Հա

Հասարակական

16/02/2023 - 12:35

«Թեւանիկ»-ը մարդասիրական օժանդակութիւն կ՚ուղարկէ Սուրիա

Իրանահայ «Թեւանիկ» բարեսիրական կազմակերպութիւնը, որ իր հիմնադրութեան օրերէն կ՚օժանդակէ Արցախի բնակչութեան, դպրոցներուն եւ ՀՕՄ-ի ճամբով իրականացուող բոլոր ծրագիրներուն, այս անգամ մարդասիրական օժանդակութիւնը ուղղեց Սուրիա, զօրավիգ դառնալու սուրիահայութեան։

«alikonline.ir» - Իրանահայ «Թեւանիկ» բարեսիրական կազմակերպութիւնը, որ իր հիմնադրութեան օրերէն կ՚օժանդակէ Արցախի բնակչութեան, դպրոցներուն եւ ՀՕՄ-ի ճամբով իրականացուող բոլոր ծրագիրներուն, այս անգամ մարդասիրական օժանդակութիւնը ուղղեց Սուրիա, զօրավիգ դառնալու սուրիահայութեան։ Տեղեկացնում է «Թեւանիկ»-ի ֆէյսբուքեան էջը։

Գնահատելով «Թեւանիկ»-ի օգնութիւնը, պատասխանատու կազմը հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ դեսպանատուն։

Դեսպան Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմին եւ գնահատեց Իրանի, Հայաստանի ու Սուրիոյ բարեկամական կապերը նման դժուար ժամանակներու մէջ զիրար օժանդակելը կարեւոր համարելով։

«Թեւանիկ»-ի պատասխանատու կազմը, գլխաւորութեամբ Իւէթ Դանիէլեանի, իր կարգին իրանահայութեան եւ «Թեւանիկ»-ի կողմէ ցաւակցութիւն յայտնեց դեսպանին, դեսպանատան անձնակազմին եւ Սուրիոյ ժողովուրդին՝ Սուրիոյ երկրաշարժին արձանագրուած զոհերուն համար։

Դեսպան Նորա Արիսեան ծանօթացաւ «Թեւանիկ»-ի գործունէութեան եւ բարձր գնահատեց զայն։

 

Յարակից լուրեր

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։