Հայաստան - ԱրցախՀՅԴ Մամուլ

Բաքւի եւ Երեւանի խեղկատակութիւնները իրարու մրցակից

Վերջին ամիսներուն, Կովկասեան բարձրաւանդակի զարգացումները, մասնաւորաբար մեզ հետաքրքրող՝ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ պատահած դէպքերն ու անցուդարձերը աչքի առջեւ ունենալով, վերաքննելով եւ մանրամասնօրէն ուսումնասիրելով, յստակօրէն կարելի է տեսնել մէկ բան: Երկու երկիրները տարբեր «աշխարհ»-ներու մէջ են։ Հայաստան ամէն գնով խաղաղութիւն կը պահանջէ (աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել՝ կերազէ), մինչդեռ Ադրբեջան, իր մերժողական եւ յարձակողական հետեւողականութեամբ՝ կը շարունակէ պատերազմի թմբուկներ որոտացնել: Երեւանի մէջ, իշխանաւորները եւ հետեւորդները հազիւ թէ կը լսեն այդ որոտները, իսկ եթէ լսեն, անիկա կը վերածւի ամբոխահաճութեան նոր խաղաքարտի:

Ադրբեջանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ դարձած է «ո՛չի մարդ»-ը։ Երեւանէն անոր յղւած բազմաթիւ առաջարկներ, երկկողմանի հանդիպումներ, բազմակողմանի տեսակցութիւններ՝ յաճախ Արեւմուտքի, այսինքն Եւրոպայի, յետոյ Ռուսիոյ հովանիին տակ՝ կը բախին նոյն պատին…: Այդ բոլորը դրական ոչ մէկ շարժում կը պատճառեն Ալիեւի զօրակայանին մէջ եւ ան յամառօրէն կառչած կը մնայ իր մերժողական կեցւածքին, կը շարունակէ առաջ տանիլ հայկական նոր հողեր գրաւելու ախորժակները։ «Զանգեզուրի միջանցք»-ն ալ դարձած է ահազանգ սփռելու, վերստին պատերազմական մթնոլորտ ստեղծելու դրամագլուխ:

Երկար բացատրութեան ու մեկնաբանութեան կը կարօտի՞ այս բռնատէրին որդեգրած գործելաձեւը, որուն դիմաց, մինչեւ իսկ Եւրոպան սկսած է դուրս գալ Բաքւի ոճրային արարքներուն վրայ «աչք գոցելու» վարքագիծէն, որ որդեգրած էր՝ ալիեւեան նիւթական օժանդակութիւններուն փոխարէն: Առերեւոյթ, եւրոպացիք սկսած են իրատեսութիւն խաղալ, որովհետեւ զիրենք ցուրտէն պաշտպանւելու համար, ադրբեջանական գազը այդչափ ալ հեզասահ պայմաններով չի հասնիր Եւրոպա…։

Մթնոլորտը ուշագրաւ կերպով տաք է Փարիզ-Բաքու գիծին վրայ: Ամիսէ մը ի վեր զգալիօրէն վատթարացած են Ֆրանսիա-Ադրբեջան յարաբերութիւնները, այնքան մը՝ որ Ադրբեջան նախ Ֆրանսիան ամբաստանեց Հայաստանի ի նպաստ կողմնակալութիւն ցուցաբերելու, Հայաստանը զինելու յանցանքով, յետոյ, Ամանորի օրերուն, Բաքու արտաքսեց ֆրանսիացի երկու դիւանագէտներ, իբրեւ թէ անոնք միջամտած են երկրի ազգային շահերուն եւ խախտած են միջազգային դիւանագիտական օրէնքները…եւ տեսէք թէ ո՞վ կը խօսի միջազգային իրաւունքի կամ ժողովրդավարութեան մասին, երկիր մը՝ որուն փոխնախագահը՝ նախագահին կողակիցն է, իսկ այլ ազգականներ բարձր ու բանալի պաշտօններ գրաւած են:

Հակադարձելով Բաքւի քայլին, «Քէ Տ՛Օրսէյ»-ը անգործ չմնաց եւ քանի մը օր վերջ, Ադրբեջանի դեսպանատունէն երկու դիւանագէտներ հռչակւեցան «պերսոնա նոն գրատա» ու վտարւեցան: Այս գիծին վրայ լարւածութիւնը կը սաստկանայ. քանի մը օր առաջ, Բաքւի մէջ ֆրանսիացի գործարար մը ձերբակալւեցաւ լրտեսութեան մեղադրանքով: Գէթ քանի մը ամիսով, ան բանտարկւած պիտի մնայ։ Անդին, Ֆրանսիայի խորհրդարանին մէջ քննարկման դրւեցաւ եւ վաւերացւեցաւ Ադրբեջանը դատապարտող բանաձեւ մը, որ առիթ ստեղծեց հնչեցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակն ու Ադրբեջանի նորագոյն արարքներուն մէջ տեսնւեցան անոնց արձագանգները:

Դրական է այն, որ Ֆրանսիա միակը չէ, որ սկսած է ճնշում բանեցնել, այլ Եւրոմիութիւնն ալ հետզհետէ սկսած է սուր քննադատութիւններ արձակել Բաքւի հասցէին։ Փաստօրէն, անակնկալ մը չէր Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու խօսնակին՝ սլովաք Փեթեր Սթանոյի բաւական ծանր յայտարարութիւնը, ուր ան կը շեշտէ, թէ Ալիեւ կը շարունակէ սպառնալիքները Հայաստանի նկատմամբ, ցուցաբերելով տարածքային յաւակնութիւններ։ Սակայն չմոռնանք, որ Եւրոպայի այս կեցւածքն ալ աննախընթաց չէ, Արցախի պաշարման եւ հայաթափումի օրերուն ալ նման մեղադրանքներ հնչեցին ու մնացին… խօսքի սահմանին մէջ:

Այս ու նման իրադարձութիւններու լոյսին տակ էր որ, հաւանաբար, որոշւեցաւ Ադրբեջանի նախագահական ընտրութիւնները մօտաւորապէս երկու տարիով առաջ բերել, սակայն հոս ալ չմոռնանք, որ ըլլալիքը, պարզ ու մէկին, բեմադրութիւն մըն է։ Արդարեւ, Իլհամ Ալիեւ կրկին անգամ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը, իսկ քանի մը այլ թեկնածուներու ներկայութիւնը «ձիարշաւի վազքուղի»-ին վրայ պարզապէս շինծու ժողովրդավարութեան մը ներկայացումն է։ Կայ մէկ ձի, մնացեալները կարելի է դասել այլ չորքոտանիներու շարքի: Նաեւ հարց է թէ ժողովրդավարութեան նման խաղերու մէջ, Ալիե՞ւ կը հետեւի Փաշինեանի, թէ հակառակը: Պատասխանը կարեւոր չէ…)

Հաւանաբար, Ալիեւի կեղծ «ընդդիմադիրներ»-ը քանի մը քւէներ պիտի ստանան առաջիկայ 7 փետրւարի ընտրութիւններուն. անկէ անդին, Իլհամ Ալիեւ վերընտրութիւնը հարցականի տակ չէ: Աւելին, ո՛չ ոքի համար գաղտնիք են այն յետին նպատակները, որոնք մղում կու տան կանխահաս ընտրութիւններուն. մեզի համար կարեւոր կէտը այն է, որ Ալիեւ նոր պաշտօնականութիւն մը պիտի տայ Արցախի գրաւման, իւրացման եւ հայաթափման իր «հերոսութեան»: Ուրեմն, որքան շուտ իրականանան ընտրութիւնները, այնքան դիւրին է Ալիեւի բդեշխութեան ամրապնդումը (կը շեշտենք՝ բդեշխութիւն, որովհետեւ բուն կենտրոնը… Անկարան է)։

Ադրբեջանն ու Ալիեւը պահ մը ձգենք իրենց քաղաքական խեղկատակութիւններու բեմին վրայ ու մեր աչքերը դարձնենք մեր «Փոքր ածու»-ին: Հայաստանի մէջ եւս խեղկատակութիւնը նոր մրցանիշեր կը հաստատէ: Սկսելու համար՝ ինչպէ՞ս բացատրել Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի անհիմն եւ անհեթեթ հաստատումները։ Արդարեւ, փոխանակ առիթէն օգտւելու եւ «հող» շահելու քաղաքականութիւն կիրարկելու, այս ան-քաղաքագէտը կը շեշտէ, թէ Հայաստան լաւապէս գիտէ պատերազմելու ձեւը եւ այդ պատճառով կը դիմէ… «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ի ընտրանքին: Աւելին, ցնորաբանութիւն մը աւելցնելով իր «վաստակ»-ին վրայ, կըսէ, թէ Ալիեւը Երեւանը Էրիւան անւանելով՝ կը նմանի այն հայորդիներուն, որոնք կը շարունակեն շեշտել, թէ Արցախն ու Նախիջեւանը հայկական են․․.: Չէ՞ որ իր պոսը ատենին Արցախը հռչակած էր Հայաստան, իսկ հիմա կը կրկնէ Ալիեւի եւ համախոհներու տեսակէտը, թէ Արցախը Ադրբեջանի կը պատկանի: Ու երբ Արցախի ու Նախիջեւանի հայկականութիւնը ուրացողները մեղադրենք իբրեւ դաւաճան ու թուրքամէտ, կան հայեր, որոնք դրօշակ կը պարզեն զանոնք պաշտպանելու համար:

Մտահոգիչը, Ալիեւի վերընտրութեան սենարիոյէն աւելի՝ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահին անընդունելի ձաբռտուքներն են, ի՜նչ հոգ, որ ՔՊ-ականները, սկսելով ուսապարկեր բաշխողէն, երբեմն ալ կը խօսին ադրբեջանական ժխտողականութեան, խաղաղութեան հարւածներ հասցնելու եւ նման ուշացած գիւտերու մասին։ Այս մարդոց ամբոխահաճութիւնն իսկ կը վազէ տարբեր ու յաճախ մէկը միւսին հակադիր գիծերու վրայ, այլատեսակ վտանգներ աւելցնելով Հայաստանի գլխուն վերեւ:

Ու դեռ Հայկական աշխարհին մէջ կա՞ն հաւատացողներ, թէ այս ուսապարկապետն ու խմբակը «ազգընտիր» են եւ Հայաստանին ու իր ժողովուրդին ապագան պիտի ապահովեն…:

«Հայրենիք»-ի խմբագրական
Բոստոն

Related Articles

Back to top button