Վարդանանց, Փետրւարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան պահանջատիրութեան նւիրւած ժողովրդային տօնակատարութիւն Այնճարի մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 27 փետրւար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Գ. Գիւլբենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց, Փետրւարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան նւիրւած ժողովրդային տօնակատարութիւնը:
Բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Գարայեան. ան յիշեցուց, որ այս երեք առիթները կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն եւ ազգապահպանման իրադարձութիւնները, որովհետեւ անոնք պարզապէս ռազմական բախումներ չէին, այլ՝ ազգային ինքնութեան եւ կրօնի պաշտպանութեան պայքարներ:
Ան դիտել տւաւ, որ մեր պատմութեան մէջ մենք ունեցանք Վարդաններ, Արամ Մանուկեաններ, Դրօներ, Կարօտներ, Գէորգ Հաճեաններ եւ բազմաթիւ հերոսներ, որոնք պայքարեցան յանուն սեփական հողի, ընտանեկան արժէքներու եւ սեփական ինքնութեան պահպանման եւ իրենց կեանքը զոհաբերեցին յանուն ազգին ու կրօնին, ինչպէս նաեւ ունեցանք վասակներ, որոնք որոշեցին քծնիլ թշնամիին դիմաց՝ պաշտպանելու համար իրենց անձնական շահերը, ուրանալով իրենց ազգութիւնը, պատմութիւնը, կրօնը եւ մշակոյթը, մոռնալով իրենց արժանապատւութիւնն ու պատիւը:
Իր խօսքը եզրափակելով՝ Մարինէ Գարայեան ըսաւ. «Մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին մեր մշակոյթը, մեր հաւատքը եւ մեր հողերը դարձան այն արժէքները, որոնք մեզի տւին ուժ՝ պայքարելու եւ դիմագրաւելու իւրաքանչիւր փորձութիւն եւ վտանգ, համախմբւելու եւ յառաջանալու միասնականութեամբ: Մենք պէտք է հասկնանք, որ մենք պահպանելու ենք մեր հողերը ոչ միայն մեր անձերուն համար, այլ՝ յանուն բոլոր նահատակներուն եւ հերոսներուն, որոնք զոհւեցան, որպէսզի մենք այսօր ունենանք հայրենիք: Մենք պարտաւոր ենք շարունակելու իրենց ճանապարհը՝ պատւով ու հաւատքով»:
Օրւան պատգամը տւաւ վերապատւելի Յովհաննէս Սւաճեան, որ իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ 2020 սեպտեմբերի մեր ազգային պարտութենէն եւ ժողովուրդը «Յաղթելու ենք»-ով խաբելէ, սեպտեմբեր 2023-ի Արցախի պարպումէն եւ մեր հողերու յանձնումէն ետք դժւարացած է հայկական իրականութեան հաղորդակից ըլլալ:
Ան անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կարեւորութեան՝ նշելով, որ եկեղեցին տէր կանգնած է ժողովուրդին՝ պետութեան բացակայութեան, թէեւ ան պետութեան տեղը չի կրնար առնել, այլ կրնայ օգտակար գործակցութիւն ծաւալել անոր հետ: «Եկեղեցին իր ժողովուրդն ու առաջնորդներն են: Եկեղեցւոյ ուժը իր հոգեւոր առաջնորդութեան մէջ է, բայց նաեւ՝ անոր աղօթող հաւատացեալներուն մէջ: Եկեղեցին հոգեւոր եւ բարոյական ուժ է, որ ընելիք ունի նոր ճակատներու մարտահրաւէրներու եւ հին, անլոյծ, պարտւած ճակատներուն դիմաց», շեշտեց ան:
Բանախօսը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայկական իրաւունքներուն՝ նշելով, որ այդ առումով կացութիւնը կը բարդանայ մեծ պետութիւններու հաշիւներու պատճառով, որոնց զոհը կը դառնան ժողովուրդներուն դատերը: Ան խօսեցաւ նաեւ Արցախի մասին եւ ըսաւ, որ եղածին համար ժողովուրդը այպանելի չէ, բայց այս շարժումը կառավարողներուն պէտք է հարցումներ ուղղւին:
Ըստ անոր, մենք պայքարող ժողովուրդ ենք, բայց մեր շահածը չենք կրցած պահել: Վարդանանքի մեծութիւնը այն է, որ շարունակւող ճակատամարտ է: Անկախութիւն չառինք, բայց պահեցինք խղճի ազատութիւնը: Վարդանանք մէկ ճակատ ունին մեծ կայսրութեան մը դէմ: Այսօր, ճակատները աշխարհագրական չեն, բազմակողմանի եւ բարդ են, աշխարհի ներկայ կացութեան նման:
Ապա վերապատւելի Յովհաննէս Սւաճեան անդրադարձաւ ներկայիս մարդկային կեանքին մէջ անկում կրած բազում երեւոյթներու, որոնք չարի յաղթանակով կերպարանափոխւած են, իսկ կեանքի ժխտական արժէքները եւ անոնք կը ներկայացւին իբրեւ դրական: Ան շեշտեց, որ նահանջ արձանագրած են՝ գաղափարախօսութիւններ, մարդկային տրամաբանութեան եւ գիտութեան օրէնքներ: Կաւելնան նոր ճակատներ, ինչպէս՝ «Թիք թոք», ընկերային ցանցեր, արհեստական բանականութիւն: Մարդ կը զբաղի եւ ժամանակ կը սպանէ եւ իր մտածելու, տրամաբանելու կարողութիւնը կը բթացնէ:
Ան իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով.
1) Կը խոստովանինք, որ մեղանչեցինք քեզի դէմ, ո՛վ Աստւած, եւ թողուցինք Քրիստոսի Աւետարանին արժէքները: Չկրցանք Քրիստոսի սէրը ներմուծել մեր ազգային վարմունքներուն մէջ:
2) Կը խոստովանինք, որ չհաւաքեցինք մեր ազգի զաւակները վասն Քրիստոսի եւ վասն հայրենեաց շուրջ:
3) Կը խոստովանինք, որ չսորվեցանք պատմութեան դասը, աշխարհագրութեան տւած պարգեւը եւ անկէ բխած իմաստութիւնը:
4) Կը խոստովանինք, որ հաւատքի կենսական զէնքէն հրաժարեցանք: Չգնահատեցինք իւրաքանչիւր ճակատամարտի՝ իրեն յատուկ զէնքը: Այսքան ճիւղաւորւած ճակատները ինչպէ՞ս դիմագրաւենք՝ աշխարհագրական եւ բարոյական մարզերուն մէջ: Ուժ չունինք, որ մենք ստեղծենք ճակատները՝ մեզի նպաստաւոր: Ժամանակն է, որ հաւաքականօրէն խոստովանինք, արժեւորենք եւ նախապատիւ սեպենք մեր հայրենիքի, ազգի ու հայ մարդուն շահը: Ամէն մարդ իր կենսական բաժինը ունի: Մէկը ըսած է. «Ամէն մարդ յանցաւոր չէ, բայց ամէն մարդ պատասխանատու է»:
Գեղարւեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Գ. Գիւլբենկեան եւ Հայ Աւետարանական վարժարաններու աշակերտները՝ ներկայացնելով ասմունք եւ Վարդանանց հայրենասիրական երգեր՝ նւագախումբին ընկերակցութեամբ:
Ապա ցուցադրւեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստւած տեսերիզը, ուր գլխաւոր զեկուցողն էր քաղաքական վերլուծաբան Եղիկ Թաշճեան, որ ներկայացուց Արցախի պահանջատիրութեան անցեալի եւ ներկայի հոլովոյթը:
Անդրադառնալով Հայաստանի համար Արցախի ունեցած կարեւորութեան՝ ան բաղդատական մը ըրաւ 1988-ի ժամանակաշրջանին հետ, երբ նոյնպէս յուսախաբութեան ալիք մը կար տարբեր պատճառներով, բայց եւ այնպէս, ժողովուրդը ոտքի ելաւ եւ պահանջեց Հայաստանի եւ Արցախի վերամիացումը: Ժողովուրդին կամքին եւ օրւան իշխանութեան կողմէ պետականութիւնն ու անոր շահերը ամէն ինչէ բարձր դասելու շնորհիւ՝ կարելի եղաւ հասնիլ արդիւնքի, շեշտեց Թաշճեան՝ լուսարձակի տակ առնելով այն իրականութիւնը, որ Արցախը մեզի համար պարիսպ էր, եւ Արցախի տկարացումով Սիւնիքը վտանգւեցաւ:
Ան շեշտեց, որ հայութիւնը չկրցաւ իր ռազմական յաղթանակները պահել, որովհետեւ մինչ Հայաստան կը մտածէր դիւանագիտական լուծման մասին եւ այդ գծով աշխատանք կը տանէր, թշնամին կը պատրաստւէր յաջորդ պատերազմին, աւելցնելով, որ այս բոլորին զուգահեռ՝ առկայ էին նաեւ դաշնակիցներուն հետ կապերն ու հոն արձանագրւած փոփոխութիւնները: Ապա բանախօսը մանրամասնօրէն ներկայացուց 2020-ի պատերազմին նախորդող կացութիւնը, պատերազմի ընթացքն ու անոր ծանր հետեւանքը:
Եղիկ Թաշճեան ցաւ յայտնեց, որ այսօր Բաքւի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահւող մեր գերիներու եւ Արցախի ղեկավարութեան ազատ արձակման գծով աշխատանք կը տանին միայն սփիւռքի կառոյցները՝ աւելցնելով, թէ կայ այն կարծիքը, որ Ադրբեջան այս դատը կրնայ օգտագործել իբրեւ քաղաքական շանթաժ Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատմամբ: Ան շեշտեց, որ մեր քաղաքական գերիներուն գծով պէտք է մտածենք լիովին հայօրէն՝ իբրեւ մեր բոլորիս արժանապատւութիւնը, որ վեր է գաղափարական կամ քաղաքական որեւէ տարակարծութենէ: «Կակնկալեմ, որ սփիւռքի մէջ շատ աւելի ցոյցեր եւ քարոզարշաւ ըլլայ, որովհետեւ Ադրբեջան այս խաղաքարտը պիտի օգտագործէ նաեւ Հայաստանի, սփիւռքի եւ այլ երկիրներու դէմ»,- ըսաւ Թաշճեան՝ շեշտելով, որ պէտք է մեր ճնշման լծակները օգտագործենք Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ, որոշ լաբբիի աշխատանք տանիլ, մարդու իրաւունքներու խախտումները լուսարձակի տակ բերել, այլ խօսքով՝ ընել ամէն ինչ, որպէսզի մեր քաղաքական բանտարկեալները կարելի ըլլայ դուրս բերել թշնամիին բանտերէն:
Եղիկ Թաշճեան պատասխանելով այն հարցումին, որ այսօր արցախեան հարցը փակւա՞ծ է արդէն, խօսեցաւ ներքին եւ արտաքին պայմաններուն, հանգամանքներուն ու հաշիւներուն մասին, որոնց փոփոխութիւնը բնականաբար կազդէ մեր դատերուն վրայ, բայց եւ այնպէս, շեշտեց, որ միջազգային յարաբերութեանց մէջ փոփոխութիւններ կրնան արձանագրւիլ կրկին, եւ մենք առիթը պէտք է օգտագործենք, դրական ըլլանք եւ երբեք յուսախաբութիւն չապրինք, այլ կառչած մնանք մեր հողին, կամքին եւ մեր իրաւունքներու վերադարձի հաւատքին ու պայքարին: Ան հաստատեց, որ Արցախի ժողովուրդին վերադարձը մեր գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլայ, Արցախի հարցը փակւած չէ, այնքան ատեն որ մենք պայքարի ոգի ունինք, որովհետեւ եթէ հակառակ պարագային ճերմակ դրօշակը բարձրացուցինք, ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի հարցը փակւած կըլլայ:
Բանախօսը նաեւ անդրադարձաւ արցախահայութիւնը Հայաստանի մէջ համախումբ պահելու եւ անոր վերադարձի իրաւունքը երաշխաւորելու կարեւորութեան մասին, նաեւ՝ ներկայ կացութեան մասին, ըսաւ, թէ ինչպէս սփիւռքի մէջ օրին հայրենակցական միութիւններ կազմւեցան, նոյնը պէտք է ընել Հայաստանի մէջ՝ ստեղծել, օրինակ, Հադրութի, Ստեփանակերտի, Շուշիի հայրենակցական միութիւններ, որովհետեւ պատկանելիութեան հարցը կարեւոր է: Ան անհրաժեշտ նկատեց արցախցիներուն համար յատուկ տնտեսական ծրագիրներ մշակել եւ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի մէջ Արցախի ժողովուրդին գոյատեւման եւ կեցութեան, շեշտելով, որ եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը պատրաստ չէ այս առումով, սփիւռքը պէտք է նախաձեռնութիւններու դիմէ, որպէսզի արցախահայութիւնը համախումբ մնայ, եւ եթէ ապագային միջազգային յարաբերութիւններու սեղանին դրւի արցախահայութեան եւ վերադարձի հարցը, մենք պատրաստ ըլլանք:
Իր խօսքի աւարտին Եղիկ Թաշճեան հաստատեց, որ թէեւ ծանր են պայմանները, սակայն պէտք է յիշել, որ մենք Ցեղասպանութենէ վերապրած, կերտած, վերաշինած ժողովուրդ ենք, մեզի համար անընդունելի են յուսահատութիւնն ու յանձնւողականութիւնը, պատմութիւնը ցոյց տւած է, որ մեր ժողովուրդը միշտ յարութիւն առած է, որովհետեւ կամք ունի եւ մեզի համար կարեւորը քաղաքական կամքը պահել է:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Եզիեկել վրդ. Սէլումեանի «Պահպանիչ»-ով: