Հերոսամարտի ոգին պահպանելու համար
(Մուսա Լեռան հերոսամարտի 109-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով)
Հայութեան ապրած ներկայ օրերուն, օրհասական պայմաններուն մէջ Մուսա լեռան հերոսամարտի 109-ամեակի եւ անոր իբրեւ անմիջականօրէն հետեւած Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի նշումը առաջնային կարգով կը կապւին հերոսամարտի անպարտելի ոգիին հետ:
Շրջափակում, պաշարում եւ արտաքին աշխարհի հետ կապի վերացումով ժողովուրդ մը ծունկի բերելու եւ անոր բնօրրանը բռնագրաւելու համար թրքական բանակներու կազմակերպած գործողութիւնը բախեցաւ ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան:
Այդ ծառացումը նախեւառաջ ներմուսալեռցիական համախմբւածութեամբ եւ միասնականութեամբ կը մեկնաբանւի: Առաջատար ուժը, այս պարագային Դաշնակցութիւնը բաժանարարութեան չէր դիմած: Ընդհակառակը` Մուսա լեռան դրօշին տակ յաջողած էր համախմբել ամբողջ բնակչութիւնը իր բոլոր հատւածներով: Կուսակցական թէ յարանւանական մէկութիւնը ամուր յենարանային մեկնակէտ էր հերոսամարտի կազմակերպման:
Համախմբումէն ետք դիմադրելու ոգին վառ պահելը անշրջանցելի նախապայման էր ամբողջ ժողովուրդին ազգ-բանակ միաւորի վերածման եւ ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ինքնամղումին: Մուսա լեռան ազգ-բանակը փաստօրէն դիմադրե՛ց 40 օր: Պայքարելու տրամադրութիւններու ջլատում չէր, որ կը յորդորւէր պատասխանատու դիրքերէ. ընդհակառակը` քափիթուլացիան մերժելու, զէնքը ձեռքին բնօրրանը պաշտպանելու եւ Մուսա լեռը չհայաթափելու անկոտրում կամքի առարկայացումն էր, որ տեղի կունենար այս տարածքին վրայ:
Երրորդ բաղադրիչը հերոսամարտի կայացման ռազմագիտութիւնն էր եւ կռւող զինւորներու թէ օրւան իւրայատուկ հրամանատարներու դրսեւորած խոյանքներու օրինակները, որոնք կերտեցին պատմական այս արարը: Քաղաքական եւ զինւորական պատասխանատուներու համատեղումն ու նոյնացումը տեղի կունենար, ինչ որ փոխան արժեզրկելու վեր կառնէր նահատակութեան գացող եւ հերոսամարտը ղեկավարած հերոսները:
Արտաքին միջամտութիւններով, ֆրանսական երաշխիքներով հայութեան հեռացումը Մուսա լեռէն ամբողջովին չհայաթափեց հերոսական այդ բարձունքը: Վաքըֆ գիւղը այսօր հայաբնակ է. հոն կը շարունակեն ղօղանջել հայոց եկեղեցւոյ զանգերը: Փաստօրէն Մուսա լեռան հերոսամարտի նշումները համաժամանակեայ տեղի կունենան թէ՛ Մուսա լեռան շարունակութիւնը հանդիսացող Այնճարի, թէ՛ հայրենի Մուսա լեռան եւ թէ՛ բնօրրան Վաքըֆի մէջ:
Այնճարով, հայաստանեան Մուսա լեռով եւ բնօրրանային Վաքըֆով այսօր փաստօրէն կառարկայանայ եռամիասնութիւն մը, որ եզակի է այսօրւան հայկական աշխարհին մէջ: Երէկւան եռամիասնութիւնը խախտած է Արցախի կորուստով եւ ամբողջական հայաթափումով: Մթագնած է հայրենի պետութեան ղեկին յայտնւած վարչակարգով, որ չէ իւրացուցած Մուսա լեռան հերոսամարտի ոգին, այնտեղ հաստատւած համախմբւածութեան ու միասնականութեան խորհուրդը եւ ազգ-բանակ վերածւելու փիլիսոփայութիւնը:
Այնճարի իբրեւ հայկական գիւղ ոչ միայն գոյատեւումը, այլ նաեւ զարգացումը այժմէական նշանակութիւն ունի այս օրերուն: Մուսա լեռէն հեռացած եւ Այնճար ապաստանած ժողովուրդի ներկայացուցիչները վերապրումի պայմաններու ապահովումէն ետք գիտցա՛ն հաւաքական կազմակերպ կեանքի կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու հաստատման ձեռնարկել ամենէն դժնդակ պայմաններուն մէջ: Հաւաքական կեանքի պահպանումը կենթադրէր համախումբ գոյակցութիւն, Այնճարի երկրորդ Մուսա լեռի վերածում:
Այնճար երեւոյթի գոյառման այս քաղաքականութեան շարժառիթներու գիտակցումը անհրաժեշտ է այսօր հայրենի պետութեան ղեկը ստանձնածներուն համար, որպէսզի Արցախէն հեռացած ժողովուրդը շարունակէ ապրիլ համախումբ, հաւաքական վերադարձի նախապատրաստւելու համար:
85 տարի առաջ Մուսա լեռան ժողովուրդի պայծառ դէմքերը գիտակցեցան այս անհրաժեշտութեան, եւ ժողովուրդը փարեցաւ անոնց:
Այնճարի մէջ այսօր փաստօրէն արդէն քանի սերունդ անց կը հնչէ Մուսա լեռան բարբառը, կը գործէ Մուսա լեռէն փոխադրւած իրերը ամփոփած թանգարանը, կը պահպանւին Մուսա լեռան ազգագրութիւնը, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, կը լսւին զուռնայի եւ տաւուլի ջինջ ձայներ, բայց մանաւանդ կը պահպանւի հերոսամարտի ոգին:
Այս բոլորը անհետ կորած կըլլային, եթէ Այնճարի կրթական պատասխանատուները առասպելազերծէին եւ դիւցազնազերծէին մեր պատմութիւնը, դասանիւթերէն դուրս բերած ըլլային ռազմահայրենասիրութիւնը, Այնճարի բլուրները հակադրած ըլլային Մուսա լեռան, կամ Այնճար պատմական Մուսա լեռ հակասութիւններու մասին խօսէին: Բայց մանաւանդ համախումբ եւ համատեղ մնալու քաղաքականութիւն մշակած ու կիրարկած չըլլային:
Մուսա լեռան հերոսամարտի ոգիին հաղորդներն են, որոնք կրնան կերտել այնպիսի պետականութիւն, ուր ազգայինն ու պետականը ոչ թէ կը հակադրւին, այլ կը միաձուլւին, ուր պատմականն ու ներկան ոչ թէ իրար դէմ կը հանւին այլ կը զարգացւին ու կը տեսլականացւին:
Այնպէս ինչպէս հաւատացին ու գործեցին երէկւան Մուսա լեռան հերոս ժողովուրդը եւ այսօրւան անոնց հարազատ իրաւաժառանգորդ այնճարցիները:
«Ազդակ»