MENU
13 դեկտեմբերին Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու հիմնեց Ապագայ կուսակցութիւնը: Տաւութօղլու նշանաւոր էր իր «Զերօ հարց արտաքին քաղաքականութեան մէջ» կարգախօսով, որուն հիմնական նպատակն էր «բարեկամական» լաւ յարաբերութիւններ մշակել դրացի երկիրներուն հետ:
Սոյն յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ երկու հիմնական կէտերու, որոնք կը վերաբերին այժմու դաշնակցական երիտասարդին եւ ուսանողին: Յօդուածը որոշ չափով արձագանգ պիտի ըլլայ նաեւ քանի մը օր առաջ Թունուզի մէջ կայացած Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) համագումարին եւ ազրպէյճանական-թրքական պատմական անհիմն պնդումներուն դէմ գիտական ռազմավարութեան մը մշակումին անհրաժեշտութեան: