ՀՅԴ Մամուլ

Սրբազան պայքար

Յիշեցէ՛ք, որ պատմութեան ընթացքին եղած են բռնակալներ եւ մարդասպաններ, եւ որոշ ժամանակ անոնք անպարտելի նկատւած են: Բայց անոնք միշտ ալ ի վերջոյ տապալած են։ Մի՛շտ»:

Մահաթմա Գանդի

(1869-1948, Հնդկաստանի պատմական ղեկավարը)

 

Գանդիի յիշեալ խօսքերը երկար մեկնաբանութեան չեն կարօտիր, ո՛չ ալ նկատի ունին այս կամ այն երկիրը։ Գանդին յիշեցինք, որովհետեւ վերջերս բաղդատականներ կըլլան Հնդկաստանի այդ հռչակաւոր ղեկավարին եւ Տաւուշի հրաշաձօն առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի միջեւ։

Եթէ ուղղակի իր կարծիքը հարցնէինք, Բագրատ Սրբազանը հաւանաբար այս բաղդադականները կատարողներուն ամենայն պարզութեամբ եւ յստակութեամբ պիտի բացատրէր, որ անտեղի է նմանօրինակ եզրակացութիւններու կամ վերլուծումներու երթալը։

Սակայն տեղին է բաղդադական մը ընելը՝ այս անզէն հոգեւորականին եւ Հնդկաստանի ղեկավարին միջեւ, որ առանց բիրտ ուժի դիմելու յեղաշրջեց իր հայրենիքին պատմութիւնը։

Գամերը իրենց տեղը տեղադրող մէջբերումներով, հանդարտ գործելաձեւով եւ սրտբաց մօտեցումով՝ Սրբազանը ստեղծած է թափանցիկութիւն մը, ուղի մը, որ իւրայատուկ է։

Զարմանալի չէ, որ Երեւանի իշխանաւորներուն հակաքարոզչական մեքենան, խորապէս մտահոգւած՝ Սրբազանին ստեղծած իրավիճակէն, դարձեալ կը փորձէ հինի եւ նորի կամ սեւի ու սպիտակի մաշած ձայնապնակները հրապարակ բերել, զանոնք «զարդարելով» նոյնինքն Սրբազանին անձը թիրախաւորող անհիմն եւ յերիւրածոյ մեղադրանքներով։ Սրբազանին եւ անոր բարձրացուցած դրօշին տակ համախմբւողներուն համար յստակ է, թէ հիները արդէն իսկ հինցած են, նորերն ալ նո՛յնքան հինցած ու մաշած, մինչեւ իսկ գերազանցած՝ «հիներուն» բոլոր խարդաւանանքները: Ան բազմիցս բեմահարթակէն հնչեցուց, թէ սեւ եւ սպիտակ չկայ այլեւս, այլ միայն ու միայն եռագոյն դրօշը՝ կարմիրը, կապոյտն ու նարնջագոյնը։

Ժողովուրդին հետ հետեւողականօրէն հաղորդակցութեան մէջ է: Արտայայտած գաղափարները պարզ են եւ անմիջական, հաղորդական։ Իրեն համար, ինչպէս՝ հայրենիքով բոլոր մտահոգներուն, ահազանգային է կացութիւնը:

Ան շատ բան կը բացատրէ ժողովուրդին, մասնաւորաբար՝ վահաններով պաշտպանւած եւ իրենց իշխանաւորներուն նստատեղիներն ու բնակարանները պաշտպանած ոստիկաններուն՝ ամենայն հանդարտութեամբ կը բացատրէ, թէ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ կարիք չկայ նմանօրինակ կացութիւններ ստեղծելու։ Ընդհակառակը, անոնք պաշտպանական դիրքեր պէտք է ունենան սահմանամերձ ճակատներու վրայ, հոն՝ ուր վտանգւած են իսկական սահմանները։

Սրբազանը քաջատեղեակ է, թէ այս ոստիկանները բանակային չեն, այլ ոստիկանէ աւելի՝ թիկնապահներ, որոնց դիմաց ցոյցի ելողներու շարքերուն վստահաբար իրենց ազգականները եւ հարազատներն ալ կան։ Այսուհանդերձ, բացորոշ է, որ այս նորօրեայ վարձկաններուն գոյութեան իմաստը՝ ամսականէ եւ պարգեւներէ չզրկւիլն է: Շշուկներ շրջան կընեն, որ ցուցարարներ հալածելու, բռնութեան ենթարկելու համար, անոնք արտակարգ վարձատրութիւն կը ստանան:

Բա՛ւ է, բա՛ւ։ Ոստիկաններուն պարտականութիւնն է բանալ սեփական ուղեղներուն աչքերը եւ գիտակցիլ իրենց արարքներուն իսկութիւնը, ծանր հետեւանքները, աւելին՝ իրենց պաշտպանած կառոյցին ու անհատին հասկցնել, թէ ժամանակը եկած է որ ոստիկանները տէր կանգնին երկրի՛ն ապահովութեան ու պաշտպանել ժողովուրդն ու հայրենիքը։ Այլապէս, ի՞նչ ցոյց կու տայ լրագրողներ խոշտանգելը, խաղաղ ցուցարարներ բռնութեան ենթարկելով ձերբակալելը… քանի մը ժամուան համար, մինչեւ իսկ նահատակի մը մայրը կրկին ու կրկին քաշկռտելը…

Եթէ ոստիկանները կը կանգնին այսպիսի մարտահրաւէրի առջեւ, նո՛յնքան կարեւոր մարտահրաւէրի դիմաց են Ազգային ժողովի անդամները, որպէսզի ապահովւին վարչապետին ու կառավարութեան պաշտօնազրկման համար բաւարար քուէները:

Յոյս կայ, որ ոստիկանները այնքան ալ «քառակուսի գլուխ» չեն, որքան Ազգային ժողովի ՔՊ-ական հլու կամակատարները։

Պելճիքացի բանաստեղծ-երգիչ Ժակ Բրէլ, իր հանրածանօթ երգերէն մէկուն մէջ.- «Տեսնել ընկերոջ մը լացը» («Voir un ami pleurer»,) իմաստուն խօսք մը ունի. «Մենք կը կարծենք, որ պատրոյգ ենք, մինչդեռ մենք պարզապէս ճարպ ենք»։

Ճարպը ներկայ իշխանութիւնն է՝ իր մանկալաւիկներով, իսկ պատրոյգը՝ Սրբազանն ու իր ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ, որ պիտի լուսաւորէ հայրենի մթագնած երկնակամարը։ Գանդիի ոճով՝ խաղաղ անհնազանդութեան այս պայքարը պէտք չէ՛ ձախողութեան մատնւի: Մեր ժողովուրդը պիտի կանգնի խաղաղ իշխանափոխութեան եւ հայրենիքի վերականգնումի պայքարի շարքերուն:

«Հայրենիք» – Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button