Հա

Քաղաքական

24/03/2023 - 13:10

Զարմանալի՞ է…

Պզտի՜կ, երկրորդական երեւցող լուր մը՝ Երեւանէն:

Քանի մը օր առաջ, Արագածոտն մարզի Աշտարակ քաղաքին մօտակայ Փարպի(*) գիւղին բնակիչները ափ ի բերան մնացեր են, երբ առտու մը իմացեր են, որ գիւղի «ամբուլատորիա»-ի (հասկցէ՛ք, սա բուժարան կը նշանակէ) տնօրէնուհին պաշտօնէ արձակուած է եւ փոխարինուած… մանկապարտէզի ուսուցչուհիով մը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Պզտի՜կ, երկրորդական երեւցող լուր մը՝ Երեւանէն:

Քանի մը օր առաջ, Արագածոտն մարզի Աշտարակ քաղաքին մօտակայ Փարպի(*) գիւղին բնակիչները ափ ի բերան մնացեր են, երբ առտու մը իմացեր են, որ գիւղի «ամբուլատորիա»-ի (հասկցէ՛ք, սա բուժարան կը նշանակէ) տնօրէնուհին պաշտօնէ արձակուած է եւ փոխարինուած… մանկապարտէզի ուսուցչուհիով մը:

Որոշումը տուող իշխանութիւնները բացատրեր են, որ պաշտօնազրկուած տնօրէնուհին օրէնք խախտած է, որովհետեւ կեդրոնին մէջ պաշտօնավարութեան կողքին, նաեւ անձնական գործ կ’ընէր, բժշկութեամբ կը զբաղէր: Ի դէպ, կեդրոնէն քանի մը հոգի ալ գործէ արձակուած են: Գիւղացիները կ’ըսեն, որ գործէ արձակուած բժշկուհին 45 տարիէ ի վեր կ’աշխատէր կեդրոնին մէջ եւ շատ օգտակար գործ կ’ընէր (արդեօք արժանի չէ՞ր պատուով հանգստեան կոչուելու): Պաշտօնի վրայ մնացողներ զարմանք կը յայտնեն, թէ մանկապարտէզի ուսուցչուհի մը ինչպէ՞ս կրնայ դարմանատան մը պատասխանատու նշանակուիլ, երբ բժշկութենէ բան չի հասկնար, եւ պաշտօնի բերումով՝ պէտք է դեղագիր գրէ, բշժկական թուղթեր ստուգէ-ստորագրէ:

Ես ալ կը զարմանամ… զարմացողներուն զարմանքին համար:

Նախ, եթէ պաշտօնազրկուած ուսուցչուհին բարձրագոյն դատարանի անդամ նշանակուած ՔՊ-ական մը ըլլար, վստահաբար այս ճակատագիրին պիտի չ’արժանանար, այլ եղածը «թեքնիք պատահար» պիտի սեպուէր: Փոխարինողը ահաւասիկ նոր փաստ մը կը բերէ, թէ «թաւշեայ» Հայաստանի մէջ ԽԾԲ-ական տրամաբանութիւնը, փտածութիւնը որքա՜ն արմատախիլ եղած են:

Յետոյ, ինչո՞ւ զարմանալ, որ մասնագիտական գործի մը համար պաշտօնի կը կոչուի բժշկութենէ բան չհասկցող մը: Չէ՞ որ Հայաստանի վարչապետի աթոռին նստած է մարդ մը, որ ո՛չ քաղաքականութնէ կը հասկնայ, ո՛չ՝ դիւանագիտութենէ, ո՛չ ալ ռազմական հարցերէ ու տնտեսութենէ. մէկ խօսքով, երկիր մը կառավարելու որեւէ նախապայման չ’ամբողջացներ, եղած-չեղածը ձախլիկ թերթապան մը եղած է, իսկ անոր շուրջ խմբուածներէն շատեր իր նմանակներն են:

Եթէ Փարպիի «ամբուլատորիա»-ն վաղը քայքայուի, միայն այդ գիւղի բնակիչները պիտի տուժեն, մինչդեռ Հայաստա՞նը…

__________________________________________

(*) Փարպին ծննդավայրն է Ե. դարու մատենագիրներէն Ղազար Փարպեցիի, որ հաւանաբար ուրախ է, որ չ’ապրիր «թաւշապատ» Հայաստանին մէջ:

 

23 Մարտ 2023

 

Յարակից լուրեր

  • Արցախը պաշտօնապէս վաճառուեցաւ Անիէն հազար տարի ետք
    Արցախը պաշտօնապէս վաճառուեցաւ Անիէն հազար տարի ետք

    Այն պահուն, երբ Հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի տօնելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձը,

  • Պրիւքսէլէն ետք յաւելեալ քաոս
    Պրիւքսէլէն ետք յաւելեալ քաոս

    Երկուշաբթի, 15 Մայիսին, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի մէջ արեւը դիմաւորուեցաւ՝ Փաշինեան-Ալիեւ պրիւքսէլեան վերջին հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններու ողողումով:

  • Ինչպէ՛ս չիյնալ նոյն փոսը
    Ինչպէ՛ս չիյնալ նոյն փոսը

    Ազերիական ուժերը Հինգշաբթի, 11 Մայիսին, դարձեալ յարձակում գործեցին Հայաստանի վրայ, թիրախ ընտրելով նախ հայկական բանակի Սոթքի դիրքերը, իսկ աւելի ուշ՝ Նորաբացը: Առաջինը՝ Հայաստանի հիւսիս-արեւելքի սահմանին, իսկ երկրորդը՝ Երեւանի հարաւը:

  • Ո՛ չ ըսենք բազուկ ոլորողներուն
    Ո՛ չ ըսենք բազուկ ոլորողներուն

    Երեւանի լրատուութենէն՝ Երեքշաբթի, 2 Մայիսին. արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ կ’ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Պլինքընի եւ Պայրամովի գլխաւորած պատուիրակութեանց հետ, խաղաղութեան համաձայնագիր մը բանաձեւելու համար: Ամերիկեան աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ «դրական արդիւնքներ սպասելի են», բանակցութիւնները կրնան շարունակուիլ քանի մը օր…: Կ’ըսուի նաեւ, որ Միրզոյեան եւ Պայրամով մօտերս կրնան հանդիպում ունենալ Մոսկուայի մէջ եւս:

  • Պէ՞տք է, պէտք չէ՞…
    Պէ՞տք է, պէտք չէ՞…

    Մասնաւո՛րաբար 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան շահեցաւ «դաւաճան» տիտղոսը: Այս որակումը յաւելեալ ազդակ մը եղաւ, որ հայութեան մէջ արդէն իսկ ստեղծուած երկփեղկումը մտրակահարուի եւ նոր վիհեր «նուաճէ»:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։