ԳաղափարականԴաշնակցական Բեմ

«Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» ՀՅԴ 135-ամեակի լաւագոյն նւէրն է

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի Պատասխանատու Եւ Հայկական Պատգամաւորական Բլոկի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի խօսքը՝ «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» հատորի շնորհահանդէսին.

Այս օրերուն,

– Երբ ամէնուրեք մտքի եւ խորքի անկում կայ եւ դիտումնաւոր ուղեղալւացում՝ արժէքները քանդելու, ոտնակոխելու եւ ուղեղները առաջնորդելու մակերեսային եւ թեթեւաբարոյ տրամաբանութեան,

– Երբ խօսքը, գիրն ու գաղափարը տեղի կու տան թեթեւ հաճոյք պատճառող ցուցադրական քարոզչութեան,

– Երբ ամէն ճիգ կը թափւի նաեւ հայկական միջավայրի մէջ՝ Հայաստան եւ սփիւռք, նորահաս սերունդները, երիտասարդութիւնը խզելու պատմութենէն, մեր ժողովուրդի սրբութիւններէն, մեր ամուր պահած եւ գոյատեւումը ապահոված արժէքներէն,

ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ հաստատւած «ՎԷՄ» մատենաշարը ժողովուրդին սեփականութեան կը յանձնէ 10-րդ հատորը՝ այս անգամ «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» խորագիրով, եւ բնականաբար՝ ընկեր Երւանդ Փամպուքեանի պատրաստութեամբ, խմբագրութեամբ եւ ծանօթագրութիւններու յաւելւածով։

Բծախնդիր, շարունակւող, աչքի լոյս, ջիղ եւ լայն համբերութիւն պահանջող աշխատանք, որուն լաւագոյն կատարողն է ընկեր Երւանդ Փամպուքեան:

Ռուբէն Զարդարեան հանրութեան ծանօթ է իբրեւ գրագէտ ու հրապարակագիր:

Դաշնակցական Զարդարեանը նւազ ծանօթ է, նոյնիսկ՝ դաշնակցական մեր ընկերներուն:

Ընկեր Երւանդ Փամպուքեան ոչ միայն մատենագիտական լուրջ ու հետեւողական աշխատանքով կը ներկայացնէ Զարդարեանին նամակները, այլ նաեւ այդ նամակներուն ընդմէջէն մարմին կու տայ Զարդարեան դաշնակցականին, որուն եւ իր նմաններուն շնորհիւ ապրած է այս կուսակցութիւնը ամբողջ 135 տարիներ ու կրնայ ապրիլ նոյնքան եւ աւելի, որովհետեւ պիտի ծնին նմաններն ու ապրեցնեն ՀՅԴ-ն եւ անոր ճամբով զօրացնեն մեր ժողովուրդի գոյատեւման կամքը։

Դաշնակցական Զարդարեան Ցեղասպանութեան նախօրեակին Պոլիսը ձգելու եւ արտասահման փոխադրւելու յամառ պնդումներուն կը պատասխանէ, թէ դասալքութիւն է հայ ժողովուրդը ձգել աղէտին գիրկը եւ հեռանալ-երթալ։

Չհեռացաւ Զարդարեան եւ ձերբակալւեցաւ ճիշտ այնպէս, ինչպէս Բաքւի մէջ կալանաւորւած Արցախի մարտնչող ղեկավարները, որոնք մերժեցին հեռանալ ու մնացին Արցախ եւ այսօր ենթակայ են անարդար կալանաւորման եւ դատավարութեան, բայց կը մնան ամուր՝ յուսադրելով ո՛չ միայն բռնի տեղահանւած արցախահայութիւը, այլ՝ ողջ հայութեան բոլոր ազգային զանգւածները։

ՀՅԴ-ի 135-ամեակի լաւագոյն նւէրն է այս գիրքը։

Սիրելի՛ ընկեր Երւանդ, մեզմէ շատերուն ուսուցիչը՝ համեստութեան, աշխատասիրութեան, աննկուն կամքին, հաւատարմութեան, յստակատեսութեան, խորքային մտածողութեան, դիմադրականութեան եւ դասալքութեան մերժման,

Վարձքդ կատա՛ր, ընկեր Երւանդ,

Գրիչդ երբեք չկոտրի։

Աչքերուդ լոյսը միշտ վառ մնայ։

Կը սպասենք յաջորդ հատորիդ։

Յարգա՛նք վաստակիդ։

11 դեկտեմբեր 2025, Լիբանան

Arfd.am

Related Articles

Back to top button