MENU
Դէմ յանդիման կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին:
Արժանթինի, Ուրուկուայի եւ Պրազիլի մէջ գործող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցին համար կենդանի է յիշողութեան, ճշմարտութեան եւ արդարահատոյցի քաղաքական յանձնառութիւնը, որուն հետեւումով տարածաշրջանին մէջ անձնաւորութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, պետութիւններ օրէնսդիր, գործադիր եւ արդարդատական իշխանութիւններու մակարդակով ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 24-րդ Գերագոյն ժողովը, քննելով Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններում ստեղծւած քաղաքական եւ անվտանգային իրավիճակը, գնահատելով հանրային կեանքում տիրող տրամադրութիւններն ու բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, յետպատերազմական իրավիճակով պայմանաւորւած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, արձանագրում է.
Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ վարուող արտաքին ձախող քաղաքականութեան։ Արձանագրուած է այն փաստը, որ այս քաղաքականութիւնը յանգեցուց պատերազմի՝ հողերու կորուստի, ինչպէս նաեւ մարդկային ու նիւթական անչափելի կորուստներու։
Ապրիլ 13-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որ կ՚առնչուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնոյի գանատական ռազմական սարքերու թուրքիոյ վաճառման արտօնագրերը կասեցնելու որոշման:
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահները ԼՂ հակամարտութեան կողմերին կոչ են արել իրենց հովանու ներքոյ որքան հնարաւոր է շուտ վերսկսել բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, ասւում է միջնորդների համատեղ յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխող վարչակարգը, որ հեղինակը հանդիսացաւ արցախեան վերջին պատերազմին ամօթալի պարտութեան, վերջերս Հայ ժողովուրդին կը ներկայանայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններու բնականոնացման, ինչպէս նաեւ այդ պետութիւններուն հետ սահմաններու բացման կոչերով, անտեսելով Հայաստանի ժողովուրդին ու պետականութեան, ինչպէս, նաեւ Արցախի հայ ժողովուրդին սպառնացող գոյութենական վտանգը՝ ուրանալով Արցախի հանրապետութիւնը եւ սասանելով Հայկական պետականութեան հիմքերը:
2021-ի Ապրիլ ամիսը թեւակոխած ենք արդէն ու համայն հայութեան հետ միատեղ կը պատրաստուինք նշելու՝ հայ ազգին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը։ Մեր ազգի հաւաքական-պատմական յիշողութեան, բայց նաեւ վերածնունդի ու պահանջատիրութեան կարեւոր թուականը։
Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկին կառչած հողատու իշխանութիւնները՝ իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչները, վերջերս հանդէս կ՛ուգան «տարածաշրջանային համագործակցութիւն» թուրքիոյ հետ «չթշնամանք»-ի եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նսեմացնլու յայտարարութիւններով, մինչեւ իսկ կասկածի տակ առնելով հայրենիքի պատմական տարածքներու պատկանելութեան իրողութիւնը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ հայ ժողովուրդի պատմական անսակարկելի իրաւունքներուն, պատմական յիշողութեան անձեռնմխելիութեան ու պահանջատիրութեան իրաւացիութեան հանդէպ բոլոր նկրտումները` անկախ հեղինակներէն ու անոնց ազգային ու քաղաքական պատկանելիութենէն: Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի նախօրեակին, Հայաստանի իշխող վարչակարգին կը զգուշացնենք` զերծ մնալ արցախեան նուաստացուցիչ պարտութիւնը խաղաղասիրական եւ արուեստական բնագիրով առաջնորդուող, սակայն միայն թրքական շահերը սպասարկող քաղաքական արարքներով ամբողջացնելէ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի նախօրէին ՀՀ վարչապետի աթոռն զբաղեցնող անձը՝ Նիկոլ Փաշինեանը եւ իշխանական շրջանակները հանդէս են գալիս հայ-թուրքական եւ հայ-ադրբեջանական յարաբերութիւնների կարգաւորման, Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի թշնամական պետութիւնների հետ «ոչ թշնամական» յարաբերութիւնների ձեւաւորման յայտարարութիւններով, եւ «խաղաղասիրութեան» ուղղակի կամ սքողւած ազգադաւ քարոզով, որոնք հեռաւոր աղերս անգամ չունեն հայ ժողովրդի ազգային շահերի, իղձերի, նկարագրի եւ արժեհամակարգի հետ: