«Բաղնիքին մէջ կապւելիք խենթ մը կայ…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աշխարհըս մէ գժանոց է՝ պիտի ողբար Սայեաթ Նովան՝ եթէ ապրէր այս օրերուն, փոխանակ երգելու՝ «Աշխարհըս մէ փանջարա է. թաղիրումէն բէզարիլ իմ»:
Իսկապէ՛ս որ, եթէ բանիմաց մարդ արարածը, որ բանականութիւն ու տրամաբանութիւն ունի (մե՜ծ քաղաքագէտ ըլլալու պէտք չունի), կրնայ բաց աչքերով տեսնել, որ աշխարհի դէպքերը կը «ղեկավարւին» իսկական համբակներու, տխմարներու եւ գործէ չհասկցողներու կողմէ: Եւ ի՜նչ զարմանք՝ աշխարհը կերթայ անկումէ անկում, իսկ զանգւածները, եղածներուն խայթոցները կրելով հանդերձ՝ բանտւած են անտարբեր դիտողի աթոռներու վրայ, համբակներուն կողմէ առաջնորդւած են այն համոզումին, որ «այս՝ այսպէս է, մէկը բան չի կրնար ընել»:
Եկէ՛ք, չմնանք ընդհանրութիւններու դաշտին մէջ եւ ցուցհանենք համբակներու քանի մը ազդեցիկ խմբաւորում, սկսելով աշխարհի արեւմտեան ծագէն:
***
Ա. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի մէջ, ու մասնաւորաբար Դանալդ Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձէն ասդին (նախկինները անպարտ չէին), գրեթէ ամէն օր նոր փաստ մը կը պայթի ամերիկեան վարչակազմի համբակութեան եւ անատակութեան մասին, արարքներով՝ որոնք երկիրը կը դնեն թէ՛ տնտեսական եւ թէ ապահովութեան վտանգներու դիմաց (թէեւ հողային կորուստ-զիջում չեն խոստանար…):
Նորագոյն գայթակղութիւնները պայթեցան վերջին օրերուն: Ի յայտ եկաւ, որ Եմէնի վրայ ամերիկեան յարձակումի նախաքայլերուն մասին այլապէս գաղտնի տեղեկութիւններ հասած են «պատահական» լրագրողի մը: Յաջորդած բանավէճերը ցուցահանեցին բազմաշերտ խայտառակութիւններ՝ թէ՛ ամբաստանողներու ու հաշիւ պահանջողներու, եւ թէ ինքնապաշտպանութիւն եւ ինքնարդարացում խաղացողներու կողմէ: Չենք ուզեր անդրադառնալ ողբալիօրէն ծիծաղաշարժ դիրքորոշումներուն, այլ բարձրացնենք մէկ քանի դիպուկ հարցում մը, որոնք ո՛չ ոքի կողմէ կը հնչեն: Ի՞նչ էր նախերգանքը ամերիկեան յարձակումին: Ի՞նչ եղաւ յարձակումին հետեւանքը, քանի՞ անմեղ եմէնցի զոհւեցաւ ու վիրաւորւեցաւ: Նման հարցումներ հնչած են եւ կը հնչեն Կազայի եւ Արեւմտեան Ափի մէջ իսրայէլեան վերանորոգւած նախճիրներուն առիթով ու գործնապէս կը մնան անարձագանգ: Միջազգային երգչախումբը կը նախընտրէ ամբողջ մեղքը դնել պաղեստինցիներուն վրայ, որոնք տարիներ ու տարինե՜ր շարունակ իրերայաջորդ սնպանդներու եւ բռնադատութիւններու կենթարկւին, Հոկտեմբեր 2024-էն ի վեր անոնց զոհերուն թիւը անցած է 50 հազարը, մեծ թիւով մանուկներ, կիներ, անզէն քաղաքայիններ…
Վշինգտոնեան աղաղակող գայթակղութեանց ի տես, մարդիկ հիմա կողբան. «Աստւած հոգի՛դ լուսաւորէ, Ռիչըրդ Նիքսըն: Դուն կանուխ ծներ ես եւ օրէնքը ոտնակոխելուդ համար քեզի պարտադրեցին հրաժարիլ, վարկաբեկւիլ (անշուշտ արդարօրէն): Եթէ հիմա ապրէիր, պիտի տեսնէիր, որ յաջորդներէդ մէկը աւելի քան երեք տասնեակ փաստւած մեղադրանք շալկած՝ Սպիտակ տուն վերադարձաւ եւ…»
Տնտեսական դաշտը աւելի լաւը չէ: Թրամփ տուրքերու բարձրացման խաղեր կը խաղայ նախ՝ Մեքսիկայի ու Կանադայի հետ, յետոյ կը ցատկէ ովկիանոսին արեւելեան կողմը եւ կը սպառնայ սնանկացնել եւրոպացի ինքնաշարժ արտադրողները եւ ուրիշներ, որոնք պաշտօնապէս իր դաշնակիցներն են բազմաթիւ մարզերու մէջ: Եւրոպացիներուն հետ Թրամփի հակադրութիւններն ու բանավէճերը նորանոր զարգացումներ կապրին նա՛եւ Ուկրաինոյ տագնապին շուրջ, ու եւրոպացիք վստահաբար կը մտածեն, թէ սա ի՞նչ խենթի մը դէմ յանդիման ենք հիմա. մէյ մը Զելենսկին կը խայտառակէ, կը դադրեցնէ անոր զինական եւ այլ օժանդակութիւնները, յետոյ կը սկսի վերազինել զայն, մինչդեռ եւրոպացիք ի սկզբանէ չեն ուզեր դադրեցնել Ուկրաինոյ զինական օժանդակութիւնը եւ իրենց ժողովուրդներուն ըսել կու տան, որ կը ղեկավարւին տխմարներու կողմէ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ մէկ կողմէ՝ իրենց տնտեսական միջոցները բառացիօրէն կայրեն Ուկրաինոյ մէջ, իսկ միւս կողմէ, անբացատրելի հակադրութիւններու կը մատնւին Վաշինգտոնի հետ…
Իմաստակութեան դրսեւորումները կը տարածւին դէպի Իրան, Չինաստան, մինչեւ իսկ Հարաւային Կորէա եւ Ճապոն… (կը յիշէ՞ք սա խօսքը. Տէ՛ր Աստւած, զիս պահպանէ բարեկամներէս, ես թշնամիներուս հետ գլուխ կելլեմ…)
Ողբերգութիւնը միայարկ չէ. Թրամփ եւս օժտւած է… ուսապարկերով, եւ ի՜նչ ուսապարկեր (Փաշինեանի նախանձը շարժո՛ղ ուսապարկեր): Մէկը կը փորձէ վարչամեքենան ծանրացնող (իբրեւ թէ) աւելորդ պաշտօնեաները թօթափել, եւ ահա ծայր կու տայ թացը չորին հետ այրելու մրցում մը: Ուրիշ մը կը սպառնայ տակն ու վրայ ընել եւ անդամալուծել Ընկերային ապահովութեան մարզը, որովհետեւ նկատւեր է, որ որոշ թիւով անօրէններ (բացայայտօրէն աղէտալի չէ թիւը) կը շահագործեն դրութիւնը: Ծիծաղելին այն է, որ հիմա մարդիկ պիտի ստիպւին (եղեր) պատկան գրասենեակներ ներկայանալ՝ փաստելու համար որ… մեռած չեն: Մէկը հարց չի տար, թէ արդի արհեստագիտութեան բոլոր բարիքներով օժտւած, պետական բաժանմունքներուն միջեւ սկզբունքով՝ անթերի հաղորդակցութիւններու եւ փոխադարձ ստուգւի հնարաւորութիւններով օժտւած վարչամեքենայի մը պարտականութիւնը ի՞նչ է, եթէ ո՛չ՝ իր միջոցները օգտագործել եւ անյապաղ ի յայտ բերել չարաշահները: Այդ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ այլ մարզերու մէջ (եւ բարեբախտաբար) օրինազանցներ կարճ ժամանակի մէջ կը բռնւին եւ հաշւետւութեան կը կանչւին: Արդեօք այս իշխանութիւնը (եւ նախորդները) նիւթական միջոցներէ զո՞ւրկ են՝ նման հետապնդում կատարելու եւ բաւարար անձնակազմ ունենալու համար, մինչդեռ, հսկայական գումարներ կը մսխւին՝ Ուկրաինոյ եւ Իսրայէլի զինական կարողութիւնները ուռճացնելու համար, իսկ ասդին, պետական եւ դրամատրիական կառոյցներու մէջ գործէ արձակումները իրարու հետ մրցակից են:
Տխմարութիւնն ու անատակութիւնը չեն սահմանափակւած վարչամեքենային անդամներով: Անոնք իրենց կողքին ունին գայթակղալի արարքներն ու խեղկատակութիւնները պաշտպանող, արդարացնել փորձողներու փաղանգներ՝ լրատու աղբիւրներ եւ բթացեալ ուղեղներով զանգւածներ, անշուշտ նաեւ… վարագոյրներու յետեւէն՝ այս դրածոյ տիկնիկներուն «թելերը քաշողներ»:
Եւրոպայի մէջ, համբակութեան եւ պարտադիր կամակատարութեան այլ մրցավազք մը կայ եւ վերջերս նոր արտայայտութիւններ կը գտնէ: Առանցքն ու շարժառիթը միայն Ուկրաինան չէ. կան ներքին քաղաքական եւ տնտեսական դաշտերը: Եւրոպացիք ալ թրամփեան տուրքերուն դէմ տուրքեր կը դնեն ամերիկեան արտադրութեանց դէմ: Տնտեսական ըմբշամարտը նոր թափ կը ստանայ, մրցողները կը նմանին այն ըմբիշներուն՝ որոնք երկուքով կամ երեքով (երբեմն ալ աւելի մեծ թիւերով) կրկէս (ռինկ) կը մտնեն նոյն թիւով հակառակորդներու դէմ: Իսկ իրական ըմբշամարտերը շատո՜նց վերածւած են շահադիտական խայտառակ բեմադրութիւններու, իսկ հանդիսականները՝ կամաւոր «կթւողներու»:
ԱՖՐԻԿԷԻ, ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ, ՄԻՋԻՆ ԵՒ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ԱՐԵՒԵԼՔՆԵՐՈՒՆ մէջ, համբակներն ու տխմարները ետ չեն մնար արեւմտեան իրենց «ախոյեաններէն»: Չմտնենք մանրամասնութիւններու մէջ, որովհետեւ կարելի է հատորներ լեցնել: Կը նախընտրենք բաւականանալ Արեւմուտքի համբակախումբերու այս ուրւագիծով, բարձրացնելով հարց մը, թէ՝ Հայաստան այդ ո՞ր Արեւմուտքին հետ բարեկամանալու կը վազէ (պահ մը մոռնանք իրողական կացութիւնները), ա՞յն Արեւմուտքին, որ ինքն իր մէջ բաժան-բաժան է իրողապէս, բաժիններուն ղեկերուն են անատակներ եւ… ծաղրածու գործակատարներ: Վաշինգտոնի՝ որուն հետ համաձայնագիր մը ալ կնքւեցաւ, թէ՞ Եւրոպական Միութեան՝ որուն դուռներուն կը ներկայանայ իբրեւ երազատես… մուրացկան:
