Ինչո՞ւ կուշանայ խաղաղութիւնը
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
9-էն 10 նոյեմբեր լուսցող գիշերւան անձնատւական յայտարարութեան չորրորդ տարելիցը անցաւ գրեթէ աննկատ: Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ անոր յիշեցումը պիտի հակասէր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» կառուցելու քաղաքականութեան: Ապազգային այդ քաղաքականութեան իրականացման սիրոյն պաշտօնական Հայաստանը պատրաստ է հրաժարելու այն բոլոր իրողութիւններէն, որոնք անցնող երկու հարիւր տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը դարձան ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը պայմանաւորեցին: Գաղթական դարձած արցախցիները եւ ընդդիմադիր շրջանակներ այցելեցին Եռաբլուր ու հանդէս եկան յայտարարութիւններով:
Ընդդիմադիր շարժումը չորս տարիներէ ի վեր, զանազան տարազներով չի յաջողիր անձնատւական ընթացքին արգելք հանդիսանալ: Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը անյողդողդ կերպով կը մերժէ պարտւողական ընթացքէն ամէն շեղում: Վերջինը՝ Բաքւի մէջ ազատազրկւած պատանդներու ազատութեան պահանջով յայտարարութեան մերժումն է: Յայտարարութիւնը Ազգային ժողովին ներկայացւած էր բնականաբար ընդդիմութեան կողմէ: Ընդդիմութեան կողմէ ներկայացւած այս հերթական բանաձեւը եւս հակասական նկատւեցաւ խաղաղութեան քաղաքականութեան: Գործով թէ նոյնիսկ խօսքով արգիլւած է Ադրբեջանը եւ Թուրքիան այպանել, արդարացի պահանջներ ձեւաւորել: Պէտք չէ բարկացնել երկու անզիջող թշնամի հարեւանները…
Ո՞ւր հասաւ Սրբազան պայքարը: Բացի Բագրատ Սրբազանի պարագայական յայտարարութիւններէն, գործունէութիւն չենք տեսներ: Կը հաւատացնեն մեզի, որ պայքարը չէ մարած, կը շարունակւի: Այդ պայքարը իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար չէր սկսած. նպատակը կարգ մը ղեկավարներ հեռացնելով այլ ղեկավարներով զանոնք փոխարինել չէր: Նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախ գոյութիւնը, անոր ամբողջականութիւնը եւ ապահովութիւնը անշրջանցելի դարձնելն էր: Կըսւի, որ շարժումը ծրագիր չունի, մինչդեռ ծրագիրը մանրամասնօրէն ներկայացւած է բազմիցս, վերջին անգամ՝ մարզահամերգային դահլիճին մէջ կայացած հաւաքին ընթացքին: Դժւարութիւնը կը կայանայ դժգոհ, բայց ընդարմացած հանրութեան արթնացումի ուշացման մէջ: Համբերենք, արթնացումը անպայման պիտի կատարւի, վստահինք, որ շատ պիտի չուշանայ:
Տարբեր ճակատի մը վրայ, Իսրայէլ կը շարունակէ թշնամի հռչակւած երկու կազմակերպութիւններուն՝ ՀԱՄԱՍ-ին եւ «Հեզբօլլահ»-ին, ոչնչացման գործողութիւնները: Միջոցներու մէջ խտրութիւն չդնելով, սպանելով ու աւերելով, իսրայէլեան բանակը ցեղասպանութիւն յիշեցնող գործարքի մը լծւած է: Բանակցութիւններ տեղի կունենան միջնորդներու միջոցով, պարբերաբար հրադադարի յոյսեր կը քողազերծւին, շուտով մարելու համար: Պատերազմական սարսափը կը շարունակւի անխափան:
Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահին ընտրութիւնը պատերազմի դադրեցման յոյսեր դրսեւորեց: Կըսւի, որ ընտրեալ նախագահը, որ իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 20 յունւար 2025-ին, դէմ է պատերազմներուն ու կը փափագի նախագահական պաշտօնը ստանձնել խաղաղ պայմաններու մէջ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները իրենք պատերազմ չեն մղեր, սակայն պատերազմելու կը մղեն, ապա կը հովանաւորեն իրենց պաշտպանեալները: Միացեալ Նահանգները զէնք ու դրամ կը հայթայթեն, ի հարկին Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթօ կը կիրարկեն եւ միաժամանակ հանդէս կու գան իբրեւ պատերազմող կողմերու միջեւ հաշտարար: Կողմնակալ հաշտարար, հաշտութիւնը խափանողին պաշտպան:
Վերջին շաբթւան ընթացքին լուրեր սպրդեցան, որ Իսրայէլ կը նկատէ իրագործած ըլլալ արդէն իր հիմնական նպատակները: Հարց կը ծագի. ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն շէնքերու քանդումները եւ անմեղ մարդոց սպանդները: Լիբանան ընդունած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրւած թիւ 1701 որոշումը: Այդ բանաձեւին ամբողջական գործադրութիւնը պէտք է գոհացնէ Իսրայէլի բոլոր պահանջները: Կրկին հարց կը ծագի. ինչո՞ւ կուշանայ անոր գործադրութիւնը:
Կը թւի, որ թէ՛ Գազայի, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի պարագային մեզի անծանօթ դէպք մը, կացութիւն մը կը սպասւի: Լուծման կարելիութիւնը կայ, կը պակսի զայն իրագործելու համար պատրւակ մը: Մինչ այդ, տագնապը կը շարունակւի, կեանքեր կը խորտակւին, ցանկալի խաղաղութիւնը կը յամենայ:
Խաղաղութիւնը տեսանելի է, պակսողը՝ զայն քաջաբար իրագործելու կամքն է:
Ազդակ