MENU
Հարիւրամեակների ծանր փորձութիւններից եւ անղեկ նաւարկութիւններից յետոյ 104 տարի առաջ` 1918 թ․ մայիսի 28-ին, Հայ ժողովուրդը վերահաստատեց անկախութիւն ունենալու իր կամքը՝ այն ամրագրելով Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման մասին Հայոց ազգային խորհրդի յայտարարութեամբ։
Հայաստանի անկախութեան 104-րդ տարեդարձը` մայիս 28-ը երկու տարիէ կը նշենք տօնական մթնոլորտէ շատ հեռու:
Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովի աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած պատգամաւորները մտահոգ են ներկայիս Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած լրջագոյն սպառնալիքներով։
Հայաստանի անկախութեան 104-րդ տարեդարձը կը դիմաւորենք անկախութեան կորուստի վախերով. Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կառավարուի իշխանութեան մը կողմէ, որ յայտնապէս անկախութիւնը պաշտպանելու համար կամք չի ցուցաբերեր: Իշխանութեան, աւելի ճիշդ` անոր միահեծան ներկայացուցիչ վարչապետին, կը թուի, որ զիջումներ կատարելով` կրնայ պահպանել իր երերացող իշխանութիւնը: Նպատակը ոչ թէ ամէն գնով պետութեան ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը, ազատութիւնը պահպանելն է, այլ սեփական իշխանութեան պահպանումը` կորուստներու գնով: Այսինքն` թագաւորութիւնը… աւերակներու վրայ:
Մայիսքսանութեան այժմէական խորհուրդը ամէնէն ուշագրաւ կերպով կը կեդրոնանայ մեր երկրի գերիշխանութեան եւ անկախութեան պահպանման այսօրուան հրամայականին վրայ: