Թրամփ «Մարգարէ»-ին պատմուճանը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ուկրաինոյ զօրակցութիւն յայտնելու տենդով` մօտաւորապէս մէկ շաբաթէ ի վեր տարօրինակ մրցակցութիւն մը բացւած է Եւրոպայի մէջ: Թրամփ-Զելենսկի վաշինգտոնեան աղմկայարոյց հանդիպումէն ետք, նախ արքայական Բրիտանիոյ վարչապետը փորձեց իր «մական»-ին շուրջ բոլորել եւրոպացի դաշնակիցները, որոնք զինական պատկառելի օժանդակութիւն մը ծրարեցին Ուկրաինոյ համար: Յետոյ, մրցադաշտին մէջ յառաջ անցաւ Ֆրանսայի նախագահին ձին. նախագահը հրապարակ եկաւ Եւրոպան ֆրանսական կորիզային պաշտպանական հովանոցով մը օժտելու (այսինքն՝ ֆրանսական գերակայութեան մը ստեղծումի) գաղափարով: Ան նաեւ ջատագով է Ուկրաինոյ զինւորական օժանդակութիւն տրամադրելու: Զելենսկի հրճւանքով եւ երախտագիտական արտայայտութիւններով ողջունեց եւրոպացիներուն պատրաստակամութիւնն ու առատաձեռնութիւնը՝ իր զինական կարիքները ապահովելու իմաստով, պաչպչեց Ֆոն Տէր Լայuնի երեսները: Հա՛, չմոռնանք, որ Թուրքիա եւս ախորժակը սրած է՝ պատրաստւող կարկանդակէն բաժին ստանալու յոյսով, ու կըսէ, թէ կրնայ զինւոր ղրկել Ուկրաինա:
Փակագիծ մը բանանաք եւ արձանագրենք, որ Ուկրաինոյ օգնութիւն հասցնելու վազքին մէջ, եւրոպացիք միակամ չեն, իսկ զօրակիցներուն խանդավառութիւնը աւելի եւս կը շեշտէ խաղաղասիրութիւն քարոզող Վաշինգտոնի եւ անոր եւրոպացի դաշնակիցներուն միջեւ տարակարծութեանց խորացումը (գոնէ այժմու երեւոյթները այդ ցոյց կու տան. իսկ եթէ վաղը խաղին օրէնքները վերափոխւին` պիտի ըսւի. «Քաղաքական կեանքի մէջ ամէն բան հաւանական է. այսօր դաշնակից, վաղը թշնամի…»): Փակենք փակագիծը:
***
Նորագոյն այս դիպաշարն ու վաղը-միւս օր ծագելիք հաւանականութիւնները եթէ պահ մը դիտենք քիչ մը տարբեր անկիւնէ, դժւար պիտի չըլլայ տեսնել, որ ստեղծւած կացութիւնը կը յիշեցնէ… Հին Կտակարանի մէկ դրւագը: Կը պատմւի, որ Եղիա մարգարէն իր երկրաւոր կեանքը մահով չէ փակած, այլ Աստւած զինք հրեղէն կառքով մը երկինք տարած է: Յորդանան գետի ափէն թռիչք առնելու պահուն՝ իր պատմուճանը ձգած է հաւատարիմ աշակերտներէն՝ Եղիսէին, որ այսպէսով ժառանգած է Եղիային առաքելութիւնը:
Ընթրեցողս իրաւունք ունի հարց տալու. Քրիստոսէ աւելի քան 900 տարի առաջ ապրած Եղիան ու Եղիսէն ի՞նչ կապ ունին մեր այսօրւան անցուդարձերուն հետ: Փորձենք գտնել կապը:
Զելենսկիի հետ իր հանդիպումէն ետք, Թրամփ որոշեց դադրեցնել (առայժմ) Ուկրաինոյ զինական եւ տեղեկատւական-լրտեսական աջակցութիւնները, յայտարարեց, որ Զելենսկի պէտք է ընդունի Ուկրաինոյ բնական հարստութիւններով փոխհատուցել ամերիկեան օժանդակութիւնները: (Պահ մը մէկդի ձգենք, որ Թրամփ պատրաստ է վերատեսութեան ենթարկելու իր այս «բիրտ» կեցւածքը, Զելենսկին ալ պատրաստ է «բարի տղայ» ձեւանալ եւ ընդառաջել այս պահանջին): Ասդին, Կիեւի օգնութիւն տրամադրելու մրցավազքին մէջ զիրար գերազանցելու ելած եւրոպացիք խորքին մէջ մտած են նաեւ այլ մրցավազքի մը մէջ, որ թափանցիկ շղարշով մը ծածկւած է եւ ո՛չ ոք կը խօսի այդ մասին: Կարծէք թէ Ուկրաինայէն աւելի՝ անոնց անմիջական հետաքրքրութիւնն ու մտահոգութիւնը ուրիշ տեղ է, այսինքն՝ անմիջական մտասեւեռումներէն մէկը այն է, թէ Եւրոպայի մէջ ո՞վ պիտի գրաւէ Ամերիկայի ձգած (հաւանական կամ շինծու) բացը, այսինքն՝ ո՞վ պիտի խլէ Թրամփ «մարգարէ»-ին պատմուճանը:
Պատկերը շատ տարբեր չէ ովկիանոսին արեւմտեան կողմը: Թրամփ յայտնապէս աւելի՛ մտահոգ է դեմոկրատները գետնէ-գետին զարնելով, քան թէ Ուկրաինոյ օժանդակել-չօժանդակելու ընտրանքներով կամ եւրոպացիներու եւ այլ դաշնակիցներու հետ խզւիլ-չխզւիլ, տուրքեր հաստատել-յետաձգել խաղալով (առանձին հարց է, թէ այդ խաղերուն դիմաց սուղ վճարողները որո՞նք են):
Ֆրանսա յառաջ ինկած է եւ կուզէ պատմուճանին առաջին յաւակնորդը ըլլալ: Զինական օժանդակութիւններու կողքին՝ Ուկրաինոյ կը խոստանայ լրտեսական աջակցութիւն: Եւրոպացի մամլոյ դէտ մը նշեց, որ Ֆրանսա Եւրոպական միութեան միակ անդամն է, որ կորիզային զէնք ունի: Բրիտանիա այդ արժանիքը չունի հիմա, «Պրեքզիթ»-ին պատճառով: Գերմանիա այլապէս ինկած է իր ներքին քաղաքական փոթորիկներուն գիրկը, առայժմ լուրջ յաւակնորդ մը չերեւիր Ֆրանսայի դիմաց, թէեւ զինապաշտութեան մէջ չուզեր անկէ ետ մնալ: Սակայն, կրկնենք, Եւրոպայի տարածքին, թէ՛ ՆԱՏՕ-ի եւ թէ Եւրամիութեան շրջագիծերուն մէջ հակադրութիւնները լուսարձակի տակ են: Մինչ այդ, սղութեան ալիքներէ հալածական քաղաքացիները կը սպասեն, որ իրենց կառավարութիւնները քիչ մըն ալ ձեռք զարնեն ներքին դժւարութիւնները դարմանելու գործին…:
Կորիզային ուժի տէր միւս հսկան՝ Չինաստանը, գրաւած է ձեւով մը հեռւէն դիտողի եւ խրատողի աթոռը, կը տեսնէ, որ Վաշինգտոն կը փորձէ հարւած տալ Մոսկւայի հետ իր կապերուն, մանաւանդ որ հոն կայ… «ՊՐԻՔՍ»-ը:
«Վերաձեւաւորւող աշխարհ»ը հետամտողներ այս փուլին իրաւունք չունին կարգ մը իրականութիւններ արհամարհելու եւ տարւելու չափազանցեալ յոյսերով: Ճանչցւած դաշնակիցներ պատրաստ են զիրար կռնակէն դաշունահարելու, եւ հարցերուն հարցը այն է, թէ ո՞ր դաշնակիցին կարելի է վստահիլ, ապաւինիլ, որո՞ւն յոյս կապել-չկապել: Այսպէ՛ս է, որովհետեւ զինարշաւը շահած է գործակցական փոխընտրանքին դէմ մրցումը (գործակցութի՞ւն… հա՞… սա ի՞նչ պտուղ է):
***
Վաղը ի՞նչ կրնայ պատահիլ-ը նետւած է նախատեսութիւններու սակարանին մէջ: Վաշինգտոն չի կրնար մտահան ընել իր շահերը եւ մոռնալ ՆԱՏՕ-ի մէջ տիրապետողի իր դիրքը (անկախ փոփոխամիտ Թրամփի լաւ-վատ տրամադրութիւններէն): Եւրոպան ալ չի կրնար արհամարհել այս իրականութիւնը, որովհետեւ չէ մոռցած, որ Բ Աշխարհամարտին, ամերիկեան օժանդակութեամբ էր որ նահանջի մատնեց նացի Գերմանիան, եւ թէ՝ այդ օրերուն, Ռուսիոյ «նախահայր» Խորհրդային միութիւնը իրենց հետ նոյն խրամատին մէջ էր. աւելին, «Մարշըլ ծրագիր»ը չինական արտադրութիւն չէր, հիմա, անոր տարբերակը կը թխսւի Ուկրաինոյ համար եւ կը գրգռէ նոր ախորժակներ, մրցակցութիւններ: Եւրոպացիք կը խոստովանին, որ առանց Վաշինգտոնի յենարանին՝ իրենք առանձինն շատ բան չեն կրնար ընել, բացի… «պատմուճան»-ը խլելու տարօրինակ մրցումէն:
Այլ հարց, թէ Վաշինգտոն-Մոսկւա գիծին վրայ նշմարւող մեղմացումի մթնոլորտը որքա՞ն իրական է, որքա՞ն խաբուսիկ: Բեռլինի Պատին փլուզումէն ետք, անցած է աւելի քան 35 տարի, աշխարհը ականատես եղած է տաք-պաղ փուլերու, հիմա, տաք-ին կը խոստանայ յաջորդել գաղջ մը, որուն հորիզոնը կը մնայ անորոշ, որովհետեւ Արեւմուտքը չի ցուցաբերեր այն միասնականութիւնը, որ կար «աշխարհի նոր համակարգ»-ի ստեղծման այդ օրերուն:
Այլ խօսքով, հարցը միայն «մարգարէին պատմուճանը» ժառանգելու պատմութիւն չէ, այլ կան բաւական յստակ… բարդութիւններ: Եւ այդ բարդութիւնները կրնան միաժամանակ բարիք կամ պատուհաս բերել խաղին առնչակից փոքրերու գլխուն, նայած՝ թէ անոնք որքա՞ն վարպետ են նման խաղի մէջ մտնելու: