Երէկ առաւօտ, երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, խորհրդակցութիւն մը ունեցան Քորոնավիրուսի ստեղծած համաճարակին եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս անոր յառաջացուցած հետեւանքներուն մասին:
Երէկ առաւօտ, երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, խորհրդակցութիւն մը ունեցան Քորոնավիրուսի ստեղծած համաճարակին եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս անոր յառաջացուցած հետեւանքներուն մասին: Երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի եպիսկոպոսներուն հետ: Արդարեւ, մեկնելով մեր ժողովուրդի անվտանգութեան նկատմամբ մեր ունեցած նախանձախնդրութենէն, միաժամանակ հետեւելով բժիշկներու ու մասնագէտներու թելադրութիւններուն, որոշուեցաւ որ մինչեւ Աւագ հինգշաբթի 9 ապրիլ մեր եկեղեցիներէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցուի եւ բոլոր եկեղեցական արարողութիւնները տեղի ունենան առանց հաւատացեալներու ներկայութեան: Նոյն որոշումը առնուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ:
Հետեւաբար, ջերմօրէն կը թելադրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին.-
1) Անթիլիասի ուխտի օրը՝ կիրակի, 29 մարտ 2020-ի յետմիջօրէին միայն հաւատացեալներ առանձնաբար եւ իրենց ընտանիքի անդամներով մօտենան Ս. Խորանին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Սուրբ Աջին օրհնութիւնը ստանալու: Նոյնպէս Ծաղկազարդի օրը՝ կիրակի, 5 ապրիլ 2020-ի յետմիջօրէին միայն եկեղեցի երթան՝ ստանալու օրհնուած ձիթենիի ճիւղեր:
2) Հոգեհանգիստները բնական կերպով պիտի կատարուին՝ միշտ առանց սգակիրներու ու հաւատացեալներու ներկայութեան: Անհրաժեշտ է այս գծով նախապէս տեղեակ պահել եկեղեցւոյ պատկան մարմինները կամ քահանայ հայրերը:
3) Թելադրելի է որ մեր ժողովուրդի զաւակները ընկերային ցանցերու, հեռատեսիլներու եւ ձայնասփիւռներու ճամբով հետեւին սուրբ եւ անմահ պատարագին:
4) Բնականաբար, մեր եկեղեցիները միշտ բաց պիտի մնան հաւատացեալներու առջեւ, որոնք օրուան ընթացքին կ’ուզեն եկեղեցի գալ խոկումի ու աղօթքի համար:
5) Մկրտութեան եւ թաղման արարողութիւնները կատարել սահմանափակ թիւով անձերու ներկայութեան:
Վստահ ենք որ մեր ժողովուրդի զաւակները հասկացողութիւն եւ պատասխանատու վերաբերում պիտի ցուցաբերեն վերոյիշեալ թելադրութիւններուն գծով: Ինչպէս Վեհափառ Հայրապետը մեր ժողովուրդին ուղղած իր հայրական պատգամին մէջ ըսաւ.-
Աղօ՛թքը պէտք է դառնայ մղիչ ոյժը մեր կեանքին, մեր մտածումներուն ու գործերուն: Հաւատքով շաղախուած աղօթքն է, որ մեզի հոգեկան քաջութիւն կու տայ դիմագրաւելու կեանքի բոլոր չարիքները: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ՝ «Ինչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրանքը պիտի տրուի ձեզի» (Մր 11.24): Սիրելի հայորդիներ, «միշտ աղօթեցէ՛ք, որ արժանի ըլլաք այս պատահելիքներէն ազատելու» Աստուծոյ Որդւոյն խոստումին համաձայն: Հետեւաբար, եկէ՛ք դառնանք Քրիստոսի ու Սաղմոսին աղօթասաց բառերով ըսենք.- Դո՛ւն ես իմ յոյսը, Տէր, … ինձմէ հեռու մի մնար, փութա՛, ինծի օգնութեան հասիր (71. 5, 12):
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողով
16 մարտ 2020
Անթիլիաս