկար դիրքի վրայ, ինչ որ վերոնշեալ ուժերուն կ՛արտօնէ իրենց ծրագիրներն ու անոնց գործադրումը դիւրութեամբ եւ անարգել յառաջ մղել:
Ուստի զարմանալի չէր, որ Մոսկուան «Զանգեզուր միջանցք»-ի հարցը մէկդի ձգած էր. պահը յարմար չէր: Փաշինեան 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով արձանագրուած մեծ աղէտին պատճառով ներքին քաղաքականութեան գետնի վրայ շատ տկար դիրքի վրայ էր, եւ այդպիսի զգայուն հարցի մը կանխահաս արծարծումը կրնար ամբողջ ծրագիրը ձախողութեան մատնել: Այժմ կացութիւնը փոխուած է եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքը այդ հարցի եւ այլ հարցերու արծարծման «կանաչ լոյս»¬ն է: Ընտրութեան արդիւնքը դուռը լայն կը բանայ շարք մը ոչ հայանպաստ քայլերու եւ զարգացումներու հաւանականութեան դիմաց:
Պէտք է վերյիշել ՀԱՊԿ-ի 2 դեկտեմբեր 2020-ի վեհաժողովի ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի արտասանած խօսքը, որուն մէջ ան ի սկզբանէ այս բոլորը յստակ կերպով բանաձեւեց: «Հայաստանի ղեկավարութիւնը, կառավարութեան ղեկավարը ստիպուած եղան ընդունիլ շատ բարդ, բայց Հայաստանի ժողովրդի համար անհրաժեշտ որոշում», յայտարարեց Վլատիմիր Փութինը` աւելցնելով. «Պէտք է նշեմ, որ այդ որոշումները ցաւոտ էին, սակայն, կը կրկնեմ, անհրաժեշտ էին, ատոնց որդեգրումը պահանջեց Հայաստանի վարչապետի անձնական խիզախութիւնը: Այս նիստին բոլոր ներկաները կը հասկնան պատասխանատուութեան չափը նման որոշումներ կայացնելու պարագային: Ան այդ որոշումը տուած է, պատասխանատուութիւնն իր վրայ վերցուցած է: Մեր խնդիրն է աջակցիլ Հայաստանի վարչապետին, անոր խումբին, որպէսզի կարգաւորուի խաղաղ կեանքը, կեանքի կոչուին որդեգրուած որոշումները, որպէսզի օգնենք բարդ կացութեան մէջ յայտնուած մարդոց»: Հասկցողին շատ բարեւ… Ընտրութիւններու արդիւնքը եւ այդ մասին ռուսական վերոնշեալ յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Քրեմլինի ղեկավարը իր միտքը չէ փոխած:
Կ’ըսուի, որ «Հայաստան» դաշինքի վարչապետութեան թեկնածուն` Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի երեք սերտ ընկերներէն մէկն է (միւս երկուքը Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնին եւ Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Կերհարտ Շրէօտըրն են), այդ մէկը կրնայ ճիշդ ըլլալ, սակայն, ինչպէս «Քառնըկի» հիմնարկի Մոսկուայի գրասենեակի տնօրէն Տմիթրի Թրենինը կը նշէ, Քրեմլինի համար Հայաստանի արժէքը Փութին-Քոչարեան բարեկամութենէն աւելի մեծ է, «նաեւ Փաշինեան անախորժ ու ցաւալի փորձառութեամբ սորվեցաւ հաւատարիմ ըլլալ»:
Ինչ կը վերաբերի երկրի ներքին քաղաքականութեան, ապա ընտրապայքարի ընթացքին Փաշինեանի հռետորաբանութիւնը մտածել կու տայ, թէ ոչինչ պիտի փոխուի, եւ պետութեան ու պետականութեան մաշեցման անցնող շուրջ երեք տարուան գործելաոճը պիտի շարունակուի:
Լիբանանի չափ տարածքի մը, 5000 կեանքերու, 30-ամեայ պատմական ձեռքբերումի մը կորուստին պատճառ դարձած, սակայն վերընտրութեամբ «վարձատրուած» քաղաքագէտէ մը, մանաւանդ` Փաշինեանի հոգեբարոյական խառնուածքի տէր անձէ մը, կարելի չէ ընթացքի փոփոխութիւն կամ բարելաւում ակնկալել: Այդ «շնորհակալագիր»-ը միայն կ’ամրապնդէ, կը խորացնէ եւ առաւել եւս կ’աճեցնէ անոր ամենաթողութեան զգացումը, մեծամտութիւնն ու նկարագրի բոլոր յոռի գիծերը, ինչպէս նաեւ` անցնող 3 տարուան քաղաքական էութիւնը, մենատիրութեան ձգտումը:
Ռուս արեւելագէտ Եւկենի Սաթանովսքին իրաւացի է, երբ անդրադառնալով Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութեան արդիւնքին` կը նշէ. «Ամբոխավարութիւնը ամբոխավարներուն համար լաւ է, սակայն երկիրը ինչպէ՞ս պիտի ապրի»:
«Ազդակ»