All Quiet on the Eastern Front! …Սակայն մինչեւ ե՞րբ

Թարգմանութեան կարիքը չկայ։ Հանրածանօթ է գերմանացի վիպագիր Էրիխ Մարի Ռըմարքի (1898-1970) All Quiet on the Western Front (Ամէն բան խաղաղ է Արեւմտեան ճակատին վրայ եւ Կէօթէի լեզւով բնօրինակը՝ Im Westen nichts Neues) վէպը, որ հրատարակւած է 1928-ին եւ ապա քանի մը անգամ ալ բեմադրւած` եօթներորդ արւեստի աշխարհէն ներս, նոյնքան հռչակ սփռելով։
Նիւթը՝ Ա Աշխարհամարտի օրերուն, գերմանացի զինւորներուն պատերազմի ընթացքին կրած ծայրայեղ ֆիզիկական եւ հոգեկան տառապանքն է, ինչպէս նաեւ պատերազմէն տուն վերադարձէն ետք անոնցմէ շատերուն զգացած դառն օտարացումն ու արտասովոր անջատւածութիւնը քաղաքացիական կեանքէն։
Յիշատակելի է, որ այս գործին նորագոյն բեմադրութիւնը կատարած է 2022-ին, գերմանացի Էդւարդ Բերկըրը, գրեթէ 90 տարի ետք, երբ հիթլըրեան օրերուն արգիլւեցաւ եւ ապա, 1933-ի համալսարանական գիրքերու հրկիզումներուն ընթացքին, գրեթէ անգտանելի՝ ամբողջութեամբ վերածւեցաւ մոխիրի։
Վերջին ամիսներուն, քաղաքական աշխարհի կիզակէտն է Միջին Արեւելքը, ուր բուռն եւ քանդիչ ռմբակոծումներ շնչահեղձ ըրին, ո՛չ թէ միայն տեղւոյն բնակիչը, այլ մղոններ հեռու անցուդարձերուն հետեւող ընթերցողը։ Այսպէս, կողմնացոյցը ուղղելով արեւելք, այս օրերուն կարելի է Ռըմարքի գրած բոլոր ժամանակներու մեծագոյն պատերազմական վէպը յիշել եւ փոքր փոփոխութեամբ մը նշել՝ All Quiet on the Eastern Front եզրոյթը։
Փետրւարի 28-ին ծայր առաւ այս պատերազմը, երբ ամերիկեան եւ իսրայէլեան ուժերը լայնածաւալ օդային յարձակում մը կատարեցին Իրանի վրայ։ Թիրախաւորւած էին հրթիռային կայաններ, հակաօդային համակարգեր, հրամանատարական կենտրոններ եւ հիւլէական ենթակառոյցներ։
Իրան շուտով հակադարձեց հրթիռային եւ անօդաչու սարքերու յարձակումներով՝ Իսրայէլի տարածքին եւ Միջին Արեւելքի մէջ գտնւող ամերիկեան ռազմական դիրքերու դէմ։ Հակամարտութիւնը արագօրէն ընդարձակւեցաւ եւ յատկապէս ներառեց Լիբանանը, որ անգամ մը եւս եղաւ քաւութեան նոխազը։
Այսքանը ռազմաճակատներու առնչութեամբ էր, սակայն ոչ ոք կը սպասէր, որ Իրանի հսկողութեան տակ գտնւող Հորմոզի նեղուցը պիտի ստեղծէր տնտեսական ահաւոր կացութիւն մը՝ կնճռոտ թնճուկ մը, որ ցայսօր կը ցնցէ աշխարհը։
Իրան ծայր աստիճան խստացուցած է Հորմոզի նեղուցով անցնող ծովային երթեւեկութեան վերահսկողութիւնը։ Վերջին հետաքննութիւններու համաձայն, ստեղծւած է ստուգումներու, արտօնութիւններու եւ արտածման տուրքի համակարգ մը, զոր շատ մը դէտեր կը բնորոշեն որպէս Իրանի փաստացի վերահսկողութիւնը՝ աշխարհի կարեւորագոյն նաւային ուղիներէն մէկուն վրայ։
Փխրուն զինադադարը կը շարունակւի։ Մերթ ընդ մերթ Վաշինգտոն, կամ աւելի ճիշտը՝ Սպիտակ Տան վարձակալ Թրամփ, իր իւրայատուկ ամբոխահաճ խօսքերով կը սպառնայ, թէ պիտի վերսկսի սաստիկ կերպով ռմբակոծել եւ քար ու քանդ ընել Իրանը։
Թեհրանն ալ ժամանակ կը շահի։ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ հետզհետէ աւելի ամրապնդելով իր դիւանագիտական համակարգումը, Փաքիստանի ճամբով ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի տեղեակ կը պահէ, թէ պիտի չյանձնէ իր հիւլէական ծրագիրը ռազմական սպառնալիքներու տակ։
Հպանցիկ կերպով, այս նիւթը արծարծւեցաւ, երբ վերջերս Թրամփ պաշտօնական այցելութիւն մը տւած էր Բէյջինկ եւ տեսակցած Չինաստանի նախագահ Շի Ցինփինկի հետ։
Ներկայ դրութեամբ իրավիճակը կը մնայ ծայր աստիճան պայթուցիկ։ Թէեւ, փակ դռներու ետին, դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակւին Իսլամապատի միջնորդութեամբ, սակայն Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածքին մէջ ռազմական ուժերը կը մնան ահազանգային վիճակի մէջ։
Մինչ այդ, All Quiet on the Eastern Front! …Սակայն մինչեւ ե՞րբ։
«Հայրենիք» – Բոստոն խմբագրական



