Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար, նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու փետրուար 2004 թուականին, երբ Թուրքիոյ օրին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ խորհրդականն էր, ստեղծեց «Զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքական ուղեգիծը, որ դարձաւ թրքական պետութեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքը, սակայն ի վերջոյ ձախողեցաւ: Փոխան զերօ խնդիրներու` Անգարան իր բոլոր դրացիներուն հետ ստեղծեց խնդիրներ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար, նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու փետրուար 2004 թուականին, երբ Թուրքիոյ օրին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ խորհրդականն էր, ստեղծեց «Զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքական ուղեգիծը, որ դարձաւ թրքական պետութեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքը, սակայն ի վերջոյ ձախողեցաւ: Փոխան զերօ խնդիրներու` Անգարան իր բոլոր դրացիներուն հետ ստեղծեց խնդիրներ:
Այսօր` 14 մայիս 2023-ին նախատեսուած նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, կը թուի, թէ Թուրքիան կը փորձէ վերականգնել ու գործադրել այդ ուղեգիծը: Արդարեւ, մենք անցնող շրջանին տեսանք Թուրքիոյ` Իսրայէլի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում, վերականգնում կամ առնուազն բնականոնացման ու վերականգնման փորձեր, որոնց նորագոյն արարը Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու վերականգնման փորձն է:
Այս վերջինին պարագային, սակայն, կարելի չէ խօսիլ յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին, որովհետեւ վստահութեան չգոյութիւնը թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու գլխաւոր բնութագիրն է: Թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին կարելի չէ խօսիլ, այլ` անոնց կարգաւորման մասին միայն, որովհետեւ սուրիացիներուն «բերանը մէկ անգամ այրած է», եւ հասկնալիօրէն անոնց մօտ վերապահութիւն ու Թուրքիոյ նկատմամբ անվստահութիւն գոյութիւն ունի:
2009-ին երկու երկիրները 50 համաձայնագիրներ կնքեցին ու Թուրքիա-Սուրիա բարձրագոյն մակարդակի Ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդ ստեղծեցին: Հազիւ երկու տարի ետք Անգարան կռնակէն հարուածեց Դամասկոսն ու արդէն աւելի քան 10 տարիէ ի վեր կը զօրակցի սուրիական վարչակազմի տապալման միջազգային ծրագիրին ու աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ատոր գործադրման գործիք եղող ահաբեկչական խմբաւորումներուն: Սուրիացիները կրնա՞ն մոռնալ Էրտողանի օրին կատարած նորօսմանական յայտարարութիւնը, թէ կը փափաքի վարչակազմի տապալումէն ետք Դամասկոսի Օմայատներու մզկիթին մէջ նամազ ընել:
Էրտողան սուրիական թղթածրարին մէջ յաջողութիւնը իր ընտրական անելէն դուրս գալու ելք մը կը նկատէ: Ան կը փորձէ վերջ տալ սուրիացի գաղթականներու հարցին` նկատի ունենալով թուրք քուէարկողներու մօտ այդ գաղթականներուն նկատմամբ ժխտական տրամադրութիւնն ու դժգոհութիւնը:
Մօտիկ անցեալին երկու երկիրներուն գաղտնի սպասարկութիւններու ղեկավարներ Հաքան Ֆիտանի եւ Ալի Մեմլուքի միջեւ հանդիպումներ տեղի ունեցած են: Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարները 28 դեկտեմբեր 2022-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի միջնորդութեամբ ունեցան հանդիպում մը, որ նկատեցին «դրական ու շինիչ»: Անգարա այժմ կ՛ուզէ նախագահներու կամ առնուազն արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում մը ունենալ, այլ խօսքով` ապահովականէն դէպի քաղաքական մակարդակ անցում կատարել: Սուրիական կողմը, սակայն, թրքական կողմին համար ճշդած է նախապայման մը` վերջ տալ թրքական բռնագրաւումին ու ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութեան:
Էրտողան այժմ կանգնած է, յաչս սուրիական կողմին, իր հաւաստիութիւնը գործնական գետնի վրայ փաստելու մարտահրաւէրին առջեւ, իսկ թրքական աջակցութիւն վայելող ահաբեկչական խմբաւորումները կ՛անդրադառնան թուրք-սուրիական համաձայնութեան իրենց համար ներկայացուցած գոյութենական վտանգին, ուստի զայն կանխարգիլելու համար կը դիմեն զինուորական մագլցումի:
Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը փարատէ քրտական խմբաւորումներուն նկատմամբ թրքական չափազանցուած մտավախութիւնները եւ նոյն ատեն Անգարայի ծաւալապաշտական ախորժակները կը զսպէ: Արդէն Ասթանայի ձեւաչափը, որուն մաս կը կազմեն Թուրքիան, Ռուսիան եւ Իրանը` ներկայ կարգաւորման հոլովոյթի մասնակիցները, Մոսկուայի եւ Թեհրանի կողմէ այդ նպատակի համար ստեղծուած էր եւ որոշ չափով յաջողած: Ռուսիոյ եւ Իրանի ներկայ միջնորդութեան փորձը այդ հոլովոյթին յաջորդող տրամաբանական քայլն է:
Ներկայ հոլովոյթին իսկական ու գլխաւոր միջնորդը Ռուսիան է, սակայն Իրան կը փորձէ մաս կազմել թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին` իմանալու համար, թէ ատիկա ինչպիսի՛ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Սուրիոյ ապագային մէջ իր դերակատարութեան վրայ, նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ իր տրամադրած օժանդակութիւնը շրջանցած է 20 միլիառ տոլարը, եւ Թեհրան աշխատանք կը տանի բոլոր ոլորտներու մէջ, մասնաւորաբար` ուժանիւթի ոլորտին մէջ, գործակցութեան: Թրքական կողմն ալ կ՛ողջունէ Իրանի մասնակցութիւնը, որովհետեւ Դամասկոսի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ամէն օժանդակութեան կարիքը ունի` նկատի ունենալով սուրիական կողմի վերապահութիւնը:
Միւս կողմէ` այդ յարաբերութիւններու վերականգնման դէմ եղող Միացեալ Նահանգները այդ փորձը ձախողցնելու նպատակով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի 18 յունուար 2023-ին Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին թրքական կողմին առաջարկեցին Սուրիոյ հարցով միասնաբար աշխատիլ, սակայն թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Մեր վստահութիւնը արատաւորուած է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ չյարգեցին իրենց նախապէս տուած խոստումները»:
Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան դէպի Սուրիա իրենց մէկ կարեւոր դարպասը կը նկատեն, ուստի եւ դիւրութեամբ պիտի չարտօնեն անոր դերակատարութեան ի վնաս իրենց շահերուն փոփոխութիւնը:
Էրտողան այժմ ժամանակի դէմ կը մրցի` նկատի ունենալով նախագահական ընտրութեան ժամկէտը: Սուրիական կողմը, սակայն, չ՛աճապարեր, եւ անոր շահերէն կը բխի թրքական կողմէն իր պահանջած յանձնառութիւններուն ամրագրումն ու երաշխաւորումը ապահովելը` անցեալի փորձառութեան հիման վրայ զգուշանալով Թուրքիոյ նախագահ ընտրուելէն ետք Էրտողանի խոստումնադրժութենէն:
«Ազդակ»