ՀՅԴ Մամուլ

Ո՛չ արմատախիլ… այլ հաստատուն ծառը

«Ծառերը սրբավայրեր են։ Ով որ գիտէ թէ ինչպէս պէտք է խօսիլ անոնց հետ, ով որ գիտէ՝ ինչպէս ականջ տալ անոնց, կրնայ իմանալ ճշմարտութիւնը»:

Հերման Հեսսը
(գերմանացի գրագէտ, 1877-1962)

Ծառը բնութեան մաս կազմող սոսկական «բնակիչ» մը չէ։

Խորունկ է անոր իմաստը։

Բուն ու կոճղ, արմատներ, ճիւղեր ու տերեւներ. ասոնք ԾԱՌ էակին անդամներն են։

Կը շնչեն ծառերը… նաեւ շունչ ու ներշնչում կու տան բանաւոր էակներուն։

Հազար ու մէկ բարի ապրումներով եւ մտորումներով է որ Ամանորի օրերուն կը զարդարւի տօնածառը։

Ծառը կը պարգեւէ տոհմիկ մթնոլորտ: Անկէ ալ՝ յաճախ փոխաբերական իմաստով կը խօսինք ընտանեկան ծառին մասին, որուն ծննդոցը կրնայ մեզ փոխադրել դարեր առաջ։ Հոն ալ կան ճիւղեր, ծիլեր, կոկոններ, տերեւներ, որոնք ի վերջոյ հերթաբար կը հասնին տերեւաթափումի հանգրւան։ Սակայն ծառը կը մնայ, կը մնայ իր բունով, արմատներով եւ գլխաւոր ճիւղերով։

Այս տարւան Ամանորն ու Կաղանդի ծառը կը յիշեցնեն Արամ Հայկազի դիւրին ընկալելի եւ տպաւորիչ՝ «Ապրող ծառ» պատմւածքը։

Եթէ յստակ խորհուրդ ունի Հայկազի նկարագրած ծառը, շատ աւելի իւրայատուկ էր տասնեակ տարիներ շարունակ Ստեփանակերտի կենտրոնական՝ «Վերածնունդ» հրապարակին վրայ զարդարւող ծառը, «Պապիկ-Տատիկ»-էն՝ «Մենք ենք մեր լեռները» կոթողէն ո՛չ շատ հեռու, սակայն նոյնքան իմաստալից եւ խորհրդաւոր։

Աւա՜ղ… Այս տարի չկայ գունագեղ զարդարանքներով եւ լոյսերով ողողւած այդ ծառը։

Պարպւած է մեր սիրտերուն բաբախում տւող Արցախը։

Հադրութի եւ Շուշիի անկումէն, գաղտագողի սակարկութեամբ Քարվաճառի յանձնումէն երեք տարի ետք, ամբողջ Արցախն է, որ պարպւեցաւ։

Դատարկ է Ամանորի օրերուն եզակի եռուզեռ ստեղծող Ստեփանակերտը, իր կենտրոնական շուկայով, իր զարմանազան, կարմրագոյն պտուղներով եւ մանաւանդ իր համակրելի, վեհանձն ու արժանապատւութեան տէր բնակիչներով։

Չկայ Արցախ-ծառը։ Կացինահար եղաւ ու տապալեցաւ՝ գիտենք թէ ինչպէ՛ս…

Արամ Հայկազի համար, ծառ մը կտրելը՝ ապրող էակ մը սպաննել կը նշանակէ, որովհետեւ «Ծառերը, մեր գիւղի բնակիչներուն համար, ապրող էակներ էին», կը շեշտէ ան։

Չենք մոռցած. 31 դեկտեմբերէն ետք, պաշտօնապէս գոյութիւն պիտի չունենայ Արցախի Հանրապետութիւնը։ Այդպէս կըսէր նախագահական պարտադրեալ հրամանագիրը, թէեւ զայն ստորագրողը ի՛նք իսկ բացայայտ դարձուց, որ այդ գիրը իմաստազուրկ է:

Դժբախտաբար հասած ենք հոն՝ որուն մասին յաւելեալ մելան հոսեցնելը վերածւած է աներկբայ թութակաբանութեան: Փաստօրէն, տրամաբանութենէ բխող նկատումներն ու քննարկումները 19 Բաղրամեան շէնքէն ներս մատնւած են «ձայն բարբառոյ յանապատի» վիճակին:

Ափսո՜ս մեր կորուստներուն, հողի եւ կեանքերու կորուստին, սակայն…

Այս դաժան օրերուն, հայորդիին կը մնայ չընկրկիլ, տեղի չտալ ու չվհատի՛լ։

«Ծառը դանդաղ ու տոկուն ուժ է, որ կը ձգտի գրաւել երկինքը», կը գրէ ֆրանսացի գրագէտ Անթուան Դը Սէնթ Էքզիւփերի։

Այսպէս, այդ «Վերածնունդ» հրապարակի ծառը պիտի «վերածնի» եւ վերազարդարւի։ Չէ՞ որ մեր Մատթէոս Զարիֆեանն ալ ի՛ր պատկերացումը ունի կացինահար տապալած ծառէն վերստին ծնունդ առնող բարունակներուն մասին…

Արցախը կը պատկանի արցախահայութեան։ Արցախը կը պատկանի ո՛ղջ հայութեան: Արցախը անվիճելի՛օրէն Հայաստան է, ինչպէս որ Հայաստան են Արեւմտեան Հայաստանն ու Նախիջեւա՛նը, Հայաստանի կը պատկանին Կիլիկիան ու երբեմնի կաթողիկոսանիստ Գանձա՛կը:

Ծառը դարձած է ճղակոտոր, սակայն կարելի չէ արմատախիլ ընել ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱՌԸ:

Ամանորի այս օրերուն, մեր սրտերէն բխող մաղթանքի համազօր են այս մտածումները, որոնք առաջին հերթին ձօնւած են Արցախի հայութեան, սակայն նաեւ ո՛ղջ հայութեան ու մեր հայրենիքին:

«Հայրենիք»-ի խմբագրական
Բոստոն

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button