Խաչը, լեռը, հաւատքը
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր
Երբ այսօր կոգեկոչենք Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանը, բնականաբար պիտի յիշատակենք նաեւ Մուսա Լեռան դիւցազնամարտը, երբ բուռ մը հայեր պատմական իրենց բնօրրանը պաշտպանելու համար, Վարդանանց հաւատքով կոփւած, լեռան հետ միաձոյլ՝ բարձրացա՛ն, խոյացա՛ն ու ծառացա՛ն:
Թշնամին դիմագրաւելու եւ «Որ ոչ գիտէ զմահ, երկնչի ի նմանէ, իսկ որ գիտէ զմահ, ոչ երկնչի ի նմանէ» նշանաբանով աներկիւղ ու աննահանջ՝ մահւան հետ գոյամարտ էր Մուսա Լեռան հերոսամարտը, որուն ընթացքին Մուսա լեռան գիւղերու հայութիւնը համակւած էր այն խոր ինքնագիտակցութեամբ, որ իր հաւատքն ու իրաւունքները մինչ ի մահ պիտի պաշտպանէ:
Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակահատւածին, տարասփիւռ հայկական գաղթօջախներու հիմնադրման փուլին, Մուսա լեռան վտարանդի ժողովուրդը, բազում դժւարութիւններու ու տառապանքներու բովէն անցնելով, Լիբանանի մէջ հիմը դրաւ սփիւռքեան իր կանգառին: 1939-ի Այնճարի առաջին սերունդին վիճակւած էր՝ կազմակերպել նորաստեղծ գիւղին կեանքը, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներով կրթել սերունդները ու կերտել գաղափարապաշտ եւ ազգային իր պատկանելիութեան գիտակից Այնճարի երիտասարդութիւնը:
Ժողովուրդի մը ազատ, անվտանգ ու բնականոն զարգացումն ու յառաջխաղացքը կը կերտւին մշակոյթի, պատմական յիշողութեան, հայրենասիրութեան եւ ընտանիքի արժեհամակարգերուն վրայ: Վերոնշեալ արժեհամակարգերը առողջ հիմքերու վրայ կառուցելու համար անհրաժեշտ է համայն հաւաքականութեան կողմէ ազգին ծառայելու սկզբունքի ընկալումը: Ազգային գաղափարախօսութեան յենասիւներն են հայրենասիրութիւնն ու հայրենատիրութիւնը: Այնճարի պարագային, 85 տարիներու ընթացքին պահպանւեցան ազգային արժէքները, եւ Այնճարը արգասաւորւեցաւ հայրենատէր սերունդով: Այնճարի 85 տարիներու մաքառումն ու կենսագործունէութիւնը մուսալերեան մեր մարտունակութիւնը վերանորոգելու եւ վերընձիւղելու ուղեցոյցն է:
Մուսա լեռան լանջերու դիւցազնական մեր խոյանքէն ետք, հերոսական գոյապայքարէ ետք, կորուսեալ ծննդավայրէն ետք, կամքը ունեցած ենք յառնելու եւ կենսագործելու Այնճարի լանջերուն: Գիտակից ենք նաեւ, որ բազում մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է Մուսա լեռ-Այնճարի բոլոր զաւակներու միասնութիւնն ու ամբողջական ներուժի համախումբ մէկտեղումը՝ ամրակուռ պահելու համար հայկական միջնաբերդ Այնճարը:
Ստեղծագործ հայեր ենք, հերոսաբար հող պաշտպանած հայեր ենք, «Դաշոյն»-ներու ռազմապարի ծնունդ հայեր ենք, եւ եթէ մահն ու համաճարակները յաղթահարած ենք, հաւատացէ՛ք, որ մենք կը յաղթահարենք գալիք դժւարին փուլերը, որովհետեւ Խաչը՝ մեր հետն է,
Լեռը՝ մեր հետն է, Հաւատքը՝ մեր հետն է: