Դաշնակցական Բեմ

Գոյութիւն ունեցա՞ծ է Արցախի Հանրապետութիւն

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Երկուշաբթի` սեպտեմբերի 9-ին ընթացք առաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի աշանանային նստաշրջանը. ժողովի բացման նիստին «Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջարկեց վերականգնել Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը. միացեալ յանձնաժողովի նախագահը Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանն է: Այս յանձնաժողովը 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք գումարւած է միայն մէկ անգամ: Երկրորդ ժողով մը նախատեսւած էր 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, սակայն յետաձգւած էր Արցախի Ազգային ժողովի նախագահին անհանգստութեան պատճառով. աւելի վերջ, հակառակ յիշեցումներուն, համագործակցական այս մարմինը չէ հրաւիրւած ժողովի:

«Հայաստան» խմբակցութեան առաջարկին Ալէն Սիմոնեան պատասխանեց, որ գոյութիւն չունեցող խորհրդարանի մը հետ համագործակցութիւն չի կրնար ըլլալ` իր մերժումի խօսքը համեմելով Արցախի պետութեան լուծարման եւ բռնի տեղահանութեան կազմակերպման ամբաստանութեամբ: Ըստ Ալէն Սիմոնեանի (եւ Հայաստանի իշխանութեան), Արցախի պետական պաշտօնեայ գոյութիւն չունի. ինք կընդունի գոյութիւնը ո՛չ Արցախի նախագահին, ո՛չ Ազգային ժողովին եւ ո՛չ կառավարութեան: Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի մէկ պետութիւն միայն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ իր կառավարութիւնը:

Հայաստան ձեռքերը լւացած է Արցախի հարցէն, լուծւած է այդ հարցը: Ո՞վ տէր պիտի կանգնի Արցախի 120.000 հայերու իրաւունքներուն, անոնց իրենց բնակավայրը վերադառնալու պայքարին: Հայաստանի գործող իշխանութիւնները կը մերժեն զբաղիլ նման «ճղճիմ» հարցերով: Նման հարցերու արծարծումը, կըսեն Հայաստանի իշխանաւորները, նպատակ ունի կազմաքանդելու Հայաստանի պետականութիւնը. Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ արցախեան հարցի արծարծումը սպառնալիք է Հայաստանի ինքնիշխանութեան:

«Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ արցախցիներու իրաւունքներու հարցով քննիչ յանձնաժողովի նախագիծ պիտի ներկայացնէ Ազգային ժողովին:

Նախորդ շաբաթ Իրանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ չի հանդուրժեր շրջանին մէջ սահմանային որեւէ փոփոխութիւն: Սիւնիքի մէջ նախատեսւող միջանցքին Մեղրիի շրջանին մէջ կառուցումը եւ անոր վերահսկողութիւնը ոչ հայկական կողմի մը վստահիլը գործօն սպառնալիք կը համարէ իր ապահովութեան: Այս հարցին խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններու օրակարգէն դուրս բերւելէն ետք, Հայաստան յայտարարեց, որ կարելի է հսկողութիւնը վստահիլ «պահնորդական ընկերութեան մը»: Ի՞նչ կը նշանակէ «պահնորդական ընկերութիւն»: Այդ հսկողութիւնը կը յաւակնի կատարել Ռուսիան, որ արդէն իսկ ներկայութիւն է Արաքս գետի ափին: Ռուսիոյ դերակատարութիւնը մերժելով` Հայաստան Իրանի սահման կուզէ բերել հաւանաբար արեւմտեան երկիրներու ներկայացուցիչներէ կազմւած «մասնագէտներու» խմբակ մը, զոր Իրան իրաւացիօրէն վտանգաւոր կը համարէ:

Հայաստանի իշխանութիւններու վերջին գիւտը ազգայինի եւ պետականի հակադրութիւնն է: Ըստ իրենց, հայրենիքը եւ իրական պետութիւնը հոմանիշներ են, ուրեմն որեւէ երեւոյթ, որ դուրս կու գայ իրական պետութեան սահմաններէն ու անկէ դուրս գտնւող ամէն բան, նոյնիսկ տեսականօրէն, մերժելի է: Հայաստանի իշխանութիւնները կուզեն կենտրոնանալ բացառաբար «իրական» Հայաստանի վրայ. այս նպատակի իրագործման ճանապարհին պատրաստ են ոչ միայն Հայաստան անունով երկրամասի մը գոյութիւնը ուրանալու, այլ նաեւ այդ երկրամասի ծնունդ` աշխարհասփիւռ դարձած ազգի մը գոյութիւնը մերժելու:

Վերջապէս, իշխանամէտ երեք կուսակցութիւններ կը պատրաստւին ստորագրահաւաք կատարել Հայաստանի` Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը հանրաքւէով երաշխաւորելու համար: Իշխանութիւնները աւելորդ կը համարեն նման շտապողականութիւն մը, սակայն հակառուսական քարոզչութեան համայնացման մթնոլոտին մէջ այս փոքր կուսակցութիւնները կը կարծեն, որ Հայաստանի նման փոքր երկիր մը կրնայ պերճանքը ունենալ շեշտւած կերպով կողմնակալ քաղաքականութիւն վարել: Շատ մեծ են Եւրոպայէն ակնկալութիւնները, ինչպէս ոմանց պարագային մեծ էին Ռուսիայէն ակնկալութիւնները: Վերջինէն յուսախափւեցանք, կարգը եկած է Արեւմուտքին: Յուսանք, որ այդպէս չըլլայ, հերթական անգամ:

Related Articles

Back to top button