Յակոբ Կ. Մանճիկեան. «Երբ Թեհլիրեանը տեսնէի, ամբողջ մարմինս տեսակ մը կըլլար՝ թէ՛ կը յուզւէի, թէ՛ կուրախանայի եւ թէ՛ կը հիանայի»
Անտիպ վկայութիւն մը՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի մահւան 65-ամեակին առիթով

23 մայիսին մահւան 65-ամեակն է հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքին՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի: Հայոց պատմութեան մէջ գլխագիրով դրոշմւած է անունը Սողոմոն Թեհլիրեանի, որ 15 մարտ 1921-ին Բեռլինի Չարլոթընպըրկ թաղին մէջ ցերեկով զգետնեց հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրւած Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն՝ Թալէաթ փաշան, այդպիսով ալ անմահանալով մեր ազգային յիշողութեան մէջ:
17 մարտ 2002-ին Կալիֆորնիոյ մէջ, Ֆրեզնօ, Քեսապի Գարատուրան գիւղի հարազատ զաւակ, ազգային-հասարակական գործիչ, հրապարակախօս եւ գիրքերու հեղինակ Յակոբ Կ. Մանճիկեան հետեւեալ սրտի խօսքը արտասանած է Սողոմոն Թեհլիրեանի վերանորոգւած գերեզմանի բարեկարգման առիթով:
Օրին Աւետիս Գրիգորեան այս առիթով զրուցած է հանգուցեալ Յակոբ Կ. Մանճիկեանին հետ, երախտագիտութիւն իրեն՝ արձանագրութիւնը երկար տարիներ բծախնդրօրէն պահած է, եւ խորին շնորհակալութիւն, որ զայն սրտբաց կերպով տրամադրեց ինծի՝ զայն հրապարակելու համար: Նկատի ունենալով, որ 23 մայիսը համայն հայութեան արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի մահւան 65-ամեակն է, դիպուկ նկատեցինք ցարդ նեղ շրջանակի մէջ մնացած այս ձայնագրութիւնը յանձնել «Ազդակ»-ին՝ նկատի ունենալով անոր արժէքն ու նոր սերունդներուն փոխանցելիք պատգամը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ձայնագրութեան արտագրումը՝ կարելի եղածին չափ պահելով հարազատութիւնը:
ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ֆրեզնոն ինծի համար շատ հարազատ տեղ մըն է: Տարիքի բերումով եւ այլ զբաղմունքներու պատճառով, վերջերս, վերջին տարիներուն, իմ այցելութիւնները շատ նւազած են: Երբ որ կանցնիմ Ֆրեզնոյի շրջակայ գիւղաքաղաքներէն, կը յուզւիմ, որովհետեւ այդ գիւղաքաղաքներուն մէջ ունէինք այնքան սիրելի ընկերներ, որոնք մեր հայրենիքը կը մարմնաւորէին: Ֆրեզնոն Հայաստանի խճանկարն էր Ամերիկայի մէջ, բոլոր գաւառներէն՝ իրենց աւանդութիւններով, իրենց սովորութիւններով, մանաւանդ՝ իրենց հիւրասիրութեամբ: Ինծի համար շա՛տ սիրելի վայր մըն էր, հիմա ալ է: Բայց այս անգամ այս առիթով քիչ մը յուզումով եկայ հոս, որովհետեւ ընկ. Թեհլիրեանը յիշեցինք, յուզւեցանք, բայց նաեւ ներշնչւեցանք, որովհետեւ տասը դարը անգամ մը Սողոմոն Թեհլիրեանի պէս հայ մը կը ծնի, ես քիչ առաջ իր շիրիմին մօտ ըսի, որ իր մեծութեան գաղտնիքը իր խոնարհութեան մէջ էր:
Սողոմոն Թեհլիրեան խոնարհ մեծութիւն մըն էր, կամ աւելի ճիշտը՝ մեծութիւնը ի՛նքն էր: Եթէ կուզէք, դրւագներով պատմեմ. Շրջանային գործադիր մարմինի փոխատենապետն էր, ժողով ունէինք այստեղ: Ուրեմն ատենապետի բացակայութեան ժողովը կը վարէր ինքը՝ Սողոմոն Թեհլիրեանը, իբրեւ փոխատենապետ:
Քիչ մը ուշացումով «Ասպարէզ» թերթի խմբագիր ընկ. Անդրէ Ամուրեանը ժողովի եկաւ ի պաշտօնէ, եւ ներողութիւն խնդրելէ ետք ըսաւ, որ իր ուշացման պատճառը այն էր, որ Բէյրութէն ստացած էին հեռագիր՝ մեր հին ֆեդայիներէն ծերունազարդ Վարդան Շահպազին մահը գուժող:
Այդ որ լսեց Սողոմոնը, դէմքը կաս-կարմիր եղաւ, գլուխը առաւ ձեռքերուն մէջ, հայեացքը խոնարհեց եւ հազիւ կրցաւ մրմնջել. «Ափսո՜ս, տիպա՜ր ֆեդայի էր»:
Չեմ կարծեր, թէ մեր երեք հազար տարւան պատմութեան ընթացքին որեւէ հայ ստացած ըլլայ այնքա՛ն օրհնութիւն, այդ ալ՝ ամբո՛ղջ հայ ժողովուրդէն, որքան՝ Սողոմոնը:
Երբ որ Սողոմոն Թեհլիրեան իր արարքը գործեց, մեր համրանքին քառասուն տոկոսը որբեր եւ այրիներ էին: Մնացած վաթսուն տոկոսն ալ անպայման սիրելի մը կորսնցուցած էր այդ Մեծ Եղեռնին: Ուրեմն, երբ որ բոլորը լսեցին Թալէաթի մահը, եւ Սողոմոն Թեհլիրեանին անունը հրապարակ եկաւ, կարելի է երեւակայել այն երկիւղածութեամբ արտայայտւած օրհնութիւնները հայ ժողովուրդին՝ ամբողջ աշխարհին մէջ:
Սողոմոն Թեհլիրեանը Վարդան Շահբազը ճանչցած էր 1916-ին: Նախ ըսեմ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանը Համաշխարհային Ա պատերազմին՝ 1915-ին, հայ կամաւորական առաջին գունդին հետ մասնակցած էր Վասպուրականի ազատագրական բոլոր կռիւներուն: Պէտք է ըսեմ նաեւ, որ Սողոմոնին միւս բոլոր ընկերները մեր արդարահատոյցները եղան: Միսաք Թորլաքեանը պաշտպանական ճակատին վրայ մահացու կերպով վիրաւորւած էր: Վիրաւորւած էր նաեւ Արամ Երկանեանը՝ դարձեալ Բաշ Ապարանի պաշտպանական ճակատին վրայ: Վիրաւորւած էր ընկեր Յարութիկը՝ Յարութիւն Յարութիւնեանը:
Ասոնք բոլորը մասնակցած էին նախապէս մեր ազատագրական պայքարին՝ 1914-էն մինչեւ 1918-ը: Սողոմոնը ուրեմն Վասպուրականէն իր վերադարձին ժամանակ մը Երեւան մնալէ ետք, այն ատեն հազիւ 18-19 տարեկան էր, երբ ռուսական բանակը գրաւեց Էրզրումը (Կարինը), ապա Երզնկան, ինքը աճապարեց Երզնկա՝ իր ծննդավայրը, որպէսզի ձեւով մը գոնէ լուր ունենայ իր հարազատներուն, իր սիրելիներուն մասին:
Իր հայրը եւ հօրեղբայրները այն ատեն կը գտնւէին Սերբիա, բայց իր բոլոր հարազատները տակաւին կը գտնւէին Երզնկայի մէջ: Երբ հոն հասաւ, տեսաւ իր հայրենի աւերակւած տունը, տեսաւ ամայացած իր հայրենի ծննդավայրը, տեսաւ ամբողջ այդ ամայութիւնը եւ սարսափելի հոգեկան վիճակի մը ենթարկւեցաւ: Այն ատեն է, որ ծանօթացած էր Վարդան Շահբազին, որ, իր կարգին, մէկուկէս տարւան երկա՜ր ոդիսականէ մը՝ Սեբաստիայէն լեռներու վրայ հազարումէկ դժւարութիւններ ետք, հասած էր Երզնկա Մուրատին հետ միասին: Մուրատ այն ատեն կոչ ուղղած էր հայ ժողովուրդին՝ «Մէկ հայ, մէկ ոսկի»: Ասոր նպատակն էր ստեղծել ֆոնդ մը եւ իւրաքանչիւր հայ մէկ օսմանեան ոսկիով փորձէ ազատել այն որբուհիները, որբեւայրիները քիւրտերու քովէն՝ լեռները ապաստանած: Այդ արշաւին Թեհլիրեան Վարդան Շահբազի հետ մասնակցած էր Տէրսիմի լեռներուն վրայ: Եւ այդ էր պատճառը, որ ինք գրեթէ կաթւածահար պիտի ըլլար, երբ որ ստացաւ Վարդան Շահբազին մահւան գոյժը:
Մեծութիւն մըն էր Թեհլիրեան, եւ իրօք մենք տակաւին կը դժւարանանք ուսումնասիրել իր կեանքին այն բոլոր մանրամասնութիւնները, հետազօտել անոր կեանքը եւ ի վերջոյ գալ եզրակացութեան մը, թէ ինչպէ՛ս այդպիսի մարդիկ այդ խոնարհ վիճակէն այդքան կը բարձրանան:
Պատմեմ այլ դրւագ մը. երբ որ մենք ի պատիւ իրեն Լոս Անջելէսի մէջ, ուր նոր էր եկած, ընդունելութիւն-ճաշկերոյթ մը կազմակերպեցինք, իրեն տւած էինք վերջին խօսքը: Երբ բեմ բարձրացաւ խօսելու, ներկաներուն մէջէն մեզի ծանօթ շատ պատւական ազգային մը՝ Լոս Անջելէսէն Խորէն Փափազեանը, այնքան յուզւած էր, որ վազելով աստիճաններէն բեմ բարձրացաւ, յարձակեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանին վրայ, գրկեց անոր թեւը (չեմ կրնար առանց յուզւելու պատմել) եւ սկսաւ համբուրել անոր ա՛յն ցուցամատը, որով ան քաշած էր իր հրազէնին փլթակը եւ մեր արժանապատւութիւնը փրկած էր: Ուրեմն հետագային, երբ որ կատակով ընկ. Թեհլիրեանին հետ այս դէպքը կը յիշէինք, կըսէր. «Ի՜նչ կը համբուրէ, կը խածնէր մատս, այնքա՜ն յուզւած էր մարդը»:
Այդ տեսարանը շատ խորհրդանշական էր: Եւ իրեն թելադրւեցաւ, որ նկար մը առնւի: Ինքը հայրենակից մը ունէր՝ Գուրգէն Ռուզկերեան, որ համբաւաւոր լուսանկարիչ էր, Փասատինա կապրէր: Առաջարկւեցաւ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանը երթայ իր հայրենակիցին մօտ, որ Ցեղասպանութեան վերապրողներէն էր, եւ որուն յաճախ ալ կայցելէր ան, եւ նկարւի ճիշտ այն ձեւով, երբ գործած է իր արարքը, եւ իր այն ցուցամատը, որ սրբութեան սրբոց է, յստակօրէն շեշտակի կերպով երեւնայ:
