Սփիւռք

Լծւած ենք գերիների ազատ արձակման աշխատանքին

Արամ Ա-ն հեռախօսազրոյց է ունեցել Օքամփոյի հետ

«ԱԼԻՔ» – Մեծի Տանն Կիլիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը հեռախօսազրոյց է ունեցել Միջազգային քրէական դատարանի նախկին նախագահ Լուիս Օքամփոյի հետ: Այս մասին յայտնում է Կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Ուրբաթ, 1 նոյեմբերի 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին հեռաձայնեց միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր եւ առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորէնօ Օքամփօ։

Խօսակցութեան առանցքը հանդիսացաւ նոյեմբերի 11-22 Ադրբեջանի մէջ տեղի ունենալիք COP29 միջազգային համագումարի լոյսին տակ Արցախին առնչւած հարցերուն հետապնդման աշխատանքները։ Այս ծիրէն ներս դոկտ. Օքամփօ Նորին Սրբութեան պարզեց ցարդ իր կատարած աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը եւ ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերը այս ծիրէն ներս՝ նկատի ունենալով իր ունեցած միջազգային կապերը։

Արամ Ա կաթողիկոս մեծապէս գնահատելով դատախազ Օքամփոյին զօրակցութիւնը Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ՝ յայտնեց, որ արդէն ինք վերջին շաբաթներու ընթացքին լուռ կերպով լծւած է աշխատանքի՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ գերիներու ազատ արձակման»,- նշւած է Կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Related Articles

Back to top button