
Ներկայ պայմաններուն մէջ Վարդանանց խորհուրդը կը ներկայանայ ազգ-բանակ-եկեղեցի միաւորումով: Երբ գոյութենական սպառնալիքի դիմաց գտնւած է հայրենիքը, ապա կայացած է այդ միաւորումը, պատմութեան զանազան փուլերուն: Քրիստոնէութեան ընդունումէն գիրերու գիւտ, Աւարայր, Սարդարապատ, Արցախ: Այս փուլերը ազգի շարունակականութեան ապահովման երաշխիքներ են եւ խարսխւած են այս եռամիութեան վրայ:
Խախտած է այսօր եռամիութիւնը, հակառակ անոր որ գոյաբանական սպառնալիքը կը յամենայ: Ներխուժւած են հայրենիքի գերիշխան տարածքներ, Արցախը ամբողջովին հայաթափւած է, Արցախի հայութեան դէմ իրականացւած է ցեղային զտում, թշնամին կը սպառնայ նոր տարածքներու` կառուցելու համար թուրանական կամուրջը: Նախապայմաններով կը թելադրւի հարցականի տակ առնել Ցեղասպանութեան պատճառները, հրաժարիլ տարածքային պահանջատիրութենէ, փոխել սահմանադրութիւնը եւ համապատասխան օրէնսդրութիւնը, տրամադրել միջանցքը, միջազգային ատեաններ դիմել ամրագրելու համար Արցախի հակամարտութեան լուծւած ըլլալը, սահմանազատման օրակարգին տակ զիջիլ այլ ռազմավարական տարածքներ, դադրիլ սպառազինւելէ:
Նոր Յազկերտներու նոր պահանջներն են, որոնք կը դրւին հայութեան դիմաց: Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչները կը մեկնին նորացւած Տիզպոններ, կը վերադառնան հայրենիք, սակայն չեն հետեւիր Վարդանանց օրինակին:
Ընդհակառակը, միաւորելու փոխարէն կը բաժնեն ազգը, կը խզւին եկեղեցիէն, կը հեղինակազրկեն զինւորական հրամանատարութիւնը եւ կընդառաջեն նոր Յազկերտներու պահանջներուն:
Կընդունին, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակը սպառած է, կը հաստատեն, որ Արցախը մաս կը կազմէ Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան, կապերը կը խզեն եկեղեցւոյ հետ, կը շրջանցեն սփիւռքի կառոյցները, կիրականացնեն սահմանազատում հակառակորդի թելադրած կանոններով, պատրաստակամութիւն կը յայտնեն փոխելու Սահմանադրութիւնը, հարցականի տակ կառնեն Ցեղասպանութեան պատճառականութիւնը, կը հրաժարին տարածքային պահանջներէ:
Այն ինչ որ կը պահանջէ նոր Յազկերտը հայկական կողմը կը պատրաստւի տրամադրելու, ընդառաջելու, միակողմանի զիջելու:
Վարդանանք ալ պարտւած էին ռազմական դաշտին վրայ: Սակայն չէին զիջած սկզբունքները: Գիտակից էին, որ կրօնափոխ Հայաստանը կենթադրէր ազգի գոյութեան եւ շարունակականութեան երաշխիքներու կորուստ: Կենթադրէր աւելին` ամբողջ տարածաշրջանի մը քաղաքակրթութեան արմատական փոփոխութիւն: Արժեհամակարգի տապալում: Իմացեալ մահով պէտք էր փրկել հայրենիքը: Իսկ փրկելու գիտակցութեան շուրջ համախմբւած էր ազգ-բանակ-եկեղեցի եռամիութիւնը:
Այդ գիտակցութիւնն էր, որ ռազմական կորուստին եւ բարոյական յաղթանակին հետեւցուց Վահանանքը, որոնք կռւելաձեւի մարտավարական փոփոխութիւններով յանգեցան կրօնական ազատութեան պահպանումը երաշխաւորող Նւարսակի դաշնագիրին: Արժանապատիւ խաղաղութեան պայմանագիր մը, ուր կը յարգւէին հայկական կողմին առաջադրանքներն ու իրաւունքները: Ահա այդ իրաւունքներէն չհրաժարելու, հակառակ պարտութեան արժեհամակարգին կառչած մնալու եւ պայմաններու փոփոխութեան հետ գոյութիւնը պահելու, ազգի շարունակականութիւնը երաշխաւորելու համաձայնագիրի յանգումով Վարդանանքն ու Վահանանքը փրկեցին հայրենիքը ի սպառ կորուստէ: Նախկին-ներկայ ղեկավարութեան ոչ թէ բախումներով ու հակասութիւններու բաժանարարութեամբ, այլ մարտավարութեան փոփոխութեամբ միեւնո՛յն առաջադրանքները իրականացնելով:
Ամուր մնացած էր խարիսխը` ազգ-բանակ-եկեղեցի մէկութիւնը: Եւ այդ մէկութիւնն է, որ հակառակ արտաքին մեծ հարւածներուն յաջողեցաւ վերականգնել ժողովուրդը, պաշտպանել հայրենիքի սահմանները, քրիստոնէութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը:
Վարդանանք թոյլ չտւին, որ հիմնական փոփոխութեան ենթարկւի քրիստոնէական արժէքներու վրայ կայացած ամբողջ տարածաշրջանի քաղաքակրթութիւնը:
Ա Հանրապետութեան օրերուն եթէ չըլլար Սարդարապատը, Զանգեզուրեան գոյամարտը, եթէ չփրկւէր Հայաստանը, եթէ անէանար Սիւնիքը եւ կառուցւէր համաթուրանական կամուրջը, այսօր քաղաքակրթականօրէն այլ դիմագիծ կունենար ամբողջ Հարաւային Կովկասը: Եւ ոչ միայն Կովկասը:
Գոյաբանական նոյն սպառնալիքները կը յամենան այսօր: Յազկերտները կա՛ն: Չկա՛ն Վարդանները, որոնք պիտի մերժեն բոլոր նախապայմանները: Մերժելու համար թշնամիի ճշդած խաղի կանոնները նախ պէտք է վերամիաւորել ազգ- բանակ-եկեղեցի երրորդութիւնը:
Անյետաձգելի հրամայական է ուրեմն եռամիութիւնը վերակերտող պետական նոր ղեկավարութեան կայացումը:
Ազդակ