Հայաստան - ԱրցախՄիջազգայինՔաղաքական

Յետմիւնխէնեան արեւածագը

Նիկոլ Փաշինեանի Միւնխէն այցելութիւնն ու հոն տեղի ունեցած տեսակցութիւններու շարքը կը մնայ հայկական քաղաքական բեմը յուզող եւ մտահոգող գլխաւոր նիւթերէն մէկը, առատ վառելանիւթ հայթայթեց մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու սակարանին: Ամենէն շեշտակի մտավախութիւնները կապ ունին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Ադրբեջանին – եւ Թուրքիոյ – ընծայւելիք նոր զիջումներու ցանկին հետ, որ կը հիմնաւորւի գոնէ այն իրողութեամբ, որ այս իշխանաւորն ու «ուսապարկ»-երը այլեւս ճակատաբաց կը խոստովանին պահանջւած նահանջներուն ընդառաջելու «անխուսափելիութիւնը», որովհետեւ, կըսեն, փոխընտրանքը՝ պատերազմն է: Այլ խօսքով՝ եկէ՛ք, տանք, որովհետեւ այլապէս, Ադրբեջան կը սպառնայ զէնքի ուժով խլել: Չեն ըսեր, որ հայկական կողմի նահանջներուն մէջ իրենց բանաւոր ու գրաւոր խոստումներն ու քողարկեալ համաձայնութիւնները ի՞նչ բաժին ունին, կամ արդեօք կարելի չէ՞ վերջ տալ ապիկար ձեռնաթափութեան եւ քիչ մըն ալ փրկարար աշխատանք տանիլ:

Միւնխէն թատերաբեմին վրայ ներկայացւած բեմադրութիւններուն (մէկ չէ, այլ ամբողջ շարք մը) մասին արդէն բաւական տեղեկութիւն հրապարակւած է, հակառակ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն ժլատութեան: Ուշագրաւ էր այն, որ անգամ մը եւս, Բաքւէն տրւած տեղեկութիւնները աւելի՛ առատ են եւ կը թւին հաւաստի (երանի՜ թէ չըլլային), իսկ Երեւանէն տրւածներուն մէջ կերեւի այն, որ կարծէք թէ մոռցւած են «Ադրբեջանը խաղաղութիւնը կը խափանէ» եւ նման իրա՛ւ մեղադրանքները եւ հանրութիւնը (իշխանաւորներուն կոյր հետեւորդ հանրութիւնը) կառաջնորդւի «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ներով: Ալ ի՜նչ խօսք՝ խլւած Արցախին, Բաքու գտնւող պատանդներուն եւ այլ «մանրուքներ»-ու մասին: Այս մասին երկար խօսիլը իմաստ չունի:

* * *

Ցարդ հաղորդւած լուրերէն ու մեկնաբանութիւններէն անդին, կըսւի, որ կան քողարկեալ բաներ, որոնք ձեռք բերւած են… գաղտնալսողներու կողմէ: Այս «լսողներ»-ը կը հաւաստեն, որ արդի արհեստագիտութիւնը օգտագործելով, հնարած են թռչնիկներ (կատակ չկարծէ՜ք), որոնք առանց ուշադրութիւն գրաւելու՝ կերթան եւ կը թառին (եղեր) բանակցողներու գլխավերեւները կամ պատուհաններուն կողքին եւ կարձանագրեն որոշ խօսակցութիւններ:

Ահա թէ ինչե՜ր լսեր են ու տեղեկագրեր՝ այդ թռչնիկները (կը քաղենք միայն երեք հանդիպումներէ «գաղտնալսւածները», որովհետեւ աֆրիկեան կամ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներու խօսակցութիւնները այդքան ալ շահեկան չեն):

* * *

ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ.- Ադրբեջանի նախագահը խոր ցնծութեամբ թօթւած է Նիկոլին ձեռքը եւ ըսած (հանդիպումին, խօսողը 95 առ հարիւրով եղած է Ալիեւը): Ան առաջին հերթին գնահատած է Երեւանի վարիչը, որ սահմանային վերջին արիւնալի դէպքին մեղքը նետած է հայ սահմանապահներու վրայ, յայտարարելով, որ քննութիւն պիտի բացւի եւ (ազերիներուն վրայ) կրակողները կրնան պատժւիլ: Ան նկատած է, որ Բորէլն ալ «արագ բռնած» է Նիկոլին նետած գնդակը եւ մեղադրանքին բեռ նետած՝ հայկական կողմի ուսերուն:

Ալիեւի «աֆարիմ»-ը նորութիւն չէ եղեր. ան չէ մոռցած, որ Արցախի հայաթափման նախօրեակին, Փաշինեան ձեւով մը անմեղ հռչակած էր ազերիական կողմը, ըսելով, որ արցախցիներուն վտանգ չի սպառնար: Ալիեւ մեղադրական աչք մը նետած է Միրզոյեանին, որ այդ օրերուն, ՄԱԿ-ի բեմէն մեղադրանքներ հնչեցուցած էր Ադրբեջանի հասցէին: Փաշինեան եւ Միրզոյեան լայն ժպիտով պատասխանած են, որ նման մեղադրանքներ եւ «Ադրբեջան կը սպառնայ»-ները պարզապէս ներքին սպառումի համար են, մինչդեռ իրենք ու գործակիցները բոլորանւէր հաւատարմութեամբ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, այսինքն՝ Արցախի վերջնական յանձնումէն ետք, նա՛եւ Հայաստանէն պատառ-պատառ յանձնելու (համաձայնւած) ծրագիրին իրականացումը: Անոնք հաւաստիք տւած են, որ իրենց համակիրները այնպէ՛ս մը ուղեղալւացքի ենթարկւած են, որ «ապագայ կայ, խաղաղութիւն պիտի ըլլայ» յայտարարութիւններով կլանւած են եւ հոգ պիտի չընեն, մինչեւ իսկ եթէ վաղը Հայաստանէն պատառիկ մըն ալ չմնայ, շնորհիւ այն «մանդատ»-ին, որ տրւած է այս իշխանականներուն:

Ալիեւ գնահատանքով խօսած է նաեւ բանակին հանդէպ անփոյթ գտնւելու եւ անոր մէջքը նորանոր հարւածներով կոտրելու փաշինեանականներու քաջագործութիւններուն համար: «Դուք զէնքի պէտք չունիք, մենք ամէն օր կը զինենք մեր բանակը, աւելի յաճախակի դարձուցած ենք մեր զօրավարժութիւնները», ըսած է Ալիեւ. «Դուք շարունակեցէք ձեր ժողովուրդին աչքին փոշի փչել՝ ասկէ-անկէ զէնք կը բերենք ըսելով, մենք ալ այդ խօսքերը կօգտագործենք նոր պատերազմի սպառնալիքներու համար, ու դուք պէտք է գոհ ըլլաք, որ այդ ձեւով, ձեր ժողովուրդը յարատեւօրէն կը պահէք վախի մթնոլորտի մէջ, ժամանակ չեն ունենար մտածելու, թէ քայլ առ քայլ կորուստները զիրենք ուր կը հասցէն: Իսկ դուք, իբրեւ մեր սիրասուն գործակիցները, միայն շահ ունիք այս մթնոլորտը մտրակահարելէ: Ձեր Ալլահին զաւակը առակ մը ունի, որուն մէջ կըսւի. Ապրիս, հաւատարիմ ծառայ, դուն՝ որ քիչ բաներու մէջ հաւատարիմ եղար…»:

Ալիեւ անգամ մը եւս սեղանի վրայ դրած է «Զանգեզուրի անց»-ին ու յարակից պահանջները, յիշեցնելով, որ տրւած խոստումները իրականացնելու պահը կը հասնի: Ան շեշտած է, որ ինք տրամադիր չէ բաւարարւելով լոկ քանի մը գիւղով, այլ կուզէ հիմնական վերատեսութեան ենթարկել Հայաստանի ամբողջ քարտէզը (իբր թէ գաղտնի պահած է, որ նպատակը ամբողջ Հայաստանի կլանումը չէ): Այս ծիրին մէջ, չնաշխարհիկ գաղափար մը տւած է Փաշինեանի: Ըսած է. «Տե՛ս, ես քանի մը անգամ պահանջ դրի, որ Հայաստանէն հեռացած ազերիները պէտք է վերադառնան: Ասիկա քեզի համար լայն հեռանկարներ կը բանայ: Լաւ կընես, որ Արցախէն տեղափոխւած հայերը Հայաստանի քաղաքացի չես ճանչնար: Շարունակէ անոնց կեանքը դժւարացնել, որպէսզի կամաց-կամաց հեռանան Հայաստանէն: Եթէ վաղը-միւս օր ընտրութիւն ըլլայ, անոնք քեզի քւէ պիտի չտան, մինչդեռ եթէ ազերիները բազմանան, ես անոնց կը յանձնարարեմ, որ անպայման քւէ տան քու խմբակիդ»:

Ալիեւի վերջին յանձարարականներէն մէկն ալ եղած է այն, որ Փաշինեան պէտք է տաք կրակի վրայ դնէ Հայաստանի մէջ նոր սահմանադրութիւն մը եփելու ճաշը, որովհետեւ ժամանակը ի նպաստ իրեն չէ, պէտք է թուրք-ազերիական կողմէն որեւէ հողային կամ այլ պահանջի թղթածրարները միանգամընդմիշտ դուրս դրւին յառաջիկայի բանակցութիւններէն: «Դասագիրքերու վերախմբագրումի քայլդ լաւ էր. Արարատի, զինանշանին եւ այլ խորհրդանիշներուն մասին կեցւածքներդ ալ շա՜տ հաճոյ են մեզի, արժանի ես բազմաթիւ շքանշաններու», – ըսած է Ալիեւ, որ նաեւ յիշեցուցած է, որ ռուսերուն հեռացման պահանջներն ալ պէտք է աւելի յաճախակի դառնան: «Ես անոնց հետ պէտք եղած բարեկամութիւնը կընեմ եւ կը խորացնեմ, դուն շարունակէ թշնամանալ, ուրիշեր ալ թշնամացուր, աֆերի՛մ», եզրափակած է ժպտելով:

ԲԼԻՆՔԷՆԻ ՀԵՏ.- Էնթոնի Բլինքէնի հետ հանդիպումին, ինչպէս ծանօթ է՝ Փաշինեան գանգատով խօսած էր Ադրբեջանի ըրածին եւ դիտաւորութիւններուն մասին: Հոն, ըստ թռչնիկին, չէ ծածկած այն մտավախութիւնը (ինչպէ՜ս ալ յիշեր է), որ եթէ Ալիեւի պահանջները իրականանան, հայերը կամաց-կամաց փոքրամասնութիւն պիտի դառնան իրենց սեփական հայրենիքին մէջ, Թուրքիան ու Ադրբեջանը ախորժակներ ունին Հայաստանի եթէ ոչ ամբողջութիւնը, գոնէ մեծ մասը կուլ տալու: Բլինքէն փորձած է այս մտավախութիւնները փարատել, ըսելով, որ Վաշինգտոն կաշխատի հայերուն համար (գոնէ որոշ ժամանակ մը) ապահովել մշակութային, կրօնական եւ լեզւի պահպանումը (միջանկեալ փսփսացեր է. «Արդէն հիմա ձեր խօսած հայերէնին կէսը ռուսերէն է»): Յետոյ, տւեր է համոզիչ օրինակ մը. «Տե՛ս, ըսեր է. ատենին, ամերիկեան ցամաքամասին վրայ հնդկացեղ ժողովուրդները գրեթէ միատարր մեծամասնութիւն էին, հիմա անոնց տրւած են կղզեակներ, ուր տեղ-տեղ իրաւունք ունին կազինոներ բանալու եւ դրամ շահելու: Կապրին հանգիստ եւ որոշ մենաշնորհներ ալ ունին»: Փաշինեանի միտքը չէ եկեր ըսել, որ թուրքերը Ամերիկան նւաճած եւրոպացիներուն պէս չեն, որոնք տեղ մը ընդունեցին դադրեցնել հնդիկներու ջարդը եւ զանոնք համոզեցին, որ պէտք է բաւարարւին որոշ իրաւունքներու պահպանումով, անոնց ձգւածները փշրանք իսկ չեն…:

ՌԻՉԸՐԴ ՄՈՒՐԻ ՀԵՏ.- Նոյնքան հետաքրքրական եղած են Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետ Ռիչըրդ Մուրի հետ հանդիպումն ու խօսակցութեան նիւթերը: Մուր անգամ մը եւս յիշեցուցած է, որ Բրիտանիա եւ գործակիցներ մեծ շահեր, լայն գործակցութիւն ունին Ադրբեջանի հետ, որմնէ վառելանիւթ կապահովեն, զայն կը գործածեն իբրեւ «խողովակ»՝ ռուսական վառելանիւթ ունենալու համար: Ան նաեւ սեղանի վրայ դրած է բրիտանական հին-նոր թղթածրարները, որոնք ցոյց կու տան, թէ Լոնդոն եւ կողքին քալողները ինչպիսի՜ շահակցական հեռանկարներ ունին Կովկասի մէջ, ներառեալ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքներուն, ուր կան հսկայական հանքեր (ըսեր է որ իրենց համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, թէ այդ հողերը որո՞ւն կը պատկանին): «Մենք ամէն տեղ այս սկզբունքով կը գործենք եւ գործակցութեան կը հրաւիրենք տեղւոյն իշխանաւորները, իրենց կու տան որոշ շահաբաժին, չընդունողն ալ իշխանութենէ կը հեռացնենք: Կը խոստանանք քեզ ալ չանտեսել», աւելցուցած է, անուղղակի ակնարկութիւն մը ընելով նախկին նախագահի մը…: Իբրեւ օրինակ՝ յիշած է արաբական, աֆրիկեան, հարաւ-ամերիկեան երկիրներ, մինչեւ իսկ աղքատիկ Լիբանանն ու Սիրիան, չէ մոռցած… Գազան: Իսկ երբ Փաշինեան այս հանդիպումին ալ (չես գիտեր ինչպէ՜ս) յիշած է, որ Հայաստանի բնակչութեան պատկերը կրնայ աղաւաղւիլ՝ մասնաւորաբար ալիեւեան ծրագիրներու իրականացումով, Մուր լայն ժպիտով մը ըսած. «Մայ ֆրե՜նդ (ընկե՛րս), դուն նոր աշխարհին հետ քայլ պահելու քարոզ կը կարդաս երկրիդ մէջ, սակայն կը տեսնեմ, որ ատիկա էութեանդ մէջ պէտք եղածին չափ չէ նստած: Չե՞ս տեսներ, որ մեր աշխարհը վերջին տասնամեակներուն ինչպիսի՜ փոփոխութիւններու եւ զարգացումներու կենթարկւի: Ասիական եւ աֆրիկեան երկիրներէ միլիոնաւոր գաղթականներ հասած են եւրոպական երկիրներ, նաեւ՝ մեր կղզիները: Անոնք բազմապատկած են ոչ սպիտակամորթ բնակիչներն ու անցեալին քաղաքացիութիւն ստացածները, որոնք ալիք-ալիք եկած էին գաղթատիրութեան օրերէն: Մեր վարչապետն իսկ հիմա հնդկական ծագում ունի եւ մենք, արդի մտածողութեան քարոզիչներս, ոչ մէկ մտահոգութիւն ունինք այս պատկերին ի տես: Վաղը, Հայաստանի մէջ ալ թուրքեր, ազերիներ եւ այլ ժողովուրդներ կը բազմանան: Արդէն կիմանանք, որ մեծ թիւով հնդիկներ ունիք նաեւ դուք: Մտածէ, որ կրնաս այս յեղափոխութիւնը ծառայեցնել քու ընտրական նպատակներուդ: Դուն մեր ըսածները ըրէ, քիչ մը աւելի՛ աշխատէ ռուսերը հեռացնելու ծրագիրներուն համար, մնացեալը մեզի ձգէ…»: (Փաշինեան այս մանրամասնութիւնը յիշեր է Ալիեւի հետ հանդիպումի պահուն եւ զարմացեր է, որ ինչպիսի՜ զուգորդութիւն կայ այս երկու տիտաններուն աշխարհահայեացքին միջեւ):

Կըսւի, թէ ասոնք մասնակի քաղւածքներ են խօսակցութիւններէն: Յառաջիկայ օրերուն ու շաբաթներուն, հաւանաբար տեսնենք աւելին:

* * *

…Եւ հիմա, Հայաստան թեւակոխած է յետմիւնխէնեան փուլը, կողջունէ նոր արեւածագը (որ… արեւամուտ կը բուէր):

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
20 փետրւարի 2024

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button