Բացայայտ ոճիրը դրժելի չէ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ՄԱԿ-ը եւ բազմատասնեակ երկիրներ կաղաղակեն. Գազայի բնակիչներուն վիճակը անտանելի, Իսրայէլ մահ ու աւեր կը սփռէ, բանակին նորագոյն յարձակողականը սովի մատնած է աւելի քան կէս միլիոն մարդ, թիւը շուտով կրնայ բարձրանալ, սովահարներուն մէջ մեծ է թիւը մանուկներու, կիներու եւ անկարութեան մատնւածներու: Զոհերուն ընդհանուր թիւը բարձրացած է 62 հազարէն վեր: Փաստերը՝ պաշտօնական տեղեկագիրներու, լուսանկարներու եւ տեսագրութիւններու մէկտեղումը կրնայ ստեղծել Մովսէս մարգարէի մագլցած՝ Սինա լեռէն աւելի բարձր գագաթ մը…
«Սո՛ւտ էք», կը պատասխանեն Իսրայէլի վարչապետներն ու կառավարութեան ջարդարար նախարարները, բանակի հրամանատարները, ու կը հաւաստեն, որ Գազայի մէջ սով չկայ. քիչ կը մնայ որ ըսեն՝ ամէն բան կարգին է, մարդիկ ուտելէ կը ճաթին: Կը կրկնեն ու կը կրկնեն շատո՜նց մաշած ձայնապնակը, թէ՝ «Համաս»ի վերջնական խորտակումը նախապայման է զինադուլի ու խաղաղութեան, կը մերժեն «Համաս»ի կողմէ բաւական զիչում ընդունող՝ զինադուլի համաձայնագիրի մը նախագիծը, պատին զարնելով նա՛եւ իրենց բարեկամ հռչակւած արաբական այն երկիրները՝ որոնք միջնորդի դեր կը խաղան: Չխօսինք արաբական աշխարհը ողողած ստրկամտութեան մասին…
Աշխարհի աչքին առջեւ տեղի կ’ունենայ ՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐՈՒՄՈՎ նոր ցեղասպանութիւն մը, ոճրախումբի մը կողմէ՝ որ… ցեղասպանական արարքի մը զոհերուն ժառանգորդն է: Հիթլէրն ու սութլաններ, նա՛եւ իթթահատականներ ու… ալիեւակերտ Ադրբէյջանի վարիչները կը տեսնեն, որ Նեթանիահու եւ գործակիցները իրենց հետ մրցումի ելած են, իսկ աշխարհն ալ իր անողնայար եւ անգործնական դատապարտումներով, կը մրցակցի Հայոց Ցեղասպանութեան ու Արցախի բռնագրաւման նկատմամբ արձակւած՝ ի՛ր իսկ սնամէջ դատապարտանքներուն հետ: Դատապարտանքի եւ բողոքի ալիքին միացած են մինչեւ իսկ իսրայէլացի զանգւածներ՝ նոյնինքն Իսրաէյլի մէջ ու աշխարհի չորս ծագերուն, կը բարձրաձայնեն որ անիմաստ դարձած են պարզապէս ցեղասպանական ոճիրին թղթածրարը ստւարացնող յարձակումները, օգնութեան փութացողներուն դէմ արգելքներ դնողները…
Իրողապէս անտարբեր է նաեւ… Արեւտմեան Ափի պաղեստինեան իշխանութիւնը, որուն աչքերուն առջեւ իր գօտիին մէջ նոր հողեր կը խլւին իսրայէլացի ծայրայեղականներու կողմէ, նո՛յն կառավարութեան կողմէ մշակւած երկարաշունչ ծրագիրներու հիմամբ: Մարդիկը չեն ծածկեր, որ պաղեստինեան պետութեան ծրագիրը պիտի թաղեն, ինչպէս որ Ալիեւ եւ Փաշինեան կը թաղեն Արցախի հարցը…
Դատապարտողներու բեմէն կը բացակային Միացեալ Նահանգներ եւ այլ «հերոսներ», որոնք կը խօսին խաղաղութեան, ժողովուրդներու իրաւունքներու եւ այլ վսեմ բաներու մասին. գործնապէս, անոնք կը մնան ոճիրները քաջալերողներ, ցեղասպաններուն մեղսակիցներ, որովհետեւ որեւէ դատարանի մէջ, ամէնէն տարրական օրէնքն իսկ կ’ըսէ, որ ոճրագործին ձեռքը զէնք դնողը նոյնքան մեղաւոր է:
***
Նեթանիահուի ոճիրներուն «վաստակ»ին դիմաց, Նոպէլեան մրցանակի հասնելու Թրամփի ախորժակը կը մնայ բաց, դատապարտողնե՛րն իսկ ակնարկութիւն չեն ըներ, թէ իր ծանօթ կեցւածքով, ան արժանի չէ որեւէ մրցանակի: Ի դէպ, խաղաղասիրութեան անոր ուռեցուցած փուչիկը այլապէս կասեղւի, ի տես Ուկրանիոյ պատերազմին սաստկացման: Պուտին-Թրամփ հանդիպումը կարծէք թէ յաւելեալ թափ տւած է պատերազմին, դարձեալ հրապարակ եկած է «ռուսական աննախընթաց յարձակում, ռմբակոծում» յանկերգը, որուն դիմաց, Պուտին-Զելենսքի հանդիպումի մը հեռանկարը կը կորսւի ռազմադաշտերէն ու փոխադարձաբար ռմբակոծւող շէներէն բարձրացող ծուխերուն մէջ: Աւելին, ուկրանացիները կը հպարտանան, որ քանի մը հազար կիլոմետր հասողութեամբ նոր հրթիռ հնարած են, Թրամփ կը խոստանայ ամերիկեան նոր զէնքեր հասցնել Ուկրանիա, յստակացնելով եւ յիշեցնելով, որ փոխարժէքը պէտք է վճարեն ՆԱՏՕ-ի դաշնակից եւրոպացիները: ՆԱՏՕ-ն ալ իր ստրկական հաւատարմութիւնը կը վերահաստատէ՝ իր ընդհանուր քարտուղարը Զելենսկիին քով ղրկելով:
Եւ… ջարդերը կը շարունակւին ամէն տեղ, առատօրէն հնձելով անմեղներ ու աւեր տարածելով ամէնուրեք:
***
Ոճիրներով ու խաղաղութեան յոյսերը խորտակող արարքներով ձեւաւորւած այս խորապատկերին դիմաց, կան բազմաթիւ «մանրուքներ», որոնք ուսանելի են եւ ունին որոշ թելադրանքներ, ցոյց կու տան աշխարհը ղեկավարելու դերը խաղացողներուն անլրջութիւնը, ծանծաղամտութիւնն ու խամաճիկի հանգամանքը:
Մանրուքներէն մէկը կը կոչւի Ջոն Բոլթոն, ամերիկացի հանրապետական նախագահներու «վաստակաշատ» խորհրդականը, որ համբաւ շահած է իր ծայրայեղականի եւ քաղաքական ուղղամտութիւնը խորտակողի ընթացքով: Ան հիմա հալածանքի կենթադարկւի վարչախումբի մը կողմէ, որուն մէկ կարեւոր պտուտակն էր երէկ: Թրամփ կըսէ, թէ ինք տեղեակ չէ անոր բնակարանն ու գրասենեակը խուզարկելու որոշումէն (իսկ Թրամփի ստախօսութիւնը նոր փաստերու չի կարօտիր), այլ խօսքով, կը ծախէ իր երէկի բարեկամն ու կամակատարը, որովհետեւ ան տեղ մը անհաշտ կեցւածք ցուցաբերած է պոսին հանդէպ: Կը հետապնդւի՝ որովհետեւ 5 տարի առաջ, 2020-ին իր հրատարակած յուշագրական հատորին մէջ, կարգ մը «անախորժ» բացայայտումներ ըրած է. եւ իշխանութիւնը 5 տարի ետք է որ հասկցած է եղածը…: (Հայաստանի մէջ ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Մէկուն տարիներ առաջ ունեցած մէկ արտայայտութիւնը կը խեղաթիւրեն ու մատի փաթթոց կը դարձնեն, դատարան-բանտ կը տանին): Սա այն Բոլթոնն է, Փաշինեանի օրով ամերիկացի առաջին ծիծեռնակը, որ Երեւան գալով՝ յանձնարարեց Իրանէն հեռանալ ու խզիլ։
Հիմա զայն հետապնդող Թրամփը կաշխատի իրականացնել այդ յանձնարարականը: Այլ մանրուք մը. սա այն Թրամփն է, որ Փաշինեան-Ալիեւ «հաշտութեան» կնքահայրութիւնը յանձն առաւ, խաղաղութեան դարաշրջանի բացումը աւետեց երկու երկիրներու միջեւ, որոնց անուններն իսկ չի յիշեր հազիւ 10 օր ետք, Ադրբէյջանը կ’արտասանէ խեղաթիւրւած ձեւով, իսկ Հայաստանը կը վերածէ Ալբանիայի: Սա այն Թրամփն է, վերջապէս, որ երէկւան իր սերտ գործակիցներն ու կամակատարները կը «ծախէ» մէկ օրէն միւսը, նոյնը կ’ընէ դաշնակիցի ու պատերազմի մէջ նետւող կամակատարի (Ուկրանիա), վաղը կրնայ մոռնալ, որ Հայաստանի եւ Ադրբէյջանի իշխանութեանց պետերը կոչած էր իր բարեկամները…
Իսկ այս մանրուքները կը կազմեն այլ խորապատկեր մը, որուն առջեւ, Փաշինեան եւ «ուսապարկերը» հրապարակ իջած են կործանարար համաձայնագիրը ծախելու դիտաւորութեամբ, ընտրապայքարի կը պատրաստւին՝ հանրութեան առջեւ դնելով խաբեպատիր փոխընտրանք մը՝ մե՛նք կամ պատերազմ, կը փորձեն մոռացութեան մատնել, որ պատերազմնե՛րն ալ, կորստաբեր «քաղաքականութի՛ւնն» ալ իրենց ձեռակերտն են վերջին աւելի քան 5 տարիներուն: Մանրուք մըն ալ կուզէ՞ք. բանակը աւելի՛ եւս քայքայումի տանող ծրագիրները…
***
Պէտք ունի՞նք աւելի խորանալու եւ մանրամասնութիւններ յիշատակելու, թէ բաւականանաք ափսոսալով բոլոր անոնց, որոնք հայկական եւ արեւմտեան աշխարհներուն մէջ, թեւերը սոթտած ու փէշերը հաւաքած (հա՛, փէշաւոր այրեր ալ կան) մրցումի ելած են ողջունելու չնաշխարհի՜կ համաձայնագիրը (անկախ անկէ, թէ անիկա սկզբնատառերո՞վ է, թէ՞ վաղը կրնայ վերջնականանալ լիարժէք ստորագրութեամբ), որ ցարդ մեր հայրենիքին հասած պատուհասները բազմապատկելու բոլոր տւեալները կը բովանդակէ: Բանիմաց մարդիկ ո՛չ միայն երանի կու տան 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան օրերուն, այլ նաեւ՝ բոլորին կողմէ ատելի ճանչցւած՝ խորհրդայիններու օրերուն, երբ Արցախը իրողապէս հայկական էր, ո՛չ ոք մտածած էր ըսել, թէ անիկա բեռ էր, անոր էջին փակումը կը բանայ խաղաղութեան ճամբան:
Սկսանք՝ մատնացոյց ընելով Գազայի մէջ շարունակւող ոճիրները, բազմահարիւր-հազարաւորներու սովահարութեան փաստը: Շեշտենք, որ այդ եղածները պարզապէս նոր ողբերգութիւններ կը գումարեն մարդու անասնութիւնը յուշող բազում ոճիրներուն վրայ, որոնք դրւած են ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ցանկին վրայ:
Ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն է ու մի՛շտ դատապարտելի, գործադրողը պարտաւոր է հաշիւ տալու, անկախ անկէ, թէ ոճիրը գործադրւած է Գազայի՞, Արեւմտեան Հայաստանի ու Արցախի՞, քրտաբնակ շրջաններո՞ւ, Կամպո՞ջիոյ, աֆրիկեան երկիրներո՞ւ թէ՞ նոյնինքն ամերիկեան ցամաքամասին վրայ, սկսեալ այն օրերէն, երբ Եւրոպայէն հասած վոհմակները կը ջարդէին տեղաբնակ հնդիկները, յետոյ սեւամորթներ «կը ներածէին» Աֆրիկէէն, կը բանային ստրկութեան ամէնէն ահաւոր – յաճախ նաեւ մահասփիւռ – էջերը: Ի՛սկապէս, ո՞վ պահած է ստրկատիրական Միացեալ Նահանգներու մէջ սպաննւած սեւամորթներուն հաշիւը, ոճիր՝ որուն պատճառած դառնութիւններն ու ընդվզումը մինչեւ այսօր ալ ահաւոր տագնապ է «ժողովրդավարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ պաշտպանող» այս գեր-պետութեան մէջ:
Ո՛չ Նեթանիահու, ո՛չ Թուրքիա ու Ադրբէյջան եւ ո՛չ ալ ոեւէ այլ ցեղասպան կրնան ջնջել իրենց ձեռքերու արիւնը, դրժել ճշմարտութիւնը: Մեր յանդուգն եւ արդարատենչ Շիրազը տասնամեակներ առաջ արձակած էր այս անժամանցելի ճիչը.
Ամենայն սրտով բողոքում եմ ես մարդու անարդար վճիռի համար,
Անիծում եմ ես մարդուն նենգաւոր, որ նա ընտրել է պղծւած ճանապարհ.
Ատում եմ հոգով օրէնքներ շատ-շատ, որ ծանրացել են մարդկանց ուսերին
Եւ ստիպում են կեղծել, քծնւել, գովել անարժան, տգէտ բարքերին… (աւելցնենք՝ անձերին)