MENU
Եւրոպական խորհրդարանը 20 յունուարին որդեգրեց «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւն» եւ «Ընդհանուր անվտանգային ու պաշտպանական քաղաքականութիւն» տարեկան զեկուցում-բանաձեւերը, որոնցմէ առաջինին մէջ առանձին կէտով անդրադարձ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:
Ճօ Պայտըն, 20 յունուարին կայացած երդման արարողութենէն ետք, դարձաւ Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահը: Թէեւ երդման արարողութեան ընթացքին անոր արտասանած խօսքը առաւելաբար ներքին քաղաքականութեան կը վերաբերէր, եւ այդտեղ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող միայն հակիրճ, անցողակի ու սակաւաթիւ ակնարկներ կային, բայց եւ այնպէս անոր վարչակազմին մէջ նշանակուած պաշտօնատարներու կենսագրութեան կամ Ծերակոյտի մէջ լսումներու ընթացքին անոնցմէ ոմանց արտայայտութիւններուն հիմամբ կարելի է որոշ պատկերացում մը ունենալ արտաքին քաղաքականութեան, մասնաւորաբար մեզ հետաքրքրող հարցերու` Ուաշինկթընի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նկատմամբ քաղաքականութեան եւ անոր արդիւնքին/հետեւանքին վերաբերեալ:
11 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Փաշիեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը: Ստորագրուեցաւ եռակողմ նոր յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերէր տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման` 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտի իրականացման հետագայ աշխատանքներուն:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 դեկտեմբերին «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ես եմ իրավիճակի գլխաւոր պատասխանատուն, սակայն ոչ` թիւ մէկ մեղաւորը»: Յայտարարութիւն մը, որ հերքումէ մը աւելի` խոստովանութիւն է, մեղաւորութեան հաստատում:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները աւարտեցին շրջան իրենց այցելութիւնը, որ 27 սեպտեմբերին Արցախի հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած ահաբեկչական վարձկաններու օգտագործմամբ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումէն ետք առաջինն էր, ուստի ինչպէս մեկնաբանել այդ զարգացումին վերաբերեալ որեւէ ակնարկի աչք ծակող բացակայութիւնը: Հաղորդագրութիւնը կը բաւարարուի նշելով, թէ «երկու մայրաքաղաքներուն մէջ ալ կողմերը ներկայացուցին իրավիճակի գնահատականը»` ստեղծելով այն անհեթեթ տպաւորութիւնը, թէ այդ «իրավիճակ»-ը առեղծուածային է, ուստի եւ ենթակայ մէկէ աւելի մեկնաբանութեան:
Հայկական երկու հանրապետութիւններուն սահմանին վրայ` Լաչինի անցքին մօտ օրերէ ի վեր հաւաքուած ու պատրաստ վիճակի մէջ «զերօ ժամ»-ին սպասող ռուսական ուժերը 9 նոյեմբերին Հայաստանի, Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ փաստաթուղթի կնքման յայտարարութենէն հազիւ 5 վայրկեան ետք սկսան մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ:
Պարզ է, որ 9 նոյեմբերին անձնատուական համաձայնութիւնը ստորագրելով` Նիկոլ Փաշինեան իրողապէս վերջ դրաւ իր քաղաքական կեանքին եւ իր իսկ ձեռքով իր մրոտած անունը սեւ մելանով արձանագրեց հայոց պատմութեան մէջ` Պետրոս Գետադարձի եւ Վեստ Սարգիսի նզովեալ անուններուն կողքին: Ան ընդունեց այդ ստորագրութեան առաջնորդած աղէտին համար իր պատասխանատուութիւնը, մինչեւ իսկ ինքզինք իրաւամբ ատոր թիւ մէկ պատասխանատուն նկատեց, սակայն…:
Ֆրանսայի ծերակոյտը 25 նոյեմբերին ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւը, որ կը պարունակէր, ֆրանսական կառավարութեան ուղղուած Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու կողքին, շարք մը այլ հայանպաստ կոչեր, ինչպէս` ազրպէյճանական ուժերն ու անոնց աջակցող կազմաւորումները անյապաղ հեռացնել 27 սեպտեմբերի զինուորական գործողութիւններուն սկիզբէն ետք գրաւուած տարածքներէն, բոլոր ջանքերը գործադրել բանակցային հոլովոյթին վերսկսելու, 1994 թուականին գծուած սահմանները ապահովելու, ինչպէս նաեւ` հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու տեղահանուած անձերու վերադարձի իրաւունքը ապահովելու համար:
Քրեմլինի նախանձախնդիր ու անհանդուրժող աչքը, ի վերջոյ, կրնայ միայն վասալներ եւ թշնամիներ տեսնել, եւ Ռուսիոյ դրացիները, եթէ չեն ուզեր մէկը դառնալ, պէտք է հաշտուին միւսը ըլլալու: Այս մասին յայտարարած է 1940-ական թուականներու ամերիկեան դիւանագիտութեան տիտաններէն պատմաբան Ճորճ Ֆ. Քենըն, որ ծանօթ է իբրեւ Պաղ պատերազմի շրջանին Խորհրդային Միութեան զսպման (քոնթէյնմընթ) քաղաքականութեան ջատագով:
Նոյեմբերի 9-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները ստորագրեցին «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին» համաձայնութիւնը, որուն բովանդակութիւնը անոր խորագիրէն աւելին էր եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափէն դուրս ու ոչ խաղաղ ճամբով ձեռք բերուած տագնապի լուծման «ճամբու քարտէս» մը, որ հայկական կողմին համար կը պարունակէ ահաւոր հետեւանքներ: