Դաշնակցական Բեմ

Արամ Ա կաթողիկոսի պատգամին հետքերով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Աստւածածնի Վերափոխման առիթով, Պիքֆայայի Ս. Աստւածածին վանքին բացօթեայ խորանին վրայ մատուցւած պատարագի աւարտին Արամ Ա կաթողիկոս յղեց ուշագրաւ պատգամ մը: Շատեր հարց կու տային, թէ ինչո՞ւ Արամ Ա կաթողիկոս լուռ է` ի տես Հայաստանի մէջ ահագնացող տագնապներուն: Իրականութիւնը սակայն այլ էր, ամռան սկիզբը, Անթիլիասի մէջ գումարւած էր կաթողիկոսութեան Ազգային կենտրոնական վարչութեան լիակատար ու ընդլայնւած ժողովը` մասնակցութեամբ Քաղաքական ու Կրօնական ժողովներու, թեմերու առաջնորդներու ու թեմերէն աշխարհական ներկայացուցիչներու: Այս ժողովը, որուն կը նախագահէր Արամ Ա կաթողիկոսը, յատուկ յայտարարութեամբ ու կոչով անդրադարձած էր հայաստանեան դէպքերուն եւ յստակ բանաձեւումով զօրակցութիւն յայտնած` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան:

Աւելի ուշ, ինչպէս կը յուշէ Արամ Ա կաթողիկոս, Վեհափառը պատրաստակամութիւն յայտնած էր երթալու Հայաստան ու պետական իշխանութիւններուն ու Էջմիածնի պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցելով` փորձել լուծում գտնել ստեղծւած տագնապին: Այցելութիւնը չէ կայացած, որովհետեւ Հայաստանի կողմէ անհրաժեշտ ընդառաջումը չէ եղած:

Արամ Ա կաթողիկոս իր պատգամին մէջ կը հաստատէ, որ` «Հայաստան այսօր իրողապէս կը գտնւի ներքին ճեղքերու առաւել խորացումով ու աննախատեսելի հետեւանքներով յղի պայմաններու մէջ»: Դատապարտելէ ետք պատասխանատու ղեկավարներու «ոչ վայել եւ ոչ ընդունելի» արտայայտութիւնները, Ազգային ժողովին անփառունակ մթնոլորտը, Վեհափառը կը յիշեցնէ, որ` «Եկեղեցին ըսելիք ունի, ընելիք ունի», եւ թէ` իր հիմնական դերը կը կայանայ հակընդէմ կեցւածքները կամրջելու, համադրելու ու համաձայնեցնելու մէջ:

Եկեղեցի-իշխանութիւն հակադրութիւնը դատապարտելէ ետք, Արամ Ա կաթողիկոս կանդրադառնայ Վաշինգտոնի մէջ կնքւած յուշագրին, զոր «իւրայատուկ իրողութիւն» կորակէ: Յուշագրին մասնագիտական վերլուծութիւնը վստահելով քաղաքագէտներուն ու վերլուծաբաններուն` Արամ Ա կաթողիկոս դիտել կու տայ, որ երկդիմի կէտերով որեւէ համաձայնագիր կրնայ վտանգաւոր ըլլալ: Համաձայնագրի գծով ժողովուրդը պէտք է ըսելիք ունենար, բան մը, որ չէ եղած: Վեհափառը կը զգուշացնէ Հայաստանը դարձնելէ «աշխարհաքաղաքական ուժերու բախումի հանդիսարան: Կը թելադրէ չտարւիլ մեծ տէրութիւններու խաբուսիկ խոստումներէն, ըլլալ արթուն եւ զգուշ: Արամ Ա կաթողիկոս կը թելադրէ` չմոռնալ հազարաւոր նահատակներն ու վիրաւորները, բազմահազար գաղթականները, անհետ կորածները, Բաքւի մէջ արգելափակեալները, գրաււած տարածքները: Կը թելադրէ` ձերբակալութիւններով ու դատավարութիւններով չխախտել մարդկային իրաւունքները, Հայաստանը չհեռացնել սփիւռքէն ու նորը կառուցելու պատրւակով չկտրուիլ հինէն` անցեալէն:

Վաշինգտոնեան յուշագիրը եւ նախաստորագրւած համաձայնագիրը կանտեսեն Արցախն ու արցախահայութիւնը: Հայաստան Արցախը կը համարէ Ադրբեջանի անբաժան մաս, իսկ արցախահայութեան վերադարձը իր բնօրրան` ոչ իրատեսական: Մինչ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար արցախեան հարցը փակւած է համապարփակ պարտութեամբ, Արամ Ա կաթողիկոս կը պատգամէ, որ` «Արցախը անցեալ չէ»: Խաղաղութիւնը ֆեթիշացնելով ու յանուն խաղաղութեան բոլոր իրաւունքներէ հրաժարելով` կարելի չէ Հայաստան կերտել, «իրական Հայաստանը» հակադրել պարզապէս Հայաստանին ու կարծել, որ արհեստական միջոցներով, սահմաններու անխախտելիութեան, ինքնիշխանութեան, հաւասարազօրութեան լոզունգներով ազգային գաղափարախօսութիւն հռչակել:

Արամ Ա կաթողիկոս իր պատգամը կեզրափակէ` դիտել տալով, որ ազգային արժէհամակարգերու խախտումին ականատես ենք եւ հաւաքական արժէքներէ կը հեռանանք: Համախմբումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է վերակենսաւորելու համար մեր ինքնութեան գոյութենական հիմքը հանդիսացող արժէքները` բոլորւելով վերանորոգ պետականութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ շուրջ:

Պատմութիւնը կանգ չէ առած. ազատագրական պայքարը կը շարունակւի:

Related Articles

Back to top button