Հա

Քաղաքական

23/12/2022 - 12:00

Խմբագրական. Արցախի հարցի վերամիջազգայնացման շարժառիթները

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը, յատկացուած` Բերձորի անցքի փակումին, առիթ էր առնչուած պետութիւններու դիրքորոշումները հրապարակելու: Այս փուլին կ՛ակնկալուի կոչ` միջանցքը բանալու, մարդոց տեղաշարժը ազատականացնելու եւ բնականաբար կողմերը խաղաղութեան շուրջ բանակցելու հրաւիրող ենթահող ստեղծելու:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը, յատկացուած` Բերձորի անցքի փակումին, առիթ էր առնչուած պետութիւններու դիրքորոշումները հրապարակելու: Այս փուլին կ՛ակնկալուի կոչ` միջանցքը բանալու, մարդոց տեղաշարժը ազատականացնելու եւ բնականաբար կողմերը խաղաղութեան շուրջ բանակցելու հրաւիրող ենթահող ստեղծելու:

Լուսարձակները պէտք է կեդրոնացնել առնչուած պետութիւններու, խաղաղապահ, դիտորդական, փաստահաւաք թէ կարիքներու ուսումնասիրութեան առաքելութիւններու ուղարկման ետին կանգնած պետութիւններու ելոյթներուն վրայ յատկապէս, քաղաքականօրէն ընկալելու համար տարածաշրջանին մէջ տարուող ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարին ծալքերը: Քաղաքական տրամաբանութիւնը առկայ է: Եթէ բնապահպանութիւնը պատրուակ էր միջանցք փակելու, ապա միջանցքի փակումը առիթ էր Արցախի շրջափակումի քննարկումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ տեղափոխելու: Արցախի խնդիրին շատ արագ վերամիջազգայնացումը հարուած է նաեւ «Արցախի հարցը անցեալ է» թուրքեւազրպէյճանական առաջադրանքին:

Վերամիջազգայնացման այս գործընթացին մէջ կան երանգային տարբերութիւններ առնչուած պետութիւններու դիրքորոշումներուն առումով:

Այսպէս:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի յայտարարութեան մէջ ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ընէին Ազրպէյճանի կառավարութեան եւ այլ կողմերուն, որոնք պատասխանատու են միջանցքի անվտանգութեան համար, կարելի եղածին չափ արագ ապաշրջափակելու Լեռնային Ղարաբաղը: Ազրպէյճանին վերաբերող ուղղակի հասցէականութենէն կար այստեղ անուղղակի թիրախ «այլ կողմերը»: Եւ խնդիրը ըստ էութեան «այլ կողմերուն» կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու համար: «Այլ կողմեր»-ու մօտեցումը կը շարունակուի, որովհետեւ պահանջ կայ նաեւ անմիջապէս դադրեցնելու այն գործողութիւնները, որոնք կը խաթարեն խաղաղութեան հոլովոյթը: Կարեւոր է, որ Ուաշինկթըն չ՛օգտագործեր երկու կողմերուն բառակապակցութիւնը, ինչ որ համահաւասարութեան կանոնի եզր է:

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի խօսքին մէջ ակնարկ չկար եռակողմ յայտարարութեան. մինչ ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը կոչ կ՛ընէր Ազրպէյճանին յանձնառու մնալու եռակողմ յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութեան` երաշխաւորելու քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու, բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը:

Անընդունելի նկատելէ ետք տեղաշարժի արգելակումը եւ անոր պատճառով ստեղծուելիք ծանրագոյն իրավիճակները, Ֆրանսան երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` ստեղծելու միջավայր, որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնելու եւ յառաջընթացի համար:

Շատ պարզ է այստեղ ուղերձը: Կը խօսուի նոր բանակցային միջավայր կամ ձեւաչափ ստեղծելու մասին: Աւելի՛ն. ակնարկ կայ Արցախի շրջափակումէն անդին սահմանազատման գործընթացին ո՛չ միայն Փարիզի, այլ նաեւ Պրիւքսելի ներգրաւման հրամայականին մասին. քառակողմ ձեւաչափի վերականգնման առաջադրանքն է, որ կ՛արծարծէ այս ձեւով պաշտօնական Փարիզը: Յայտնապէս Ուաշինկթընի պատուէրով Փարիզը կ՛առաջնորդուի առաջնագիծ այս բոլորին մէջ: Ֆրանսան է, որ ներկայացուցած է այս հարցի քննարկումը ամփոփող յայտարարութեան նախագիծը:

Բովանդակային եւ շեշտադրումներու առումով բաւական տարբեր է Ռուսիոյ դիրքորոշումը: ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը յայտնած է, որ իր երկիրը կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը կապող Լաչինի միջանցքով փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան վերականգնումը տեղի պիտի ունենայ մօտ ատենէն: Ռուսիոյ ներկայացուցիչին խօսքէն այնպէս կը հասկցուի, որ Մոսկուան է, որ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իբրեւ հսկող, կ՛աշխատի միջանցքի բացման ուղղութեամբ: Բանակցութիւններ կը տանի կողմերուն հետ եւ կ՛ազդարարէ միջանցքի վերաբացումը շուտով: Չկայ հասցէականութիւն, չկայ մեղադրանք կամ դատապարտանք եւ չկայ նաեւ փակումի ծանր հետեւանքներուն մասին նշումներ: Այստեղ քաղաքական նոյն տրամաբանութիւնն ու մօտեցումը կ՛իշխեն: Մոսկուան պարզապէս լաւ ըմբռնած է, որ միջնորդական հակամարտութեան շրջածիրին մէջ պէտք է պահէ գերմիջնորդի բացառիկ իրաւունքը եւ ըստ էութեան պարզ դարձնէ, որ միջանցքը վերաբանալու գործնական աշխատանքները ի՛նքն է, որ կը տանի: Իսկ միջնորդի կարգավիճակի պահպանման համար հաւասար հեռաւորութիւն պահելու կանոնները պէտք է յարգուին: Ուղերձը նաեւ այն է, որ շնորհիւ Մոսկուայի ղեկավարած բանակցութիւններուն կազամատակարարումը վերականգնուած է. նոյն հետեւողութեամբ կայացած է միջանցքի մասնակի ապաշրջափակումը. եւ հիմա կ՛ակնկալուի միջանցքի բացումը: Մոսկուայի ղեկավարած այս բանակցութիւններուն կը կապուի նաեւ Ազրպէյճանի «բնապահպաններու» այցելութեան արտօնութիւնը խնդրոյ առարկայ հանքավայրեր:

Մոսկուայի ուղերձը պարզ է: Գետնի վրայ իրավիճակի փուլային հանգուցալուծումը կը կատարուի Ռուսիոյ ջանքերով:

Ուշագրաւ բաժին կայ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչի խօսքին մէջ: Հայաստանը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ քայլերու ձեռնարկելու, Ազրպէյճանէն պահանջելու վերցնել Լաչինի միջանցքի փակումը, ինչպէս նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն տեղակայել Լաչինի միջանցքին մէջ: Հայաստանի ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ խաղաղապահ առաքելութեան ջանքերը չեն արդիւնաւորուած. ուստի հրամայական է, որ ՄԱԿ-ը ներգրաւուի փաստահաւաք առաքելութեամբ: Կը պահանջուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն գործադրել տալ նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան պայմանաւորուածութիւնները:

Այստեղ խառն բաժին կայ. ակնկալել ՄԱԿ-էն, որ պարտադրէ Ազրպէյճանին եռակողմ համաձայնութիւնները իրականացնել, կ՛ենթադրէ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ապահովել միջազգային ճանաչում: Հաստատել ռուսական միջնորդութեան օրինականութիւնը եւ հետեւաբար նաեւ համաձայնիլ տարածաշրջանի ապաշրջափակման համար բացուելիք նոր ուղիներուն վրայ ռուսական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան: Միաժամանակ նաեւ սակայն ՄԱԿ-էն պահանջել ներգրաւուիլ ապաշրջափակման գործընթացին` փաստահաւաք առաքելութիւն իրականացնելով:

Բխելիք յայտարարութիւնը այժմ կոչի սահմաններուն մէջ է: Այս ձեւով սակայն կը սկսի նոր ընթացակարգ մը` հետզհետէ ճնշելու Ազրպէյճանի վրայ. ոչ անպայման մարդասիրական նպատակներով, այլ` տարածաշրջանին մէջ ռուսական ազդեցութեան գօտիներու հակակշռման մղումներով:

 

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։