Եթէ վերջին 2-3 օրը «Ասպարէզ» թերթին մէջ իր նկարը տեսաք, հոն կայ այդ նկարը, թէեւ փոքր է, բայց եթէ աւելի մեծցած իր բնական վիճակին մէջ, ինչպէս որ ինքը լուսանկարած էր, աւելի ցայտուն է: Գուրգէնը արւեստագէտի իր հանճարը ի գործ դրած էր եւ զինքը այնպիսի դիրքի մը վրայ դրած ու լուսանկարած է, որ Թեհլիրեանի ցուցամատը երեւի: Ասոնք խորհրդանշական բաներ են, որոնք մարդուն նկարագիրը, իր ունեցած առաքինութիւնները, արժանիքները ցոյց կու տան, եւ այդ նկարը շատ խորհրդաւոր նկար մըն է: Նկարին պատմութեան ներշնչման աղբիւրը Խորէն Փափազեանն է, որ, Աստւած գիտէ, թէ քանի՛ սիրելիներ կորսնցուցած էր հեռաւոր Մալաթիոյ՝ իր ծննդավայրին մէջ եւ ձեռնարկին այնքան յուզւած էր, որ ներքին մղումով մը խուժեց բեմ եւ գրկեց Սողոմոնը, որ չկրցաւ ազատիլ անոր ձեռքերէն: Յուզւած էր ոչ միայն Փափազեանը, այլ՝ ամբողջ ժողովուրդը, նոյնիսկ եղան ոմանք, որոնք մեղադրեցին Գուրգէն Ռուզկերեանը, թէ ինչո՞ւ չնկարեց այդ պահը, հո՛ն, բեմին վրայ, ճի՛շտ այն ձեւով, երբ Խորէն Փափազեանը գրկեց Թեհլիրեանը այդքան ինքնաբուխ եւ ամուր:
Ուրեմն ասոնք դէպքեր են, որոնք անջնջելի կերպով կը մնան մարդուն յիշողութեան մէջ: Եւ իրօք, որ բոլոր մեծութիւնները խոնարհութենէն է, որ կը սկսին, եթէ խոնարհութենէն չէ ծնած մեծութիւնը, այն մեծութիւն չի կրնար դառնալ: Եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի մեծութիւնը իր խոնարհութիւնն էր: Չեմ գիտեր, երբ որ զինքը տեսնէի, ամբողջ մարմինս տեսակ մը կըլլար, ե՛ւ կը յուզւէի ե՛ւ կուրախանայի ե՛ւ կը հիանայի, մանաւանդ որ ինքը կրցած է իր այդ հոգեկան տառապանքին մէջ ինքզինք զսպել, իր հոգեկան կարգապահութիւնը գտնել եւ այդ արարքը գործել:
Մէկ բան ալ մեծապէս ազդած է վրաս. երբ Սողոմոնը կը պատմէր, անոր պատմածները գրի կառնէր իրեն պէս տառապող մարդ մը՝ Վահան Մինախորեանը, որ մեր մտաւորականներէն մէկն է, եւ որ իր կարգին ունի 1915 թւականի իր կեանքի ողբերգութիւնը այդ տարագրութեան ընթացքին: Թէեւ Թեհլիրեան ինք կրնար գրել, բայց Վահան Մինախորեանին գրել տւած է իր յուշերը:
Զիս կը յուզէ այն պարագան, որ Թեհլիրեան որքան յանդուգն էր, նոյնքան ալ ասպետական ոգի ունէր: Հիմա ասպետական ոգին դժւար է բացատրել, բայց ըսեմ հետեւեալ ձեւով: Եթէ կարդաք անոր յուշերը կամ վերյիշումները, կը տեսնէք, որ ինքը, երբ որ Բեռլինի Հայտէնպէրկ փողոցի մէկ կողմը վարձած էր սենեակ մը, որուն դիմացը Թալէաթ փաշան էր, որուն հետքը գտած էին, երբ Թեհլիրեան տեսաւ, որ Թալէաթ փաշան իր բնակած տունէն վար իջաւ, ինք իր հրազէնը բռնած՝ ցատկեց, ետեւէն վազեց, բայց Թալէաթի քալած փողոցին հակառակ ուղղութեամբ դիմացի փողոցն էր կամ մայթին վրայ էր: Ինքը կըսէ, որ գացի իրեն հետ զուգահեռ, երբ որ բաւական անցայ վար, կտրեցի փողոցը եկայ ճիշտ դիմացը, նայեցայ աչքերուն, յետոյ կրակեցի, կը պատմէ:
Ասիկա քաջութենէն շատ աւելի մեծ բան մըն է, ասիկա առաքինութիւն մըն է, որ ամէն մարդ չի կրնար ունենալ:
Այսինքն ըսել կուզէ, որ՝ «Նայէ, կռնակէդ չեմ զարներ քեզի, դիմացէդ կը զարնեմ: Դիմացէդ կը զարնեմ, որպէսզի գիտնաս, թէ քու գործած ոճիրդ չի կրնար առանց քաւութեան վերջանալ»: Ասոնք բաներ են, որոնք մարդու վրայ շատ կազդեն: Ես անձամբ չեմ կրնար երեւակայել, նկարագրել այն երջանկութիւնը, զոր ունեցած եմ իր ներկայութեան: Կը պատահէր, որ ժողովէն վերջը գիշերը օդակայան պիտի հասցնէի զինք Լոս Անջելէսն մինչեւ «Ինթըրնեշընըլ էրփորթ»: Կը տանէի մեր տունը: Զարմանալի մարդ մըն էր, այդքան համեստ, չես կրնար հաւատալ, թէ մարդ մը, որ մրջիւնին վրայ կոխելու կը դժւարանայ, ինչպէս այսպիսի հերոսական արարք կրնայ գործել: Այսինքն Սողոմոնին արժանիքները շատ տարօրինակ են, ես զինք ճանչցած եմ երկար տարիներ, որուն համար այնքա՜ն ուրախ եմ…
Թերեւս դժւար է այս բոլորը, այսինքն կարգաւորւած ձեւով ներկայացնելը, բայց մեր ժողովուրդը Թեհլիրեանին մեծութիւնը, նաեւ խոնարհութիւնը պէտք է գիտնայ: Եւ դժբախտութիւնը այն է, որ նոր սերունդը չի կարդար այս բոլոր բաները, որպէսզի ինքն ալ իր հոգին ազնւացնէ այդ ազնւական արարքներով: Յաճախ կըսեմ, թէ տիեզերական ճշմարտութիւն է, որ ապրողները մարդկութեան վրայ կիշխեն միայն, մեռելները, կամ ննջեցեալներն են, որոնք մարդկութիւնը կը կառավարեն:
Մենք ի՞նչ ունինք այս աշխարհի վրայ իբրեւ հայ ապրելու, եթէ ոչ՝ մեր անցեալը, որ մեզ պիտի ներշնչէ ներկան կառավարելու եւ դէպի ապագայ առաջնորդւելու: Իմ պատգամս հետեւեալն է. եթէ հայ մը Արարատ մը չունի իր հոգիին մէջ, պէտք է անպայմանօրէն հերոս մը ունենայ իր հոգիին մէջ: Նայեցէք մեր սկզբնական շրջանի առաջնորդներուն, օրինակ՝ Ահարոնեանը կըսէ երիտասարդներուն, պատանիներուն հոգին լեկենտարներու կարօտ է, այսինքն՝ հերոսներու: Մեր գրագէտներէն Ռուբէն Զարդարեան Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կըսէ՝ «Վա՜յ անոր, որ սուլթան մը չունի իր հոգիի մէջ», այսինքն հերոս մը այնտեղ գահ մը չէ դրած, եւ հերոս մը իբրեւ սուլթան, իբրեւ թագաւոր բազմեցուցած չէ այդ գահին վրայ: Այս ձեւով է, որ կարելի է երիտասարդութիւնը ներշնչել, որ հայանք չարչի չենք, այլ, ինչպէս մեր պատմահայրը կըսէ, «Բազում են արարք մեծ ի մերում աշխարհի», մեր փոքրիկ աշխարհի մէջ բազմաթիւ են արիութեան գործերու օրինակները, եթէ մարդը արիութեան գործերու արմատը չունենայ իր հոգիին մէջ, չի կրնար իր ազգին համար զոհւիլ: Եւ ազգերը կը յառաջադիմեն միայն իրենց քաղաքացիներուն զոհողութեամբ:
Երբեմն ինծի կըսեն՝ «Եղբա՛յր, դուն անցեալի մէջ կապրիս»: Ո՛չ, ես անցեալի մէջ կապրիմ, բայց անցեալի մէջ բանտարկւած չեմ: Անցեալով կը սնանիս, անցեալով կը սնանիմ, այո՛, ճիշտ է բառը, անցեալով եթէ չսնանիս, արմատ չունեցող ծառի կը նմանիս, որ չի կրնար ծաղկիլ ու պտուղ տալ…
Ազդակ