Դաշնակցական Բեմ

Կարժէ՞ շունչ վատնել…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Հայաստանի քաղաքական բեմը դարձեալ ինկած է փաշինեանակերտ թակարդի մը մէջ (միակ բանը՝ որ կարող է տակաւին). մարդուկը քանի մը օր առաջ չունեցած խելապատիկէն հրապարակ նետեց նոր Հայաստանի իր գաղափարաբանութի՜ւը, եւ ահա՝ տո՛ւր որ կու տաս՝ քննարկումներ, վերլուծումներ եւ դատարկաբանութիւնները ապացուցող հակադարձութիւններ:

Կը կարծենք, որ եղածը շունչի եւ ճիգի վատնում է: Փաստօրէն, կարժէ՞ շունչ վատնել մարդու մը ըսածներուն կամ ըրածներուն վրայ, մանաւանդ երբ հրապարակ եկած է «գաղափարական հրաշալիքներ»-ու փունջով մը, որոնց սնանկութիւնը ապացուցւած է իւրաքանչիւր քայլափոխի:

Կը բաւէ միայն յիշեցնել եւ այդպէսով ալ փակել մեկնաբանութիւններու շարանը. «Ա՛յ մարդակերպ արարած. դուն չէի՞ր յայտարարողը, թէ քու գաղափարաբանութիւնդ՝ գաղափարաբանութիւն… չունենալ է: Հիմա ի՜նչ ելեր ես եւ չունեցած բաներուդ հիմամբ կը փորձես մարդիկ համոզել, մոլորեցնել»:

Իսկ եթէ պէտք է անպայման այս արարածին եւ իր խմբակիցներուն մէջ «գաղափարաբանութիւն» փնտրել, քանիցս փաստւածը այլապէս հետեւեալն է. «Թուրքիա եւ Ադրբեջան, դուք ըսէ՛ք, մենք կ’ընենք»: Չէ՞ որ Երեւանի քաղաքապետն ալ նման խոստմնալի՜ց «գաղափարաբանութեամբ» ընտրարշաւ վարեց եւ հիմա, ա՛լ թզենիի տերեւ կը փնտրէ՝ իր մտային ու գործելու կարողութիւններուն մերկութիւնը ծածկելու համար: Չար բախտէն, ձմեռ է, ծառերը տերեւաթափ եղած են:

Փանջունին հիմա կրնայ հանգի՜ստ ննջել: Զինք գերազանցողներու ամբողջ փաղանգ մը ունինք:

…Ճիգ ու շունչ պահանջողը ուրի՛շ բան է. հայրենապաշտպաններու համախմբումով՝ համաձայնութիւն գոյացնել ամբողջական տարազի մը շուրջ, որպէսզի այս անգաղափարները հեռացւին երկրի ղեկէն, քանի յաւելեալ կորուստներ չեն բերած հայրենիքին ու ազգին:

Related Articles

Back to top button