Արտակարգ ընտրութիւն եւ կլիմայի փոփոխութիւն․․․
Երկու անկապ նիւթեր, սակայն Բաքւի բռնապետը կապ մը գտած է, այդ ալ ի՜նչ կապ։
Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ որոշեց խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպել Սեպտեմբերի 1-ին, որպէսզի յոխորտանքով ներկայանայ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Բաքու ժամանելիք ներկայացուցիչներուն, որոնք նոյեմբերի 11-22-ին պիտի մասնակցին կլիմայի փոփոխութեան հարցերով Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան միջազգային համաժողովին (COP29): Ալիեւ ցոյց պիտի տայ, թէ որքա՜ն ժողովրդավարական հիմերու վրայ կը գործէ իր երկիրը…
Նախապէս, որոշւած էր, որ ընտրութիւնները տեղի ունենային համաժողովի օրերուն: Եթէ թւականի փոփոխութիւն տեղի չունենար, Ալիեւ որքա՜ն խայտառակ պիտի ըլլար աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած պատւիրակներու աչքին առջեւ, կեղծիքով եւ զեղծարարութեամբ հարուստ (վեր)ընտրութիւն մը բեմադրելով։ Եթէ առարկող ըլլար, պիտի պատասխանէր.
«Ձեզի համար սովորութի՞ւնս պիտի փոխեմ…»
Օտար դէտերու ներկայութիւնը միշտ ալ անհանգստացուցած են Ալիեւը։ Անոնք սեպտեմբերի 1-ին վստահա՛բար կրկին մտահոգութիւն պիտի պատճառեն տէր եւ տիկին նախագահ եւ փոխնախագահ ամոլին (եզակի դրութիւն մը), սակայն ըստ յիշեալ սովորութեան, նման «տաղտուկներ» կարելի պիտի ըլլայ դիւրութեամբ լուծել։ Դէտերը լաւագոյն պարագային դժգոհութիւն պիտի արձանագրեն ու… այդքան: Կարելի՞ է ակնկալել, որ աւելին ընեն: Այլ դէտեր կոյր կը ձեւանան Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ազերիական ոճիրներու դիմաց…
Պարզ է որ միջազգային համաժողովէն շաբաթներ առաջ, դասաւորւած պիտի ըլլայ ամէն բան: Ժողովի օրերուն, պիտի սարքւին զեխ սեղաններ, շքեղ պանդոկներու եւ առատ հիւրասիրութիւններու հովանոցին տակ, ժողովականներուն մեծ մասը, կուշտ ու կուռ գովաբանական բացագանչութիւներով պիտի աւարտէ զբօսա-կլիմայական այցելութիւնը։ Իսկ եթէ նրբանցքներու կամ վերելակներու մէջ «խաւիարի քաղաքականութիւն» տեղի ունենայ, ո՞վ կը վնասէ: Եւրոպացիք եւ ամերիկացիք քանիցս համտեսած են Կասպեան խաւիարն ու իրենց գրպանը լեցուցած՝ փեթրօ-դոլարներով…
Ուշագրաւ է որ Ադրբեջանի մէջ սկսած են յաճախակի դառնալ արտակարգ ընտրութիւնները։ Այս տարօրինակ ախտը վարակիչ է կովկասեան բարձրաւանդակի երկիրներուն մէջ։
Դեռ անցեալ Փետրւարին էր, որ Ալիեւ արտակարգ դրութիւն պարտադրեց երկրին մէջ եւ չսպասելով ընտրութիւններու բնականոն թւականին՝ մինչեւ 2025, որոշեց նախագահական ընտրութիւնն ալ յառաջ բերել։
Հին Յունաստանի մէջ փիլիսոփայ մը ըսած է. «Արեւուն տակ նորութիւն մի՛ փնտրէք»։ Նոյնը կրնանք ըսել Ալիեւի Ադրբեջանին համար: Անցեալ փետրւարին որոշւած նախագահական ընտրութիւններուն, բռնապետը կրկին ընտրւեցաւ եւ կառչած մնաց իր անբաժանելի աթոռին, որուն վրայ բազմած է… 2003-էն ի վեր։ Խորքին մէջ, իրողական միապետութիւն մը կը տիրէ հոն, որովհետեւ գահը ժառանգ մնացած է հայր Հէյդարէն:
Այս «արտակարգ» որոշումով, Ալիեւ եւ իր հովանաւորած «Եէնի (Նոր) Ադրբեջան» կուսակցութիւնը կը շարունակեն տիրապետել՝ ժողովրդավարական կեղծ կանոններ առաջադրելով։
Ընդդիմադիրներէն «Ժողովրդական Ճակատ» շարժումը կը մնայ միակը, որ որոշած է չմասնակցիլ ընտրութիւններուն, աւելին՝ պոյկոթի պիտի ենթարկէ զանոնք։ Անոնց ղեկավար Ալի Քերիմլի բարձրաձայն կը յայտարարէ, թէ մարդկային տարրական իրաւունքներ չեն յարգւիր եւ թէ՝ տիրող ահաւոր ու բռնատիրական պայմաններուն մէջ, ընդդիմութիւնը միշտ ալ ոտնակոխ եղած է, իսկ բանտերուն խուցերն ալ լեցուն են այլախոհներով: Անոնք նման չեն «հայ բանտարկեալներ»-ուն։
Այլ ընդդիմադիր շարժում մը՝ «Մուսաւաթ»-ը, որ բազմիցս քաշւած է ընտրապայքարէն, այս անգամ որոշած է մասնակցիլ: Պարագան նոյնն է ընդդիմադիր «Ռէալ» կուսակցութեան, որ Արցախի գրաւումէն ետք, հետզհետէ պակսեցուցած է իր քննադատութիւնները եւ իր կարգին որոշած է մասնակցութիւն բերել։ Կարելի՞ է ենթադրել, որ Ալիեւ գտած է զանոնք սիրաշահելու ձեւերը եւ կուզէ ստեղծել նորաձեւ շինծու ընդդիմադիր ճակատ…
«Միլի Մեջլիս»-ը՝ Ադրբեջանի Խորհրդարանը, կը բաղկանայ 125 աթոռներէ. ներկայիս Ալիեւի կուսակցութիւնը ունի 69 աթոռ, անշուշտ պէտք չէ մոռնալ շինծու ընդդիմադիր հոսանքներ, որոնք անունով եւ կոչումով միայն կը տարբերին իշխանականէն, սակայն ընդհանրապէս կը մնան իշխող «Եէնի Ադրբեջան»-ի հովանիին տակ։ Յառաջիկայ ընտրութիւններուն, Ալիեւ հաւանաբար աւելցնէ իր աթոռներուն թիւը:
Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ կարելի չէ էական փոփոխութիւն սպասել, ո՛չ «Միլի Մեջլիս»-ի ընտրութիւններուն, ո՛չ ալ Կլիմայի փոփոխութեան հարցեր քննարկող համաժողովէն։
«Հայրենիք» Բոստոն
Խմբագրական