Քուլիսներու մէջ կատակ մը ծնած է. կըսւի, որ Ողիմպիական կոմիտէն (որ, ի դէպ, նոր նախագահուհի մը ունեցաւ քանի մը օր առաջ), պիտի քննարկէ իշխանապետերու համար մեդալաբաշխութեան նոր դրութիւն մը՝ տխամարները դասակարգելու համար: Նոյն կատակաբանները կըսեն, թէ հիմնական դժւարութիւնը հոն է (եղեր), որ կոմիտէն ստիպւած պիտի ըլլայ միայն մէկ տեսակի՝ ոսկեայ մետալներ բաշխելու, որովհետեւ արծաթեայ եւ պղնձեայ մետալի արժանացող պիտի չըլլայ:
Ըստ նոյն զրոյցներուն՝ ոսկեայ մետալներու թեկնածուներ կան Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի մէջ եւս: Հոն, ոսկին կը շահի «սուլթան» Էրդողանը, իսկ մնացեալը բաժին կիյնայ Ալիեւի: Մանրուքներ ալ կրնան տրւիլ իրենց գործակիցներուն:
***
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ոչինչով կը զիջի այս մրցավազքին մէջ, որովհետեւ Երեւանի իշխանութեան ղեկին կանգնած են համբակապետ մը եւ ի՛ր «ղոլամները»: Վարչապետ, նախարարներ ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ (բոլորն ալ իշխանական կամ անոնց աղբիւրէն ջուր խմող) ամէն օր անատակութեան եւ տխմարութեան նոր ապացոյցներով հրապարակ կու գան: Ազգային ժողովի նիստերուն՝ վերջին օրերուն, իշխանաւորները քանի մը քայլ աւելի յառաջ գացին եւ իրարմէ խօսք խլելով՝ ապիկարութեան եւ հայրենիքին նոր պատուհասներ խոստացող «ցուցահանդէս» մը ցուցադրեցին: Ոսկեայ մեդալի թեկնածուներուն շարքին, կասկած չկայ, որ վարչապետը մնաց անմրցելի (Ողիմպիական կոմիտէն կրնայ քիչ մը հանգստացնել միտքը) եւ ոսկեայ մեդալին միակ արժանաւորը: «Արցախը մոռցէք»-ի ալիեւեան հրահանգները կրկնելէ զատ (չթւենք միւս հրահանգները), նախկին նախագահներուն ասպարէզ կարդալու իր բացագանչութիւններն ու ջղագարութիւն մտանող սպառնալիքները ճակատաբաց ցուցադրւեցան պատկերասփիւռի պաստառներէն, գործնապէս ցոյց տալով, որ թմրեցուցիչ կամ ոգելիցներ գործածողը ո՛վ է եղեր, Երեւանի մէջ ի՛նչ մակարդակի «ազգընտի՜ր» մը կայ, իսկական… կապւելիք մը:
Խորհրդարանի պատերէն դուրս, համբակութեան (դուք ըսէք նաեւ բռնատիրական եւ կամայականութեան) նոր ալիքներ ի յայտ եկան այլ դաշտերու մէջ: Մինչ Գիւմրիի տեղական ընտրութիւնները կը մօտենան բարձրակէտին, ահա ՔՊ-ի մէկ քանի մրցակիցներ կալանաւորւեցան եւ քանի մը ժամ ետք… ազատ արձակւեցան, սա եղաւ բացայայտ ճնշումի թատրոն մը: Հայաստանի «ժողովրդավարութեան պասթիոն» ըլլալուն նորագոյն վկայութիւնն էր: Ու եթէ պատահի, որ Գիւմրիի մէջ վաղը ՔՊ-ականները նման «ժողովրդավարութեամբ» փորձեն իւրացնել քաղաքապետարանը… (չե՞ն փորձեր՝ կըսէք. բայց մօտիկ անցնեալին նոյն քաղաքին մէջ եւ այլուր՝ զիրենք պարտութեան մատնողները հալածեցին, պաշտօնազրկեցին, բանտարկեցին եւ այլազան զրպարտութիւններով բեռնաւորեցին): Անդին, վարչապետին կամակատարը ըլլալ մերժողներ, մեծ մասամբ ՔՊ-ականներ, մէկը միւսին ետեւէ պաշտօնազրկւելէ ետք, հիմա նոյն ալիքը կը տարածւի նախկին ՔՊ-ականներու եւ այլ ընդդիմադիրներու վրայ:
Անատակութեան այլ ապացոյցներ կը «պայթին» քիչ մը ամէն տեղ: Վերջին օրերուն, սահմանամերձ գիւղեր ահ ու սարսափի կը մատնւին սահմանէն… ասդին հաստատւած ազերիներու կողմէ (մի՜ մոռնաք, որ որոշ ոտնձգութիւններ կը կատարւին վերջին տարիներուն նոյնինքն Հայաստանէն խլւած հողերէ եւ դիրքերէ), իշխանութիւնները կը փորձեն հաւաստել, որ ազերիները դիտումնաւոր կերպով չեն կրակեր (անմիջապէս փակագիծ մը բանանք եւ նշենք, որ հոն ալ իրար հակասող, զիրար ժխտող յայտարարութիւններ կարձակւին իշխանականներու կողմէ), կարգ մը գիւղացիներ ալ կըսեն, որ կրակոցները հաւանաբար Ռամազանի կամ Նոռուզի տօներուն առիթով եղած են: Բայց մէկը չըսեր, թէ այս դէպքերը ինչո՞ւ կը պատահին… Սիւնիքի Խոզնավար գիւղին ու մօտակայ բնակավայրերու դէմ, Տաւուշէն խլւած գօտիէն բաւական հեռու, այսինքն այն շրջանին մէջ, որուն ուղղւած են ազերիներուն աչքերը, «Զանգեզուրի միջացնքը այս կամ այն ձեւով պիտի ունենանք» ըսողները, որոնցմէ «խաղաղութեան համաձայնագիր» կը մուրայ Երեւանի ՔՊ-ապետը, իսկ ուսապարկ մը Ադրբեջանի կոչ կուղղէ չփախցնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի առիթը (Ալիեւ արդեօք վա՜յ, չփախցնե՞մ բացագանչեց, թէ սրիկայական ժպիտով մը ձեռքը թափ տւաւ): Ի վերջոյ, Երեւանի իշխանութիւնները ինչո՞ւ բողոքի ձայն եւ ամբաստանութեան մատ չեն բարձրացներ ընդդէմ ազերիներուն, որոնք վերջին շրջանին, օրը քանի մը անգամ հայկական կողմը կը մեղադրեն, իբրեւ թէ կրակ բացւած է իրենց դիրքերուն դէմ: ՔՊ-ականներու ստրկամտութիւնը եւ ժողովուրդն ու ազգը ստրկացումի տանիլը սահման ունի՞ արդեօք, իսկ ազերիական մեղադրանքներու նոյն բառերով հերքումը այլեւս դդումի համն ալ կորսնցուցած է:
***
Աշխարհն ու մեր հայրենիքը ընդմիշտ անյուսութեան մէջ պիտի չմնան, համբակներու իշխանութիւնը պէտք է վերջ գտնէ անյապաղ: Իսկ ինչպէ՞ս՝ հետեւեալ անեկդոտը կրնայ գաղափար մը տալ:
Կը պատմւի, որ հին օրերուն, գիւղապետի մը խենթ զաւակը ամէն օր բաղնիք կը մտնէ (խօսքը հանրային բաղնիքի մասին է) եւ դիմացը ելլողը կը ծեծէ: Մարդիկ կը հանդուրժեն, որովհետեւ ի վերջոյ, տղան «կռնակ ունի», գիւղապետին լակոտն է: Ժամանակ կանցնի, մարդիկ կը զզւին, սակայն հնար մը չեն գտներ փրկւելու: Օր մըն ալ, մէկը գիւտ մը կընէ: Բաղնիք կերթայ, եւ երբ գիւղապետին տղան իրեն կը մօտենայ ու ձեռքը կը բարձրացնէ զինք ծեծելու, մարդը նախայարձակ կըլլայ եւ լաւ մը կը ծեծէ խելագարը: Տղան բաղինքէն դուրս կը վազէ պոռալով. «Բաղինքին մէջ կապւելիք խենթ մը կայ…»: