Հայաստանի քաղաքական բեմահարթակի մեծ բացական՝ նոր սերունդը

Խօսքը յատուկ այն երիտասարդ սերունդին մասին է, որ ցնցեց եւ դեռ ալ կը շարունակէ ցնցել աշխարհը, զանազան երկիրներու մէջ կացութիւններ ստեղծելով, յեղափոխութիւններ կատարելով եւ շռնդալից յաղթանակներ կերտելով։
Շարքը երկար է… սկսելով Հունգարիայէն (ուր երիտասարդներ դուրս շպրտեցին տարիներ շարունակ վարչապետի աթոռին կառչած Օրպանը) մինչեւ Նեփալ, Պենկլա Տէշ եւ դեռ վերջերս Հնդկաստան (ուր երիտասարդներու առաջնորդած բողոքի շարժումը քանի մը օրւան ընթացքին պարտադրեց կրթութեան նախարար Փրատհանի հրաժարականը)։
Խնդրոյ առարկայ երտասարդութիւնը 1997-էն 2012 թւականներուն միջեւ ծնած «Զ» Սերունդն է, Generation Z (կրճատւած՝ Gen Z), որ նաեւ ճանչցւած է «Զումըրզ» (Zoomers)։ Այսօր հազիւ երեսուն տարիքի դռները թակած, այս երիտասարդութիւնը, այդ անդրանիկ սերունդն է, որ մանկութենէն ի վեր մեծցած է համացանցի, բջիջայիններու, ընկերային ցանցերու եւ թւայնացման աշխարհին մէջ։ Լսատեսողական արդի դրութեամբ դաստիարակւած, անոնց արեան մէջ մուտք գործած են առցանց խաղերն ու հաղորդակցութիւնը, համաշխարհային տեղեկատւական ցանցերը, YouTube-եան ունկնդրութիւնն ու արհեստական բանականութիւնը։
Այս ազդեցիկ սերուդին՝ թւային աշխարհի բնիկներուն (Digital Natives) մասին է, որ վերջերս մելան կը հոսի։ Բացատրողական եզրոյթ մը, որ խոտոր կարելի է նկատել, մանաւանդ երբ այս օրերուն համակարգիչն ու ստեղնաշարը, փոխարինած են թուղթը, մելանն ու գրիչը։
Կարկինը սեղմելով, տեղին է հարցադրել, թէ ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէ այս երիտասարդ սերունդը՝ Հայաստանի մէջ։ Համեմատած նախորդ սերունդներուն, բոլորովին տարբեր պէտք է, որ ըլլայ անոնց մտածելակերպը։ Անոնք առաջին սերունդն են, որոնց աշխարհայեացքը ձեւաւորւած է ոչ միայն իրենց հայրենիքի, այլեւ ամբողջ աշխարհի հետ մշտական հաղորդակցութեան պայմաններուն մէջ։
Նախորդ սերունդներուն համեմատած՝ Հայաստանի այս երիտասարդ Զ Սերունդը բնականաբար ունի համաշխարհային գիտելիքի անմիջական հասանելիութիւն, զարգացած թւային գրագիտութիւն, սուր մտածողութիւն, միջազգային ոլորտներէն ներս ծանօթութիւն եւ տեսիլք։
Ի տարբերութիւն այլ երկիրներու, ուր երիտասարդ բնակչութեան մեծ թիւը հզօր եւ գործօն ուժ կը կազմէ, Հայաստանի այս սերունդը համեմատաբար սահմանափակ մարդկային ներուժ մըն է մանաւանդ, որ Սփիւռքի ներդրումը այդչափ ալ զգալի չէ, ստեղծւած ներկայ անել կացութեան պատճառաւ։
Հայաստանի արագ զարգացող բարձր ճարտարարւեստի ոլորտը՝ ներառեալ արհեստական բանականութիւնն ու ծրագրային ճարտարագիտութիւնը, հայ երիտասարդին առջեւ բացած է բազմաթիւ կարելիութիւններ, որոնք քսան տարի առաջ գրեթէ անհաւատալի կը թւէին։
