Դաշնակցական Բեմ

Վերջապէս միջազգային արձագանգ մը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Դատական եւ ապահովական համակարգերը իբեւ քաղաքական պայքարի միջոց օգտագործումը կը հակասէ մարդու իրաւունքներու միջազգային պայմանագիրին, որուն անդամակցած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այդ պայմանագիրին տրամադրութիւններէն շատերը ներառւած են Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ: Օրինակ. թէ՛ ՄԱԿ-ի պայմանագիրը, եւ թէ՛ Հայաստանի սահմանադրութիւնը կերաշխաւորեն ազատ ու անկաշկանդ հաղորդակցութիւնը, ուրեմն կարգիլեն գաղտնալսումները, բացառութեամբ դատական որոշմամբ կատարւածէն: Ապահովական մարմինները իրաւունք չունին լսելու մարդոց միջեւ կատարւած խօսակցութիւնները. նման խօսակցութիւններու լուծումները չեն կրնար հիմք ծառայել դատական հետապնդումներու, եթէ չեն կատարւած նոյնինքն դատարանին պահանջով:

Ո՞վ կը հսկէ մարդոց ազատութիւնը կաշկանդող նման գործելաձեւին իրագործման: Տրամաբանօրէն, ատիկա պէտք է ըլլայ գործադիր իշխանութենէն անկախ դատական համակարգը: Դատական համակարգը պարտի մերժել ու դատապարտել քաղաքական դրդապատճառներով կատարւող հետապնդումները եւ զգաստացնել նման գործելաձեւ որդեգրած քաղաքական իշխանութիւնը: Հայաստանի մէջ, սակայն, դատական իշխանութիւնը հաւատարմօրէն ընթացք կու տայ իշխանութիւններու պահանջով կատարւած հետապնդումներուն եւ ամէնէն չնչին պատրւակներով բանտարկութեամբ խափանման միջոց կը կիրարկէ: Երկարատեւ եւ կրկնւող խափանման միջոցները, որոնք ենթադրեալ յանցանքին հետաքննութեան համար պէտք է ըլլան, կը վերածւին պատժամիջոցի: Ամենապարզ խնդիրներու հետաքննութիւնը կը տեւէ ամիսներ, նոյնիսկ տարիներ` չփաստւած ամբաստանութիւնը վերածելով քաղաքացիներու քաղաքական գործունէութիւնը արգելակող միջոցի:

Ընդդիմադիր շարժումները արգելակող եւ անհատները հալածող իշխանութիւններու շարունակւող վերաբերումը ի՛նչ պատրւակներու ալ հնազանդի, խարան է ինքզինք ժողովրդավար հռչակած երկրին: Հայաստանի ժողովրդավարական յառաջընթացը գովերգող միջազգային հեղինակութիւնները չեն ուզեր նկատել քաղաքական ազատութիւնները ոտնահարող բացայայտ իրողութիւնները: Իրենց աշխարհաքաղաքական շահերը կը գերադասեն ժողովուրդներու ազատութենէն, որուն սակայն, պաշտպան կանգնելու սին երդումներ կը շռայլեն:

Ահա սակայն անակնկալ մը: ՄԱԿ-ի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան փորձագիտական խումբը կասկածելի կը համարէ Բագրատ արք. Գալստանեանի եւ իրեն գործակից 18 ամբաստանեալներու գործը: Փորձագէտները դատական այս գործին մէջ քաղաքական ենթաթեքստ կը նկատեն: «Սրբազան պայքար»-էն ալ անդին անցնելով, մայիս 24-ին ներկայացւած եզրակացութեան մէջ անոնք կառանձնացնեն 109 անձերու նկատմամբ անօրինական հետապնդման պարագայ: Ահաբեկչութեան մեղադրանքը կասկածի ենթարկելէ ետք, ՄԱԿ-ի փորձագէտները աներկբայօրէն կեզրակացնեն. «Մենք մտահոգւած ենք իշխանութիւններու ձեռնարկած միջոցներով, որոնք համահունչ չեն մարդու իրաւունքներու` Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն»:

Հայաստանի իշխանութիւնները 31 էջանոց պարզաբանումներով պատասխանած են փորձագիտական ահազանգին: Պարզաբանումները հրապարակւած չեն, իսկ փորձագէտներու պատասխանը տակաւին յայտնի չէ: Սակայն, երկարատեւ բանտարկութիւններու շարք մը փոխարինւեցաւ տնային կալանքով, որ, կալանք ըլլալով հանդերձ, աւելի մեղմ է իր բնոյթով:

Ահաբեկչութեան, բռնի ուժի ջատագովման, ապօրինի իշխանափոխութիւն կատարելու ամբաստանութիւննրը այժմ փոխարինւած են ընտրակաշառք տալու պնդումներով: Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ իրեն անհրաժեշտ է սահմանադրական մեծամասնութիւն, այսինքն` Ազգային ժողովի երկու երրորդը: Դժւարութեամբ եւ խարդախ միջոցներով քւէներու յիսուն առ հարիւրէն նւազ ստանալը Փաշինեան կը վերագրէ ընտրակաշառքի համատարած բաշխումին ու այդ մասին կը յայտարարէ առանց որեւէ փաստի: Ընտրութեան նախօրեակին, ընտրութեան օրը եւ անկէ ետք հարիւրաւոր գործիչներ ձերբակալւած են, գրասենեակներ եւ բնակարաններ խուզարկւած: Բոլորն ալ` անտեղի ու անօրինական: Ընդդիմութիւնը չէզոքացնելու ու զայն լռութեան մատնելու քայլերը Փաշինեանը կը վերածեն միանձնեայ իշխանութիւն բանեցնող ինքնակալի: Նոր խորհրդարանի կազմութեան (2 օգոստոս) եւ նոր կառավարութեան կազմութեան նախօրեակին, հաւանական ընդդիմադիր շարժումները կանխելու միտող այս գործելակերպը պէտք է դատապարտւի թէ՛ ներքին ուժերուն, եւ թէ՛ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու կողմէ:

Մեզի կը սպասէ քաղաքական թէժ ամառ:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button