Հա

Քաղաքական

06/03/2023 - 14:55

Չմոռնալ ժամանակի եւ միջավայրի հրամայականները

Այս յօդուածը կը գրեմ Երեւանէն, ուր կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուիմ մասնակցելու համար գիտաժողովի մը, որ կազմակերպուած է Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին կողմէ` գործակցաբար: Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ շատ յաջող կերպով: 17 բանախօսներ, բոլորն ալ համալսարանական դասախօսներ, պատմաբաններ ու բանասէրներ քննեցին «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի առաջին կէսին-պատմութիւն եւ արդիականութիւն» նիւթը:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Այս յօդուածը կը գրեմ Երեւանէն, ուր կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուիմ մասնակցելու համար գիտաժողովի մը, որ կազմակերպուած է Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին կողմէ` գործակցաբար: Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ շատ յաջող կերպով: 17 բանախօսներ, բոլորն ալ համալսարանական դասախօսներ, պատմաբաններ ու բանասէրներ քննեցին «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի առաջին կէսին-պատմութիւն եւ արդիականութիւն» նիւթը:

Ինչո՞ւ ընտրուած է այս նիւթը: Հայաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքին ուշադիր հետեւողները նկատած պիտի ըլլան, որ շատ յաճախ, քաղաքական քննարկումներու եւ բանավէճերու առիթով բաղդատութիւններ կը կատարուին աւելի քան հարիւրամեայ անցեալի եւ ժամանակակից դէպքերու ու դիրքորոշումներու միջեւ:

Ներկայ դիրքորոշում մը արդարացնելու համար, յատկապէս իշխանական պատասխանատուներ կը մէջբերեն հեռաւոր անցեալին վերաբերող խօսք մը, քաղաքական կեցուածք մը կամ կայացած համաձայնութիւն մը: Հարցը կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, թուրքերու հետ հայերու գործակցութեան փորձերուն, այդ փորձերու ձախողումներուն ու հայկական պարտութիւններուն: Կարծես ժամանակը կանգ առած է 1920-ական թուականներուն ու ետ աշխուժացած է Հայաստանի անկախութեան օրերուն, 1991-էն ետք: Կարծէք հարիւրամեայ ու աւելի երկար այս ժամանակաշրջանին աշխարհը բնաւ չէ փոխուած, պայմանները մնացած են միեւնոյնը, համաշխարհային ղեկավարման կեդրոններու փոփոխութիւն չէ եղած, եւ ամէն բան մնացած է նոյնը: Մենք ալ չենք փոխուած, դէմքերը ուրիշ են, սակայն նոյն անձնաւորութիւնները իրենց հին ժամանակներու մտածողութեամբ կը շարունակեն գործել:

Անհրաժեշտ է յիշեցնել, որ հայ ազատագրական պայքարը, որ յանգեցաւ Առաջին հանրապետութեան ստեղծումին, արդիւնք է 19-րդ դարի կէսերէն սկսած երկարատեւ հոլովոյթի մը, որուն ընթացքին հետզհետէ կազմաւորուեցաւ հայ հասարակական-քաղաքական մտածողութիւնը: Հայ մարդը Օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն հաւատարիմ հպատակէն վերափոխուեցաւ միասնական ազգի մը անդամ քաղաքացիի: Այդ վերափոխումը հեշտութեամբ չեղաւ: Սկսելով մարդկային տարրական իրաւունքներու յարգումին խնդրանքով, ապա պահանջ ձեւաւորելով` համոզուած, որ բնական այդ իրաւունքները ի վերջոյ պիտի յարգուին, հայ մարդը դիմեց պահանջատիրական պայքարի: Ունեցաւ ե՛ւ յաղթանակներ ե՛ւ պարտութիւններ, սակայն չընկրկեցաւ երբեք ու հաւատաց վերջնական յաղթանակին` անկախ ու միացեալ Հայաստանին:

Ներկայ ժամանակներուն, վերջին պատերազմի պարտութեան ու յանձնուողական պայմանագրի ստորագրութեան յաջորդած հասկնալի պատրանաթափութեան պայմաններուն տակ, կարելի չէ վերադառնալ անցեալին ու այնտեղ փնտռել այսօրուան ձախողումներուն աղբիւրները: Ըսել, որ մէկուկէս դար սխալ ապրած ենք, սխալ գործած ենք ու այդ երկարատեւ սխալին հետեւանքն է ներկայ կացութիւնը: Օսմանեան եւ ռուսական հպատակը եւ այսօրուան Հայաստանի ազատ քաղաքացին բաղդատելի եզրեր չեն: Ամէն մէկը կը գործէ, գործած է ի՛ր ժամանակի պայմաններուն մէջ, իր այդ ժամանակի կարգավիճակով եւ ժամանակի ընձեռած պայմաններով:

Գիտաժողովի ընթացքին, քննարկման ժամանակ անուղղակի կերպով արծարծուեցաւ այս հարցը: Ռուբինա Փիրումեանի զեկոյցէն ետք վէճ մը ստեղծուեցաւ: Զեկոյցին նիւթն էր. «Հայ քաղաքական մտքի վերջին թռիչքը` ճիգ ազգայինից պետական մտածողութեան անցնելու (1918-1920)»: Մասնակիցներէն մէկը զեկոյցի նիւթին հետ առնչութիւն չունեցող երկու հարց արծարծեց: Առաջինը, յաւիտենական բարդոյթ, պահանջեց ընդունիլ, որ խորհրդային իշխանութեան 70 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած են ազգային մշակոյթի եւ այլ յառաջդիմութիւններ, զորս զեկուցաբերը ընդունեց. երկրորդ` ընդունիլ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւս, ներկայ իշխանութիւններուն նման, թուրքերու հետ լեզու գտնելու փորձեր կատարած է: Պատասխանուեցաւ, որ տարբեր ժամանակներու մէջ եւ տարբեր միջավայրերու մէջ կատարուող յարաբերութիւնները բաղդատելի չեն: Ի վերջոյ ըսուեցաւ նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը յարաբերութեան, նոյնիսկ գործակցութեան դէմ չէ. դէմ է այդ յարաբերութիւնները կառուցելու համար հայ ժողովուրդի իրաւունքներէն զիջումներ կատարելու եւ համաձայնագիրով զանոնք ամրագրելու գաղափարին: Առանց նախապայմաններու փոխյարաբերութիւնը բնական երեւոյթ է երկու դրացի, սահմանակից երկիրներու միջեւ:

Այս կարգի եւ քաղաքական ցածրագոյն որակի հարցեր կ՛արծարծուին անդադար, ամէն տեղ, ամէն առիթով: Նպատակը արդարացումն է իշխանութիւններուն իբր թէ խաղաղասիրական քաղաքականութեան: Ամէն գնով խաղաղութեան հասնելու ձգտումը գործընթաց մըն է, որ ամէն քայլափոխի զիջում ու իրաւունքներէ հրաժարում կ՛ենթադրէ: Ցեղասպանութեան ճանաչումը ժխտենք, պահանջատիրութենէն հրաժարինք, Հայաստանի սահմաններու փոփոխութիւնը ընդունինք, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը մոռնանք եւ զայն Ազրպէյճանի մաս ընդունինք եւ այլն, եւ այլն: Ասոնք են գինը փայփայուած խաղաղութեան, որուն հատուցումը կը փորձուի արդարացնել հեռաւոր անցեալին հայութեան մղած պայքարին ժամանակաւոր ընկրկումներով:

 

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

  • Հայաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբերութիւնը
    Հայաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբերութիւնը

    Նիկոլ Փաշինեան պարբերաբար իր վարած բանակցութիւններուն մասին նպատակային գաղափարներ կը յայտնէ: Այսպէս, մեր վերջին անկախութիւնները նպատակ ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան ընդարձակումը: Ինք կը մտածէ, որ անկախութեան նպատակը պէտք է ըլլայ երկրի բարգաւաճումը եւ աւելի լաւ ապրելու ձգտումը:

  • Կոռնիձորի հաւաքը նոր մեկնակէտ է
    Կոռնիձորի հաւաքը նոր մեկնակէտ է

    Շաբաթ, 20 մայիսին հազարաւոր հայեր (կը խօսուի շուրջ 5000-ի մասին) Կոռնիձորի մէջ հաւաքուեցան եւ քայլարշաւով մօտեցան Հայաստանը Արցախին կապող կամուրջին վրայ տեղակայուած ազրպէյճանական անցարգելին: Միւս կողմէն, իրենց ընդառաջ եկան Ստեփանակերտէն եկող ցուցարարներ: Կոռնիձորի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք, որուն գլխաւոր պատգամը հանդիսացաւ Արցախն ու Հայաստանը կործանումէ փրկելու նպատակով համախմբուելու ու վերանորոգ թափով պայքարը շարունակելու հրամայականը: 

  • Համախմբել կամ հրաժարիլ
    Համախմբել կամ հրաժարիլ

    Յօդուածը կը գրեմ, հարկադրաբար, կիրակի, 14 մայիսի եռակողմ հանդիպումէն առաջ: Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի եւ Շարլ Միշելի հանդիպումը, կոչուած է ըլլալու նախորդ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (արտաքին գործոց նախարար) Պլինքընի հովանաւորութեամբ կայացած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու չորսօրեայ բանակցութիւններու շարունակութիւնը: Արդարեւ, Եւրոպական միութեան դիւանագիտական շրջանակները կ՛ըսեն, որ եթէ չորսօրեայ բանակցութիւններու ընթացքին յառաջընթացի արձանագրութիւն չըլլար, անկարելի պիտի ըլլար առաջին դէմքերու հանդիպում կազմակերպել:

  • Ի՞նչ տուին քառօրեայ բանակցութիւնները
    Ի՞նչ տուին քառօրեայ բանակցութիւնները

    Ապրիլ ամսուան վերջերուն Մոսկուայէն յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ընդունած են հանդիպիլ Մոսկուայի մէջ: Այդ հանդիպումը տեղի չունեցաւ սակայն: Մոսկուայի փոխարէն երկու նախարարները բանակցութիւններ վարեցին Ուաշինկթընի մէջ, մայիս 1-էն սկսեալ յաջորդական չորս օրերու տեւողութեամբ: Բանակցութիւններու բացումին ու փակումին մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը: Չորս օր տեւողութեամբ քննարկումները շօշափելի արդիւնք ապահոված պէտք է ըլլան. բանակցութիւններուն աւարտին կատարուած յայտարարութիւնները ոչինչ կը փոխանցեն: 

  • Աշխատանքը աղբիւրն է յառաջդիմութեան
    Աշխատանքը աղբիւրն է յառաջդիմութեան

    Գոյութենական տագնապի արտակարգ պայմաններուն մէջ կը դիմաւորենք Մայիս 1-ի Աշխատաւորական տօնը: Աշխատանքը, իր բոլոր տեսակներով ու դրսեւորումներով, աղբիւրն է մարդկային ընկերութեան կեցութեան եւ բարգաւաճումին: Աշխատանքի շնորհիւ է, որ կը ստեղծուի ամենայն բարիք` ֆիզիքական պահպանումի համար սնունդ, մտքի ու հոգիի բաւարարման համար մշակոյթ եւ գիտութիւն, հաղորդակցութեան ու հանգիստի համար արհեստագիտութիւն, մեքենաներ ու գործիքներ: Ամփոփելով` առանց աշխատանքի չկայ, պարզապէս չկայ կեանք:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։