Հա

Քաղաքական

11/03/2023 - 14:30

Ակնարկ. Չինական առանցքը աշխարհակարգային տարողութեամբ

Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերահաստատելու որոշումը նոր գործընթացներու միտումներ կը նախանշէ: Նախ անմիջապէս պէտք է անդրադառնալ, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է Փեքինի մէջ, ինչ որ Չինաստանի միջնորդութեան մասին կը խօսի: Ոչ միայն միջնորդութիւն, այլ նաեւ քաջալերանք կ՛ենթադրէ ստորագրութեան վայրը:

Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերահաստատելու որոշումը նոր գործընթացներու միտումներ կը նախանշէ: Նախ անմիջապէս պէտք է անդրադառնալ, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է Փեքինի մէջ, ինչ որ Չինաստանի միջնորդութեան մասին կը խօսի: Ոչ միայն միջնորդութիւն, այլ նաեւ քաջալերանք կ՛ենթադրէ ստորագրութեան վայրը:

Չինաստանը նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացին մէջ առ այս պահը տնտեսական բեւեռի կարգավճակ ունի: Տակաւին ռազմաքաղաքական առումով բեւեռայնացումի քայլեր չեն երեւիր մոլորակի տարբեր աշխարհագրական միջավայրերուն մէջ: Թայուանի հանգոյցը եւ անկէ ետք Միացեալ Նահանգներու երկինքին վրայ երեւցած չինական արբանեակները այդ հարթութեան անցումի նախադրեալներ կրնան սեպուիլ:

Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման բախումներուն մէջ յստակ կ՛երեւի սակայն ամերիկեան անհանգստութիւնը նոր ռազմավարական առանցքի կազմութեան նախադրեալներուն ի տես: Այդ առանցքը Չինաստանէն սկսեալ անցնելով Հնդկաստան, կ՛անցնի Ռուսիայէն եւ կը հասնի Իրան: Այս առանցքը կ՛ունենայ ճիւղաւորումներ տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ եւ կրնայ ներգրաւել ամերիկեան քաղաքականութեան հակադրուած պետութիւններ:

Նոր բեւեռը ուրեմն հիմա կը միջնորդէ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ: Երանգներ կան այստեղ, եւ քաղաքականօրէն անշուշտ ճիշդ չ՛ըլլար իւրաքանչիւրը միագոյն ընկալելու մօտեցումը: Իրանը կ՛ապաշրջափակուի դանդաղօրէն, Ռուսիոյ արագ մեկուսացման աշխարհաքաղաքականութեան դիմաց: Մինչ Ռիատը դանդաղ քայլեր կ՛առնէ Ուաշինկթընէն հեռանալու վարքագիծ որդեգրելով:

Երկուքին պարագային նշուած գործընթացները դանդաղ են: Այդ գործընթացներու վերահսկողութեան ղեկը ստանձնելու գործողութիւն է, որ Չինաստանը կ՛իրականացնէ այս ձեւով:

Հիմա` քիչ մը հայկական ոսպնեակով փորձենք հեռուէն դիտարկել իրադարձութիւնը: Իրանը յատկապէս «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի կառուցման ամէնէն վճռական խոչընդոտողն է: Կը դիմագրաւէ սակայն իր սահմանամերձ շրջաններուն մէջ օտար ուժերու տեղակայման վտանգը: Իսրայէլի զինումը Ազրպէյճանին եւ իսրայէլեան սպառազինութեան տեղակայումը իրանամերձ տարածքներու վրայ անվտանգային օրակարգի վերածուած է հրատապօրէն: Հայաստանը ոչ միայն իրանամերձ իր աշխարհագրութեամբ, այլ նաեւ տնտեսական առումով կարեւորագոյն պատուհան է ապաշրջափակուող Իրանին համար: Ահա այստեղ է, որ այժմէական նշանակութիւն կ՛ունենայ Պարսից ծոց-Սեւ ծով ցամաքային տարանցիկութիւնը` Իրան- Հայաստան-Վրաստան-Սեւ Ծով-Եւրոպա կենսաճանապարհով: Ծոցը ոչ հեռու կտրուածքով կրնայ տնտեսական հարթակ դառնալ նաեւ Ռիատ-Թեհրան համագործակցութեան դէպի նոյն ճանապարհով ծաւալային արտահանումներու:

Ռիատը մինչ այժմ չունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ Հայաստանի հետ: Այս հարցը սակայն ապրած է դանդաղ հոլովոյթ. Անգարայի հետ Ռիատի յարաբերութիւններու վատթարացման առընթեր սաստկացան Հայոց ցեղասպանութեան մասին համաարաբական բարձրաձայնումները, ղեկավարուած Ռիատէն: Սէուտական Արաբիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարները սկսան շնորհաւորել զիրար` երկիրներու ազգային տօներուն առիթով: Աննախադէպ քայլով Սէուտական Արաբիոյ Լիբանանի մէջ դեսպանը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն եւ այնտեղ գտնուող Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած մատուռ` այնուհետեւ իր այցելութիւնները կրկնելով:

Չի բացառուիր, որ Իրան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւներու բնականոնացումը որոշակի ազդեցութիւն ունենայ Ռիատ-Երեւան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վրայ: Ծոց-Սեւ ծովը բնականաբար պիտի աշխատի երկու ուղղութեամբ:

 

«Ազդակ»

Յարակից լուրեր

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։