Համաշխարհային համալսարաններ առցանց կրթական ծրագիրներ կը տրամադրեն, իսկ հայ ուսանողները կանոնաւոր կերպով կը մասնակցին ծրագիրներու եւ հարթակներու, անշուշտ առանց մոռնալու միջազգային հռչակ սփռած ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կենտրոնը կամ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (ՔՈԱՖ)։
Հեռակայ աշխատանքը հիմնովին փոխած է տնտեսական աշխարհագրութիւնը։ Այն երկիրները, որոնք ժամանակին իրենց աշխարհագրական դիրքին պատճառով ոչ բարենպաստ պայմաններու մէջ կը գտնւէին, այսօր մրցակցելու կարողութիւն ունին իրենց մարդկային տաղանդով եւ կարողականութեամբ։
Հայաստանի համար այս փոփոխութիւնը հսկայական հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ։ Երկիրը այլեւս միայն մարդուժ արտահանելու կարիք չունի. ան կրնայ դիւրութեամբ արտածել իր ծառայութիւնները, գիտելիքն ու նորարարութիւնը։ Եթէ ենթակառոյցները, հարկային համակարգը եւ կրթական քաղաքականութիւնը շարունակեն բարելաււիլ, Հայաստանը կրնայ վերածւիլ բարձր արժէք ստեղծող թւային ճիւղերու տարածաշրջանային կենտրոնի։
Հայ երիտասարդներ ստեղծած են նորարար ընկերութիւններ՝ ծրագրաւորման, ֆինանսական արհեստագիտութիւններու (fintech), կրթական արհեստագիտութիւններու եւ այլն։ Այսպէս, Երեւանը, վերածւած ու «խճողւած» է աշխուժ նորաստեղծ ընկերութիւններու կենտրոնի եւ այդ գծով, ան այս ձեռնարկները համաշխարհային մակարդակի հասցուցած է։
Սակայն Հայաստանի «Զ» Սերունդը ունի նաեւ իր թոյլ ու խոցելի կողմը՝ «Աքիլլեսի կրունկը»։ Արդարեւ, դժբախտաբար քաղաքական բեմահարթակէն գրեթէ բացակայ է այս սերունդը, որ կրնայ Հունգարիոյ կամ Նեփալի օրինակով, նոր աւիշ ստեղծել եւ մոռցնել տալ երկրէն ներս տիրող ներկայ ահաւոր իրավիճակը։
Հայաստանի ապագան միայն չորոշւիր կառավարութիւններու, աշխարհաքաղաքական դաշինքներու կամ զինւորական հզօրութեան միջոցով։
Սակայն այս սերունդը միաժամանակ կը դիմագրաւէ բացառիկ ճնշումներ՝ ժողովրդավարական նահանջ, տարածաշրջանային անապահովութիւն, տնտեսական մրցակցութիւն, արտասահման գաղթ եւ աւելի լաւ հնարաւորութիւններու որոնում։
Երիտասարդութիւնը շատ լայն ու ծանր պատասխանատւութիւն կը կրէ, ներգրաւելու համար թէ՛ իշխանութեան վրայ գտնւող, եւ թէ՛ ընդդիմադիր ճակատի ուժեր, շարժումներ, դաշինքներ եւ կուսակցութիւններ։
Դժբախտաբար յարմար պայմանները չեն ստեղծւած, որոնք կապահովեն հնարաւորութիւն, անվտանգութիւն եւ բովանդակալից մասնակցութիւն։
Հայաստանի «Զ» Սերունդը կրնայ դառնալ այն ներուժը, որ ոչ միայն կրնայ պահպանել Հայաստանը, այլ նաեւ պիտի վերասահմանել անոր տեղն ու դերը, դուրս գալու համար այս յորձանուտէն։
«Հայրենիք» – Բոստոն
Խմբագրական



