Հայ Մամուլի մեծ կորուստը. Ոչ եւս է «Մարմարա»-ի վաստակաշատ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան

«ԱԼԻՔ» – Ցաւով տեղեկացանք, որ երէկ՝ սեպտեմբերի 6-ին, 99 տարեկան հասակում մահացել է արդի հայ մամուլի վաստակաշատ ներկայացուցիչ, Պոլսի «Մարմարա» օրաթերթի երկար տարիների գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանը:
Մեծ է վաստակը Ռոպէր Հատտէճեանի պոլսահայ, ինչպէս նաեւ՝ արեւմտահայ-սփիւռքահայ մամուլի պահպանման, զարգացման եւ բարգաւաճման գործում: Հայ մամուլի անխոնջ մշակն իր բեղմնաւոր աշխատանքի երկար տարիների ընթացքում աչքի է ընկել իր մարդկային յատկանիշներով, լրագրողական բացառիկ տաղանդով, համառ աշխատասիրութեամբ եւ նպատակասլացութեամբ, անզիջում սկզբունքայնութեամբ եւ վճիտ հայրենասիրութեամբ:
«ԱԼԻՔ»-ը ցաւակցում է վաստակաշատ խմբագրապետի հարազատներին, բարեկամներին, «Մարմարա»-ի խմբագրակազմին եւ հայ մամուլի մեծ ընտանիքին՝ անդառնալի կորստի կապակցութեամբ:
Ստորեւ ներկայացնում ենք «Մարմարա»-ի խմբագրակազմի սգագիրը՝ Ռոպէր Հատտէճեանի մահւան կապակցութեամբ.
ՄԱՐՄԱՐԱ-ի խմբագրակազմի եւ Պոլսահայութեան մեծ կորուստը
ՄԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏԸ, ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԵՂԷՆ ԲԱԶՈՒՄ ԷՋԵՐՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ՝ ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴ
Մեծ սուգ է ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքի համար։
Մեր երկարամեայ խմբագրապետը՝ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ կեանքի դարադարձը նշելէ երեք ամիս առաջ, այս առտու, պատկառելի տարիքին մէջ աւարտեց իր երկրային ուղին ու բռնեց յաւերժութեան ճամբան։
Սուգ է համայնքի ու բոլոր անոնց համար, որոնք ԶԻՆՔը ճանչցան ո՛չ միայն որպէս անփոխարինելի խմբագիր, այլ որպէս ՄԱՐԴ՝ մեծատառով։
Անսակարկելի ճշմարտութիւն է որ ՄԱՐՄԱՐԱ-ն իր ոսկեդարը ապրեցաւ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի շնորհիւ։ 1967 թւականէն սկսեալ՝ իր խմբագրապետութեան ներքեւ, մեր թերթը միայն չհրատարակւեցաւ, այլ շնչեց, սիրեց, կերտեց, ապրեցաւ, պայքարեցաւ։
Լեզւի պահապան էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ, նաեւ հոգիի ջահակիր՝ անոնց համար, որոնց սրտին մէջ կենդանի է հայ ոգին եւ որոնց համար մայրենին արժէք մը չէ միայն, այլ կեանքի բաբախուն մասնիկ։
Տիպար լրագրողի մարմնացում էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Ո՛չ մէկը վիրաւորեց, անտարբեր չգտնւեցաւ դիմացինի արժանապատւութեան նկատմամբ, իր քննադատութիւններու մէջ մնաց զուսպ ու հաւասարակշռւած. սիրեց, յարգեց, սորւեցուց։
Պոլսահայութեան վերջին 60ամեակի հզօր պատմիչներէն մէկն էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ, անփոխարինելի վկայագիրը այն տարիներու, երբ մեր հասարակութիւնը դեռ հայախօս էր, երբ հայ մամուլը հպարտութեամբ կը կարդացւէր տուներէն ներս։
ՄԱՐՄԱՐԱ-ն ունեցաւ բազմահազար ընթերցողներ, որոնց համար թերթը մասունք էր, իսկ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի յօդւածները՝ բարոյական սուրբ նշխար։
Յարգանքի ու սիրոյ արժանի մարդ էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Ապրեցաւ ստեղծագործական կեանքի գագաթային պահերը, մեծարւելով Սփիւռքի գաղթօճախներու ու Հայաստանի պետական ու հասարակական շրջանակներէն ներս։
Բախտաւոր ծնող էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Միշտ մնաց ընտանիքի հոգածութեան կիզակէտին վրայ։ Զոյգ որդիները մինչեւ վերջին վայրկեանները «պահակ» մնացին իր սնարին քով։ Այս առտու ժամը 8։30-ի շուրջ, արժանապատիւ հեռացաւ սիրով շրջապատւած ու խաղաղ սիրտով։ Հոգին աւանդեց իր որդիներուն ձեռքերուն մէջ ու անցաւ յաւերժութեան անդորրը՝ անջնջելի հետք թողնելով մեր բոլորի յիշողութեան մէջ։
Այսօր որբացաւ ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքը։ Որբացան նաեւ անոնք, որոնք սիրեցին հայ մամուլը, վայելեցին Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի բեղուն գրիչէն յամեցող գրական շունչը, ոգեշնչւեցան ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԱԿԱՆ գաղափարներով։
Մեր խոնարհումը ձեզի՝ սիրելի ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ։
Մեր երախտագիտութիւնը ձեր ապրած կեանքին։
Մեր խոստումը՝ անսասան հաւատքով փարած մնալու ձեր դաւանած արժէքներուն։
Թող լոյսերով ողողւի ձեր երկնային ճամբան։
ՄԱՐՄԱՐԱ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱԶՄ