Խմբագրական. Լիզբոնի ուղերձը այսօր. պահպանե՛լ անկախութեան հռչակագիրին սահմանադրականութիւնը

Լիզբոնի արարքին հետապնդած նպատակը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն շատ աւելի հեռու կերթար: Լռութեան պատը քանդւած էր արդէն մինչեւ Լիզբոն: Լիզբոնը Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարում կը հետապնդէր: Տարածքային պահանջներ կային հերոսներու վերջին ուղերձներուն մէջ: Ամփոփ` Լիզբոնի ինքնազոհաբերումը երէկւան եւ վաղւան Հայաստանին համար էր: Պատմական Հայաստանին: Միացեալ Հայաստանին:
Այդ չի նշանակեր անշուշտ, որ երէկւանին եւ վաղւանին միջեւ գտնւող օրւան խորհրդային Հայաստանը շրջանցելի էր: Այդ օրերուն Հայաստանը անկախ չէր: Սակայն միացեալ Հայաստանի առաջադրումին համար կարեւորագոյն օրրան: Հայրենիքի շօշափելի այն հատւածը, որ փրկւած էր մայիսեան հերոսամարտերու շնորհիւ, եւ որ պիտի վերանկախանար Լիզբոնէն ընդամէնը 8 տարի ետք:
Լիզբոնի հերոսները կազմաւորւած էին մայիս 28-ի խորհուրդը անպայման առարկայացնելու նպատակին շուրջ: Ազատութիւնն ու ազատատենչութիւնը իրենց կտակին մէջ առանցքային տեղ ունէին: Իրենց զոհաբերութենէն 8 տարի ետք հայրենիքը վերստին կը շնչէր ազատօրէն եւ անկախօրէն:
Մնալով Լիզբոնի տղոց ուղերձներու հետեւողական տրամաբանութեան մէջ, վերանկախացած հայրենիքն էր այն հիմնաքարը, որուն վրայ պիտի կառուցւէր ամբողջական շէնքը: Լիզբոնի այդ ուղերձները իրաւական դրոյթ կը ստանային Անկախութեան հռչակագիրով: Վաղւան Հայաստանի գաղափարը ձեւակերպւած էր պատմական իրաւունքներու վերականգնումի եւ համայն հայութեան իղձերու կենսագործումի առաջադրանքներով: Ներկայ Հայաստանը ուրեմն, հիմնաքար` վաղւան Հայաստանին:
Հիմա փորձ կը կատարւի տապալելու համար ոչ միայն սահմանադրական իրաւադրոյթները, այլ նաեւ արմատախլելու Լիզբոնեան այս գաղափարախօսութիւնը: Լիզբոնի ուղերձի արտաքին ուղղութիւնը դէպի Թուրքիա էր, միջազգային հանրային կարծիքին ըլլալու կողքին: Թուրքիան հաշւի պիտի նստէր այն փաստին հետ, որ հայութեան մէջ կայ գերմարդկային ուժ, որ ի գին գերագոյն զոհաբերութեան, ի գին անձնազոհութեան պատրաստ է համազգային պահանջները իրականութիւն դարձնելու: Թուրքիան կը գիտակցէր, որ կայ կարողականութիւն հայութեան մէջ, որ կրնայ ուժի լեզւով խօսիլ եւ հարւածել ցեղասպան պետութեան դիւանագիտական բոլոր կենտրոնները: Այդ ուժը մինչեւ վերջ պիտի չհանդուրժէր իր ժողովուրդի իրաւազրկումը:
Հիմա Թուրքիան, Ադրբեջանի հետ կաշխատի վերացնել ամէն երեւոյթ, որ կապւած է իրաւազրկումի յաղթահարումին, որ կառնչւի իրաւունքի վերականգնման հեռանկարին: Այդ հեռանկարը կը փորձէ ջնջել ամէն գնով: Այս փուլին պահանջելով նաեւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն:
Սահմանադրական փոփոխութեան պահանջին կընդառաջեն Հայաստանի այսօրւան իշխանութիւնները: Այս ընդառաջումը շղարշւած է «Իրական Հայաստան»-ի կեղծ գաղափարախօսութեամբ: Պատահական չէ, որ Հայաստանի վարչապետը սփիւռքեան շրջագայութեամբ սկսաւ խօսիլ Ցեղասպանութեան պատճառահետեւանքային խնդիրներու վերարծարծման անհրաժեշտութեան մասին: Պատահական չէ, որ մինչեւ հիմա տիրապետած դաշնակցական գաղափարախօսութիւնը «Իրական Հայաստան»-ի շինծու հայեցակարգի վերափոխումի վարկածները արծարծեց սփիւռքահայ տարբեր հայմայնքներու հանդիպումներուն ընթացքին:
Իրական Հայաստանը Լիզբոնեան հասկացողութեամբ այն հիմնաքարն էր, որուն պիտի միանային հայրենիքէն բռնախլւած տարածքները: Իրական Հայաստանը այսօրւան իշխանութիւններուն համար, դարձաւ այդ տարածքներու միացումը մերժող հասկացողութիւն:
Լիզբոնի կտակին ընդառաջ աշխատելու եւ անոր գաղափարական ժառանգութեան տէր կանգնելու համար հայութիւնը ամբողջ պիտի մերժէ Սահմանադրութեան այն տարբերակը, որ թշնամիներու պահանջով եւ այսօրւան Երեւանի նախաձեռնութեամբ կը հրամցւի: Անկախութեան հռչակագիրը պէ՛տք է պահէ իր սահմանադրականութիւնը:
Ա՛յս է Լիզբոնի առաջնային ուղերձը:
Ազդակ