Հա

Քաղաքական

29/11/2022 - 13:40

Ակնարկ. Քաղաքական գնահատականի բացակայումը եւ Պրիւքսելի հանդիպման չեղարկումը

ՀԱՊԿ-ի հռչակագիրի Երեւանի կողմէ չստորագրուիլը բնականաբար դուռ բացած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու` առանց վրիպելու միջազգային լրատուամիջոցներու եւ մեկնաբաններու ուշադրութենէն:

ՀԱՊԿ-ի հռչակագիրի Երեւանի կողմէ չստորագրուիլը բնականաբար դուռ բացած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու` առանց վրիպելու միջազգային լրատուամիջոցներու եւ մեկնաբաններու ուշադրութենէն:

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը որոշ փակագիծեր կը բանար այս առումով, երբ կը յայտնէր, որ ՀԱՊԿ-ը Հայաստանին օգնելու համալիր միջոցառումներ առաջարկած է. առաջարկները կը ներառեն աջակցութեան տարբեր միջոցներ` քաղաքական-դիւանագիտական, ռազմական, որոնց կարգին` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին առաքելութեան ուղարկում` իրատեսօրէն գնահատելու համար իրավիճակը:

Այստեղ կ՛ընկալուի այնպէս, որ տակաւին սահմանագիծի երկայնքին տիրող իրավիճակի իրատեսական եւ ճշգրիտ գնահատականը չէ կատարուած: Ըստ էութեան սակայն, հիմնական հանգոյցը` սահմանին վերաբերող քաղաքական գնահատական չտալու, այլ շարժառիթներ ունի:

Հաստատելէ ետք, որ իրավիճակը սովորական չէ, այն առումով, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին գրեթէ ամէն օր փոխադարձ հրաձգութիւններ տեղի կ՛ունենան, ՀԱՊԿ-ի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ միակ անհամաձայնութիւնը կը վերաբերէր սահմանին գնահատական տալուն:

ՀԱՊԿ-ի ժողովէն ետք եւ այս յայտարարութիւններէն առաջ, Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարեց, որ Փարիզը չի կրնար միջնորդական առաքելութեան մաս կազմել, որովհետեւ դիրքորոշուած է հայկական կողմին ի նպաստ: Թէ՛ նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնները, թէ՛ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին ըսածները եւ թէ՛ Ծերակոյտի բանաձեւը բաւական առաջ էին. Պրիւքսելի հանդիպումն ալ` նախապէս ճշդուած: ՀԱՊԿ-ի ժողովէն ետք է միայն, որ վեթոյի համապատասխան յայտարարութիւն կը կատարէ Ալիեւը Ֆրանսայի ուղղութեամբ:

ՀԱՊԿ-ը, որ իրողապէս կը ղեկավարուի Մոսկուայի կողմէ, քաղաքական գնահատական եթէ տար, խնդրոյ առարկայ կրնար դառնալ նաեւ Մոսկուայի միջնորդութիւնը: Այստեղ լուռ համաձայնութիւնը աշխարհաքաղաքական օրակարգի կը վերաբերի եւ ոչ թէ սոսկ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին:

Աւելի՛ն. ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ճակատագրին մասին անորոշ ձեւակերպումներ կը յայտարարուին: Ազրպէյճանի համար մեռեալ տարր է այդ ձեւաչափը, Մոսկուան նախապէս զուսպ, այնուհետեւ գրեթէ նոյնացուց իր դիրքորոշումը, իսկ Ուաշինկթընը խառն պատգամ փոխանցեց` ձեւաչափը չի գործարկուիր, սակայն կը պահէ իր լիազօրութիւնները:

Պրիւքսելի քառակողմի երեւոյթը ենթադրել կու տար Պրիւքսելի առընթեր Փարիզին առաքելութիւն ստանձնելը: Հիմա Փարիզի դուրս մղումն է, որ տեղի կ՛ունենայ:

Միացել Նահանգները մինչեւ ուաշինկթընեան եռակողմը ի՛նք եւս հասցէականութեամբ կը յատկանշէր իր յայտարարութիւնները` պահանջելով ազրպէյճանական զօրքերու վերադարձը ելման կէտեր:

Ուաշինկթընի եռակողմին առիթով հրապարակուած յայտարարութիւնները այդ պահանջը չէին ներառած: Ուաշինկթընը հաւասար հեռաւորութեան խաղի կանոնի պահպանումով հեռանկար ունէր իբրեւ միջնորդ վերադառնալու:

Եւրոպական դէտեր մշտադիտարկման, ապա փաստահաւաքի, ապա կարիքներու ուսմնասիրութեան առաքելութիւններով փութացին սահմանի հայաստանեան հատուած: Ազրպէյճանը բողոքեց: Հիմա ՀԱՊԿ-ի ներկայացուցիչը կը խօսի սահմանի երկկողմանի գօտիներուն վրայ առաքելութիւն ուղարկելու մասին. փաստահաւաք առաքելութիւն` իրատեսական գնահատականի թղթածրարը պատրաստելու համար:

Միացեալ Նահանգներու մասով նկատենք, որ Ազրպէյճանի նախագահը վերջերս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան բանակցութիւններու գծով խորհրդական, դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըրը: Հետաքրքրական է, որ պաշտօնական լրահոսին մէջ չի նշուիր Ռիքըրի երկրորդ հանգամանքը` Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախագահը: Հաղորդագրութեան մէջ ձեւակերպուած այն բաժինը, թէ` բարձր գնահատուած է այն փաստը, որ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը մշտական ուշադրութեան ներքոյ կը պահէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը, կը կապուի միջնորդի դերի վերստանձնման հեռանկարին:

Խնդիրը էապէս աշխարհաքաղաքական է: Սահմանային գօտիին գնահատական տալ-չտալը պէտք է դիտարկել Հարաւային Կովկասի մէջ միջնորդական հակամարտութեան տեսքով, բայց ըստ էութեան ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարով յատկանշուող իրադարձութիւններու տրամաբանութեամբ:

 

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։