ՀՅԴ Մամուլ

Ակնարկ. Դիմումին եւ ընդառաջումին շարժառիթները

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Կայա Կալաս յայտարարած է, որ Հայաստանը կակնկալէ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ խառնաձեւ (հիպրիտային) սպառնալիքներուն դէմ պայքարելու համար:

«Անոնք այնպիսի օգնութիւն խնդրած են, ինչպիսին մենք տրամադրեցինք Մոլտովային` չարամիտ ազդեցութեան դէմ պայքարելու համար», ըսած է Կալաս:

Ըստ Կալասի, Եւրոպական Միութիւնը 15 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ Հայաստանին խաղաղութեան եւ դիմակայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն` տեղեկատւական դաշտին մէջ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար:

Այս յայտարարութիւնը ուղղակի ծալքերը կը բանայ տարածաշրջանին մէջ կիրարկւող մեծ քաղաքականութեան, եւ ներքին-արտաքին գետիններու վրայ առնւած քայլերուն շարժառիթներուն վրայ լուսարձակներ կը բանայ:

Նախ, երբ հայկական պաշտօնական լրատւամիջոցը նման լրատւութիւն կը հրապարակէ առանց որեւէ վերապահութիւն հաղորդելու նիւթին, այդ կը նշանակէ, որ հայկական կողմէն դիմումը հարցականի տակ չէ: Այս մասին պաշտօնական դիրքերէ եւս արձագանգ չէ կատարւած:

Եւ եթէ այդպէս է, ուրեմն պէտք է փորձել վերլուծել այս յայտարարութեան առաջադրանքները: Նախ եւ առաջ կայ ընտրապայքար` Եւրոպայէն աջակցութիւն սպասող կողմին եւ երկրին դէմ խառնաձեւ (հիպրիտային) պատերազմ յայտարարած միաւորին միջեւ: Այլ խօսքով` Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան:

Կողմերուն հասցէականութիւնը պարզ կը դառնայ, որովհետեւ կը տրւի Մոլտովայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրինակը: Իսկ այստեղ արդէն այնքան բացայայտ կը դառնայ ըսւածը, որ Կալաս «չարամիտ ազդեցութիւն» ձեւակերպումը կօգտագործէ: Ակնկալւած օժանդակութիւնը Մոլդովայի նկատմամբ Եւրոպայի տրամադրած աջակցութիւններն են:

Այս բոլորին յետագիծը տեսանելի է: Ըստ այս տրամաբանութեան, ընդդիմադիր դաշտին դէմ կատարւող բռնաճնշումները, Սամուէլ Կարապետեանէն մինչեւ Սրբազաններ եւ քաղաքական հայեացքներու համար բանտարկւածներ, անցնելով եկեղեցւոյ դէմ կիրարկւող արշաւէն, պէտք է ընկալել նախապատրաստութիւն 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այս բոլորը ոչ միայն եւրոպական կառոյցներուն կողմէ չեն նկատւիր մարդու իրաւունքներու, տեսակէտի, արտայայտութեան ազատութեան դէմ ճնշումներ, այլ նաեւ կողջունւին այս ձեւով: Ասոնք կը նկատւին «չարամիտ ազդեցութեան» դէմ պայքարի միջոցներ, որոնք ստացած են եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ պիտի ստանան Եւրոպայի օժանդակութիւնը: Կալաս յիշած է նիւթական աջակցութեան մէկ չափաբաժինը, անուղղակիօրէն ըսելու համար, որ որքան սաստկանան ռուսական ազդեցութեան դէմ Երեւանին առնելիք քայլերը, այնքան կը բազմանան նաեւ ֆինանսական օժանդակութիւնները:

Այս շրջածիրին մէջ աւելորդ պիտի չըլլայ յիշելը, որ Երեւանը յառաջիկայ մայիս 5-ին պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն առաջին գագաթնաժողովը: Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան ղեկավարներ եւ առաջին դէմքեր, որոնց շարքին` Եւրոպական խորհուրդի եւ եւրոպական յանձնաժողովի նախագահները:

Անկախ գագաթնաժողովը Երեւանի մէջ կազմակերպելէ, յատկանշական է թւականը` մայիս 5: Ուղիղ մէկ ամիս առաջ յունիսի ընտրութիւններէն: Այն օժանդակութիւնը, որուն համար դիմած էր Երեւանը, կը ստանայ նաեւ գագաթնաժողովի ճամբով:

Այս հանգամանքները կը բացայայտեն Երեւանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական, տնտեսական, եկեղեցական իրադարձութիւններու շարժառիթներուն առանցքները:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button