Ինչո՞ւ դարձեալ կը հալածւի Դաշնակցութիւնը
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Տօ՛, ի՞նչ ասեմ, ո՞ր մէկն ասեմ,
Ինչ օյիններ չսարքեցին,
Ամէն հնար ի զուր անցաւ,
Կայ ու կը մնայ Դաշնակցութիւն:
(«Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն» երգէն)
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի պատասխանատու մարմիններ եւ ընկերներ վերջին օրերուն դարձեալ ահազանգ կը հնչեցնեն Երեւանէն ու մարզային կեդրոններէ, թէ՝ նիկոլական վարչախումբը Դաշնակցութեան դէմ նոր արշաւ բացած է (ե՞րբ դադրած էր որ…): Տեղի կ’ունենան խուզարկութիւններ, ձերբակալութիւններ, կան բանտարկւողներ: Իշխանախումբին ու անոր «խօսափողերուն» կողմէ հրապարակ կը նետւին շինծու պատճառաբանութիւններ: Դատարաններու մէջ մեղադրանքները չեն փաստւիր, մեղադրւղներուն ստախօսութիւնը կը բացայայտուի, սակայն կարգ մը դատաւորներ ծանօթ չորքոտանիին յամառութեամբ կալանքի որոշումները կը պահեն անփոփոխ, անիմաստ երկարաձգումներ տեղի կ’ունենան, երբեմն ալ բաւական ուշացումով՝ մեղադրեալները անպարտ կ’արձակւին, «փաստ չգտանք» բացատրութեամբ: Ատիկա չի նշանակեր, որ անմեղ գտնւածը քիչ ետք դարձեալ հալածանքի, հետապնդումի կամ կալանաւորման պիտի չենթարկւի:
Այս բոլորը աղաղակող վկայութիւններ են, թէ Հայաստան ինչպիսի՜ ժողովրդավարութեան մը պասթիոն է:
Նոյնինքն ՔՊ-ապետը չէ՞ր, որ օր մը յոխորտաց ըսելով՝ Հայաստանի մէջ պիտի չգտնւի դատաւոր մը, որ իր կամքէն անկախ շարժի: (Ի՜նչ ժողովրդավարութիւն, ի՜նչ իշխանութեան թեւերու բաժանում ու փոխ-հսկողութիւն…)
***
Մտահոգիչ տագնապին օղակը այդքան ալ նեղ չէ. իշխանաւորներուն թիրախը միայն դաշնակցականներ չեն, այլ բոլոր անոնք՝ որոնք անհանդուրժելի կը գտնեն իշխանաւորներուն զիջումէ զիջում ու կորուստէ կորուստ տանող վարքագիծը: Վնասարարութեան ցանկը շա՜տ երկար է, սկսելով Արցախէն մինչեւ նոյնինքն Հայաստանի հանրապետութեան հողեր, բազմահազար նահատակներէն մինչեւ Պաքու մնացող բանտարկեալ պատանդները…: Իշխանաւորներուն համար «արդար թիրախ» են բոլոր անոնք, որոնք առաւելագոյն կամ նւազագոյն չափով կը նկատւին հայրենիքի պաշտպան, հայրենասէր, հաւատարիմ են պատմութեան եւ աւանդներուն, կը պայքարին թուրք-ազերիին հայաստանակուլ ծրագիրներուն դէմ:
Քաղաքական բանտարկեալներու շարքին կան այլ կուսակցութեանց անդամներ ու համակիրներ, Տաւուշեան Շարժումին միացողներ, մինչեւ անգամ Արցախի պաշտպանական մարտերուն մասնակցած քաջասիրտներ ու նահատակներու ընտանիքի անդամներ, Հայաստան ապաստանած ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐ…: Վերջին տարիներուն, պատահեցաւ նաեւ, որ քաղաքական հաշիւներով բանտարկւած եւ դատարան քաշւած ընդդիմադիր գործիչ մը ինկաւ-մեռաւ մամուլի ոսպնեակներուն առջեւ, իսկ աւելի քան 2 ամիս առաջ, բողոքող ցուցարարներ թիրախ դարձան ռմբային յարձակումներու. եւ ո՛չ ոք ծիծաղեցաւ, երբ դէպքերէն ատեն մը ետք, իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ դէպքին օրը արգիլւած զէնքերու ցանկին դասւած ռումբերը… դուրս բերւած են արգիլեալներու ցանկէն: Ահա՛ նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպա՜ն իշխանախումբի իսկական դէմքը:
***
Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականներու դէմ հալածանքներն ու բռնադատութիւնները, ըսինք, նորութիւն չեն, նաեւ առանձնակի չեն: Սակայն երբ Դաշնակցութիւնը յականէ-անուանէ կը թիրախաւորւի, անգամ մը եւս վար կ’իյնայ հետապնդողին թափանցիկ դիմակը, թշնամիին հաշիւներով շարժողի անոր «յատկութիւնը»:
Մեր ազգին ու հայրենիքին երկունքէն ծնած Դաշնակցութիւնը եղած է ու կը մնայ Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդին սպառնացող վտանգներուն եւ դաւադիր քաղաքականութեան առաջին եւ ամէնէն հետեւողական յառաջամարտիկը: Բնականաբար չենք անտեսեր կամ արհամարհեր այլ հայրենապաշտպաններու բարձրացուցած դրօշները, սակայն փաստ է նաեւ այն, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ձախողած եւ ազգադաւ ա՛յս վարչախումբին հեռացումը արդարօրէն պահանջողներէն շատեր հիմա հրապարակի վրայ չեն, ինկած են կամ իրենք զիրենք նետած՝ լուսանցքի վրայ (չմտնենք հազար ու մէկ պատճառներուն մէջ, որոնց ցանկին՝ տեղ-տեղ անպայման կարելի է գտնել իշխանաւորներուն մատները):
Դաշնակցութեան՝ հալածանքի եւ բռնադատութիւններու միակ թիրախը չըլլալու իրականութեան մէջ մխիթարական ոչինչ կայ, սակայն չենք կրնար աչքաթող ընել այլ իրականութիւն մը, որ ցոյց կու տայ հայերուս ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱ՛Ն թիրախ ըլլալը, եւ Դաշնակցութիւնը մէկ մարմնաւորումն է այդ արժէքներուն:
Այս ալ նորութիւն չէ: Հոս ալ կայ այլանդակ դարաւոր «աւանդութիւն» մը:
Սուլթանական եւ Իթթիհատական Թուրքիոյ մէջ, ազգայնական կուսակցութիւններ հաւասարապէս թիրախ էին. ֆետայիներ եւ քաղաքական գործիչներ փաղանգ-փաղանգ բանտերը կը թխամւէին, կը սպաննւէին ու կախաղաններու վրայ նահատակութիւն կը գրկէին: Յաջորդ փուլին, Թուրքիոյ պետութիւնը եաթաղանով ու Ցեղասպանութեամբ լուծեց «հայկական գլխացաւանք»ը: Մականը փոխանցւեցաւ համայնավարներուն, որոնց համար ԱԶԳԱՅԻՆ զգացումն ու գաղափարը «թոյն» էին, հետեւաբար, Մուսկուայէն մատակարարւած «հականեխիչ»ը՝ կարմիր վարդապետութիւնը իր ծածկոցը տարածեց նա՛եւ Հայաստանի վրայ, գործակատար ունենալով հայանուն համայանավարները: Եթէ սկզբնական տարիներուն, ազգային բոլո՛ր կուսակցութիւնները եւ խմբաւորումները հաւասարապէս թիրախ էին, ժամանակ մը ետք, Դաշնակցութիւնը մնաց միակ թիրախը: Եթէ մոռցւած է՝ յիշեցնենք. այդ տարիներուն, Հայաստանի մէջ իշխանաւորներ քանի՜ցս կազմակերպած են Դաշնակցութեան յուղարկաւորութիւնը, պահ մը ժողովուրդին մէջ տարածելով այն կարծիքը, թէ յաջողած են ջլատել Հայ Դատի գլխաւոր դրօշակիրը: Չէ՞ որ նոյն շրջանին, թրքական քարոզչութիւնն ալ կը տարածէր այն «ճշմարտութիւնը», թէ աշխարհի վրայ հայ չէ թողած (եւ հոս-հոն մեկուսի ինկած հայեր իսկ կը հաւատային անոր): Իբրեւ այսօրւան իշխանաւորներուն նախակարապետները՝ այդ օրերու «մուրճ-մանգաղի ընկերները» լծւած էին «թուրքը բարեփոխւած է», «թուրքին ու ազերիին հետ կարելի է խաղաղ գոյակցիլ» քարոզչութեան, մինչեւ իսկ տաղանդաւոր երգիչներու կը պարտադրւէր երգել «Եղբայրացան Հայաստան, Ազրպէյճան»: Գետնի վրայ իրականութիւնը դառն էր, Արցախի լուսանցքայնացումն ու բռնաճնշումը՝ զգալի եւ ընդվզեցնող: Այսօ՞ր…
Դաշնակցութեան դէմ հալածանքը եւ անոր ԱԶԳԱՅԻՆ դրօշին դէմ պարսաւանքը առաւել կամ նւազ չափով արթուն մնաց մինչեւ համայնավար կայսրութեան մայրամուտը, հակառակ անոր, որ Դաշնակցութեան ծանօթ վարքագիծը որոշ շրջանէ մը սկսեալ իր լուռ ու աղաղակող արձագանգները գտած էր Հայաստանի մէջ, ստեղծած էր մթնոլորտ, որուն պտուղներէն էին Ծիծեռնակաբերդի ու Սարդարապատի համալիրները (յստակացնենք. ազգայնական չի նշանակեր ազգայնամոլ, ո՛չ ալ ցեղապաշտ, այլ կը նշանակէ հայրենքի եւ ազգի շահերը նախամեծար նկատող, բան մը, որ այսօր կորսւած է ՔՊ-ական Հայաստանի մէջ), յետոյ նաեւ Դաշնակցութեան վերընձիւղումը հայրենի հողին վրայ:
Եթէ անցեալի էջերուն մէջ մեր ճամբորդութիւնը հասցնենք վերանկախացման առաջին շրջան, հոն ալ այսօրւան հալածանքներուն նախընթացը արձանագրւեցաւ, առաւել կամ նւազ չափով նո՛յն մտայնութեամբ եւ նո՛յն «տեսլականով», ըստ էութեան՝ Հայաստանի չէզոքացման եւ ոչնչացման հաշիւները հետապնդողներու թելադրանքներով: Հայաստանի առաջին վարչախումբն ալ հալածանք շղթայազերծեց Դաշնակութեան դէմ, յերիւրանքներ հնարեց, մինչեւ իսկ առաւ Դաշնակցութիւնը բանադրելու, անոր դուռները փակելու քայլը, այդ օրերուն ալ դաշնակցական ղեկավարներ հեռացւեցան հայրենիքէն, փաղանգ մը քանի մը տարի վայելեց բանտախուցերը:
***
Հակառակ հեռաւոր կամ մօտիկ անցեալի բոլոր հալածանքներուն, գործունէութեան խափանման քայլերուն, Դաշնակցութիւնը մնաց հայրենիքի ու ազգի պաշտպանութեան առաջին գիծերուն վրայ, ունեցաւ գործակիցներ. այսօ՛ր ալ ունի գործակիցներ եւ համակիր համախոհներ: 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, հայրենքը վնասէ վնաս տանող իշխանութեան դէմ բողոքի Շարժումին բոլոր ալիքներուն մասնակից է Դաշնակցութիւնը, կը կանգնի յառաջապահ դիրքերու վրայ:
Ուրեմն, զարմանալի՞ է, որ ՔՊ-ական իշխանութիւնը հալածանքի նոր ալիք մը կը տարածէ Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականներու դէմ, առանց բոլորովին մոռնալու այլ ազգապահպաններ: Զարմանալի՞ է, որ իշխանաւորներուն հալածանքներուն միացած են եւ «դուխով» կ’ընկերանան նա՛եւ սփիւռքեան «մենակատարներ», իբրեւ թէ պաշտպան կանգնելով «ընտրեալ եւ օրինական իշխանութեան», մոռնալով, որ իշխանութիւն հասկացութիւնը միշտ ալ համազօր չէ պետութիւն հասկացութեան, իր ժողովուրդը դժգոհ ձգող, հայրենիքին ու պետութեան վնաս բերող, ՊԵՏՈՒԹԵԱ՛Ն դաւաճանող քանի՜-քանի «ընտրեալ»ներ տապալած են ուշ կամ կանուխ (այս օրերուն ալ օրինակներ կան մեր սահմաններէն անդին), մինչեւ իսկ գնդակահարութեան, աքսորի եւ բանտարկութեան դատապարտւած են:
…Բայց երբեք զարմանալի պիտի չըլլայ, որ ա՛յս ալիքն ալ պիտի չքանայ, ինչպէս որ նախընթաց ալիքները վերածւած են ծովափին փշրւող ալիքներու փրփուրներուն: Մեր ժողովուրդը պիտի զարթնի եւ պիտի միանայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐՈՒ փաղանգին: Մօտաւորապէս 35 տարի առաջ, Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան վերականգնումը աղաղակող վկայութիւն էր: Մեր ժողովուրդը ա՛յդ փուլին ալ յիշեց թէ Դաշնակցութիւնը ինքնանպատակ կուսակցութիւն չէ, այլ բնական ծնունդն է իր՝ ազգին ու ժողվուրդին բողոքի ալիքներուն ու պահանջատիրութեան, ԱՐԴԱՐ եւ ԱՆՎԻՃԵԼԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ Ի ԽՆԴԻՐ ՊԱՅՔԱՐԻՆ: Ու զարմանալի չէ, որ նոր արշալոյսի մը ոտնաձայները աւելի՛ լսելի են արդէն: