MENU
Սիրելի զաւակներ Մեր, Աստծոյ օգնականութիւնը խնդրելով՝ ամուր մնանք առ Փրկիչ մեր Տէրը հաւատքի մէջ եւ աներկմիտ սրտով պահպանենք մեզանում Սուրբ Ծննդեան յուսաբեր տօնի հոգեւոր ապրումը։ Զօրանանք հայրենիքի սիրով եւ ամէն կարելի հնարաւորութեամբ սատարենք Արցախում եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններում դժւարութիւններ կրող մեր քոյրերին ու եղբայրներին։
Արդ, իր աստուածատուր կոչումին նկատմամբ անհնազանդ ու անհաւատարիմ գտնուած մարդը հեռացած էր Աստուծմէ, եղծած էր իր աստուածային պատկերը, այլ խօսքով՝ այն արժէքներն ու արժանիքները, երկնային շնորհքներն ու պարգեւները, որոնք տիեզերքի արարածներուն դէմ մարդուն կու տան իւրայատուկ ինքնութիւն ու նուիրական կոչում։ Արդարեւ, Աստուծմէ հեռու կեանքը կը կորսնցնէ իր գոյութեան իմաստը ու նպատակը։ Աստուծմէ հեռու մարդը կը դառնայ կենդանի մեռեալ, կʼըսէ Պօղոս Առաքեալը (Եփ 2.5)։ Աստուծոյ Որդին մարդեղացաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը մահէն կեանքի անցնի (Յհ 3.16, 5.24), կը հաստատէ Յովհաննէս Աւետարանիչ։