«ՆՈՐ ՕՐ»-էն՝ «ԱԶԱՏ ՕՐ» 80 տարի ամենօրեայ ներկայութիւն
Սփիւռքահայ մամուլի արժանաւորներէն՝ յունահայ գաղութի եւ եւրոպական տարածքի միակ օրաթերթը՝ «Ազատ օր»-ը, նշեց իր հիմնադրութեան 80-րդ տարեդարձը։
Տասնամեակներու վրայ երկարող թերթի ազգային, քաղաքական, գաղափարախօսական, գրական ու հասարակական աւանդն եւ անոր ունեցած կենսական դերակատարութիւնը յունահայութեան մէջ, լուսարձակի տակ առնւեցան մարտի 2-ի երեկոյեան, «Զաւարեան» կենտրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներուն մէջ, ներկայութեամբ յունահայ գաղութի գործօններուն եւ աննախընթաց բազմութեան։
Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարական ու քաղաքական ակունքներէն սնանող մեր թերթը, ոչ միայն քաղաքականապէս կազմաւորեց ու զարգացուց յունահայ սերունդները, այլեւ հայակերտումի, ազգակերտումի ու հայ գիրի լուսաճաճանչ փարոսը հանդիսացաւ, շնորհիւ անթիւ այն ծառայողներուն, որոնք հայ մամուլի անդաստանին մէջ դարձան «Նոր օր»-ի ու անոր յաջորդին՝ «Ազատ օր»-ի երախտաւորները, իրենց անսակարկ նւիրումի բովանդակ կարողականութիւնը մատուցելով հայ մամուլին։
«Ազատ օր»-ի 80-ամեակի շքեղ ելոյթը առիթը եղաւ նաեւ, որպէսզի երախտագիտութեան զգացումներ փոխանցւին մեր օրաթերթի շարք մը նւիրեալներուն՝ յուշանւէրներու յանձնումի յուզիչ արարողութեան ընթացքին։
Ելոյթը իրենց ներկայութեամբ պատւեցին յունահայ կեանքի կառոյցներն ու մամուլի ներկայացուցիչները։ Ներկայ եղան յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, Աւետարանական եկեղեցու վերապատւելի Վիգէն Չոլաքեան, Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան, ՀՀ դեսպանատան ներկայացուցիչ տկն. Աննա Մկրտչեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամները, ՀՅԴ Յունաստանի Կենտրոնական կոմիտէն եւ շրջաններու կոմիտէները, Հ.Կ. Խաչի, «Համազգային»-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային ու տեղական վարչութիւնները, ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամները, ինչպէս նաեւ «Նոր Աշխարհ» եւ «Հայ Կեանք» թերթերու խմբագիրները։ Սրահը բերնէ-բերան լեցուն էր մեր թերթի հաւատարիմ ընթերցողներով, բարեկամներով եւ երիտասարդ սերունդի հայրենակիցներով։
Ելոյթի մեկնարկին, ցուցադրւեցաւ վիդէոերիզ մը, ձեռնհասօրէն պատրաստւած ընկ. Ալիս Ֆուրունճեանին կողմէ։
Ճոխ նկարներով եւ նկարագրական տեսանիւթերով ներկայացւեցան «Նոր օր»-ի տարիները, ապա «Ազատ օր»-ի պատմական երթը, որպէս գաղութի սիրւած ու փնտրւած օրաթերթ։ Նաեւ, հոն երեւցաւ թերթի ներկայ հրատարակութեան խմբագրական եւ տպագրական աշխատանքը։
Ելոյթի բացումը կատարեց ընկ. Քերոբ Էքիզեան, ապա բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ Յունաստանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը իր խօսքը ուղղելու համար։ Երկու խօսքերը կը ներկայացնենք առանձին։
Ցոյց տրւեցան հատւածներ երկրորդ տեսանիւթէ մը, որ պատրաստւած էր «Ազատ օր»-ի 55-ամեակին առիթով։ Անոր մէջ խօսեցան «Նոր օր»-ի հիմնադիր սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն, դաշնակցական ականաւոր գործիչ Գաբրիէլ Լազեանի կողակիցը՝ Նաթալի Լազեան, թերթի առաջին գրաշարներէն Աւետուհի Թոփալեան, ինչպէս նաեւ «Ազատ օր»-ի հին ծառայողներ։
Պահը հասաւ յուշանւէրներու յանձնումին։ Առաջին հերթին, բեմ հրաւիրւեցաւ «Ազատ օր»-ի 40 տարիներու նւիրեալ խմբագիր հանգուցեալ Յովսէփ Պարազեանի կողակիցը՝ Մայտա Պարազեանը, որ ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին եւ թերթի խմբագիրին ձեռամբ՝ յուզւած ստացաւ առաջին յուշանւէրը։
Յաջորդաբար, բեմ բարձրացան ՀՅԴ Երիտմիութեան երկու անդամներ, ընկ. Լոռի Գույումճեան եւ ընկ. Ժաննա Յովսէփեան, որոնք հաղորդավարի դերով, նախ պատմական վերյիշում մը կատարեցին՝ տալով «Ազատ օր»-ի 55-ամեակի եւ 65-ամեակի ելոյթներուն պարգեւատրւած անցեալի ծառայողներու անունները։ Շարունակելով, անոնք ներկայացուցին օրւան ելոյթին առիթով պարգեւատրւող անձերուն՝ թերթին համար կատարած խմբագրական, վարչական, գրաշարական, տպագրական, աշխատակիցի ու ցրւումի երկարամեայ աշխատանքները, անոնց ծառայութեան ու նւիրումի համապատկերը։
Յուշանւէրներ ստացան Միհրան Քիւրտօղլեան, Կիրակոս Մկրտիչեան, հանգուցեալ Շահան Ֆարաճեանին համար՝ իր որդին Փօլ Ֆարաճեան, հանգուցեալ Յակոբ Ճէլալեանին համար՝ իր դուստրը Արտա Ճէլալեան, հանգուցեալ Գեղարդ Ա քհնյ. Պապօղլեանին համար՝ երիցուհի Արաքսի Պապօղլեան, հանգուցեալ Վարագ Ա քհնյ. Յովսէփեանին համար՝ իր որդին Համբիկ Յովսէփեան, Արա Մանկոյեան, Մաննիկ Աշրեան, Սերգօ Մինասեան, հանգուցեալ Համբարձում Համբարձումեանին համար՝ իր որդին Մինաս Համբարձումեան, Ռեբեկա Պարազեանին համար՝ իր հարազատը Արմիկ Պարազեան, Մարօ Օննիկեանին համար՝ իր դուստրը Լուսի Օննիկեան, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Յունաստանէն Անայիս Գասապեան, Աւետիս Աւետիսեան եւ Վահրամ Պէքթաշեան, որոնք չկարողացան ներկայ գտնւիլ, ու վերջապէս՝ հանգուցեալ Մարգար Շարապխանեան։
Յուզումի մթնոլորտին մէջ, կարգ մը պարգեւատրւողներ իրենց սիրտի խօսքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին եղած պատիւին համար։
Պաշտօնական յայտագիրին յաջորդեց ընկերային երեկոյ, գինիով, աղանդերներով ու հայկական երաժշտութեամբ, որուն ընթացքին տեղի ունեցան սրտաբուխ նւիրատւութիւններ թերթի ֆոնդին։ Այս առիթով, բոլոր ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրւեցան «Ազատ օր»-ի 1 մարտի բացառիկ թիւը, գինիի նմուշներ յատուկ պայուսակի մէջ, որոնց վրայ արձանագրւած էր թերթի 80-ամեակին առիթով պատրաստւած զարդանշանը, ինչպէս նաեւ 2024-ի օրացոյցէն օրինակներ։
Երեկոն վերջ գտաւ ուշ գիշեր, ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ։