Դաշնակցական ԲեմՀՅԴ Մամուլ

«Ազդակ»-ի Սագօն. 35 տարիներու հեռաւորութենէն ողջոյն մը

Ա. Ա.

 

Յուլիս, 1989: Օր մը, առաջին անգամ ըլլալով, ոտք կոխեցի «Ազդակ»-ի յարկէն ներս: Խմբագրատունը կը գտնւէր «Շաղզոյեան» մշակութային կեդրոնի կիսայարկին մէջ, որ առաջին յարկէն կէս յարկ վար գտնւող տարածք մըն էր: Ներկայացայ լուրերու խմբագիրներու սենեակը, ուր կողք կողքի շարւած էին գրասեղաններ, որոնց ետին ծանօթ դէմքեր նստած՝ կը գրէին: Զոյգ շարքին դիմաց առանձին գրասեղանի մը ետին նստած էր կիսաճաղատ, սեւ շրջանակով ակնոցներով մարդ մը, զոր բարեւեցի: «Նստէ», ըսաւ շատ լակոնական եւ հարցուց անունս եւ մականունս: Ըսի եւ աւելցուցի, որ կուզեմ գիշերային գործ մը աշխատիլ «Ազդակ»-ի յարկին տակ: Հարց տւաւ՝ «Հայերէն գիտե՞ս»: Պատասխանեցի, որ, այո՛, գիտեմ: «Փորձենք», պատասխանեց եւ ցոյց տւաւ թափուր գրասեղան մը: «Նստէ եւ Սաութ Լըպնէնի լուրերը 15 վայրկեանէն կը սկսին: Հետեւէ եւ քանի մը լուր, քու հայեցողութեամբդ, հայերէնի թարգմանէ», ըսաւ եւ դուրս ելաւ սենեակէն: Առաջին տպաւորութիւնս դրական չէր: Սակայն այդ ժամանակ չէի գիտեր, որ հետս խօսողը «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր, բոլորին սիրելի, լրագրութեան համեստ հրամանատար, սեւ գործի անզուգական անձնաւորութիւն Սագօ Մահսէրէճեանն էր:

Տարիներու ընթացքին «Ազդակ»-ի յարկէն ներս աշխատանքիս բնոյթը յաճախ փոխւեցաւ: Քանի մը տարի լիբանանեան լուրերուն սիւնակներուն մէջ Սագոյին անմիջական հսկողութեան տակ «մարզւելէ» ետք, անցայ ներքին էջերու խմբագրակազմի շարքերը: Այդ օրերուն «Ազդակ» բաժանորդագրւած էր «Ռոյտերզ» լրատու գործակալութեան եւ ամէն օր, յօդւածի վերածւելու յարմարութիւններ ունեցող երկար տեղեկագրեր կը ստանայինք՝ տարբեր նիւթերու շուրջ, քաղաքականէն մինչեւ մշակութայինն ու մարզականը: Բաւական հարուստ ընտրանի մը կունենայինք, եւ ամէն առաւօտ, երբ խմբագրատուն երթայի եւ ներքին էջերու խմբագրական սենեակ մտնէի, գրասեղանիս վրայ կը գտնէի «Ռոյտերզ»-ի մէկ տեղեկագիրը, զոր պէտք էր թարգմանէի: Յաճախ նոյն նիւթին շուրջ քանի մը տեղեկագրերու տրցակ մը դրւած կըլլար: Այս պարագային պէտք էր թարգմանէի եւ խմբագրէի՝ զանոնք մէկ ամբողջական յօդւածի մը վերածելու համար: Այս տարիներուն Սագօն մեծ համբերութեամբ եւ սիրով մեզի (քանի մը հոգի էինք) սորվեցուց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մէկ յօդւած ստեղծել՝ քանի մը տեղեկագրեր իրարու միացնելով: Ասիկա խմբագրական աշխատանք կենթադրէր, եւ պէտք էր ըլլալ համբերատար՝ հմտօրէն աշխատանքը գլուխ հանելու համար: Ամէն օր կէսօրէ ետք Սագօն զիս կը նստեցնէր դիմացը եւ կը բացատրէր, թէ թարգմանութեան ընթացքին հայերէն լեզւամտածողութեամբ ինչպէ՛ս կարելի է անգլերէնը հայերէնի վերածել, ո՞ր բաժինը առնել եւ ո՞ր բաժինը զանց ընել: Մուտքը եւ վերջաբանը ինչպէ՞ս գրել, ինչո՞ւ այդ բաժիններուն վրայ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել, եւ՝ խմբագրական այն բոլոր գաղտնիքները, որոնց փոխանցման համար Սագօն ամէն օր, առանց դժգոհելու, մեզ ժամերով կառնէր իր դիմացը ու կը բացատրէր եւ կը բացատրէր: Այդ ժամանակ չէինք անդրադառնար, որ լրագրութեան ձրի դասընթացք մըն էր, որ կը տրւէր մեզի: Տարիներու ընթացքին ձեռք բերւած հմտութիւնը բոլորս անխտիր կը պարտինք Սագոյին, առանց որուն համբերութեան, վստահ եմ, որ մեր խումբը հմտութիւն եւ գիտելիք ձեռք պիտի չձգէր:

Հապա՞ յօդւածագրութիւնը: Ասիկա ուրիշ մարզ մըն էր, ուր երեւան կու գար սկզբունքներու եւ գիտելիքներու անսպառ աղբիւր մը եղող Սագօն: «Ըսելիքդ ըսէ: Խուսափէ դարձդարձիկ եւ խրթին ըսելաձեւէ: Ընթերցողը խաղալիքդ չէ», կը զգուշացնէր ան եւ անմիջապէս կը նշէր յօդւածին տւեալ բաժնին համար իր տարբերակը: Արագ, հանգիստ եւ վարպետօրէն: Վարպետ Սագօն, որ մեր բոլորին աւագ եղբայրն էր: Սրամիտ, համբերատար, անզիջող եւ սիրելի: Անզիջող էր ան, երբ խնդիրը սկզբունքներու կը վերաբերէր: «Կարելի չէ ընթերցողը անտեսել եւ բարձունքներու վրայ թռչիլ՝ անհասկնալի բաներ գրելով», ըսաւ օր մը ինծի, երբ «Ազդակ» բացառիկին համար «Հայկական հարսանիք» խորագրեալ աշխատասիրութիւնս կարդաց: «Մուտքը լաւ է: Գլխաւոր բաժնին մէջ խարխափումներ եւ կրկնութիւններ կան: Մաքրէ՛ զանոնք», ըսաւ եւ ժպտեցաւ: Ժպիտը անպակաս էր դէմքէն, մանաւանդ երբ սրբագրութեան դիտողութիւն մը կընէր: Չըլլայ յանկարծ նեղւէինք: Մենք ալ վարժւած էինք իր տեղին դիտողութիւններուն եւ չէինք նեղւէր:

Սագօ Մահսէրէճեան լրագրութեան դպրոց մըն է: Անոր հետեւողականութիւնը եւ գրելու ոճը յոյս կը ներշնչէ: Չեմ գիտեր, եթէ յաջողութեամբ աւարտած եմ այդ դպրոցը: Սակայն հպարտ եմ, որ երկար տարիներ աշխատած եւ գործակցած եմ Սագոյին հետ: Երեսունհինգ տարիներու փուլ մըն է, որ կտրած եմ: Սագօն այդ հանգրւանին սկզբնական 15 տարիներուն կողքիս էր, ինչպէս կողքին էր բոլորին: Ասոր համար ալ հպարտ եմ:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button