Պատրաստութեան ամառ, թէժ աշունի համար
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
«Սրբազան պայքար»-ի գլխաւոր մասնակիցները կը շարունակեն մարզային այցելութիւնները: Մարզերու մէջ, ինչպէս վերջերս Արագածոտնի մարզին մէջ, Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան եւ ընկերակիցներ հանդիպումներ կունենան գիւղերու եւ աւաններու բնակիչներուն հետ եւ կը բացատրեն շարժումին դրդապատճառները: Նպատակ ճշտւած է վերազարթեցնել հայ մարդոց ազգային ապրումները եւ անոնց ենթագիտակցութեան խորքը ծւարած արժանապատիւ հայու տիպարը վերակերտել: Ասիկա երկարատեւ ու հետեւողական աշխատանք պահանջող գործ է: Ցարդ այցելութիւն կատարւած է տասը մարզերէն միայն երեքին. կը նշանակէ, որ ամէն շաբաթ մարզ մը որդեգրելով, գրեթէ երկու ամիս տեւողութեամբ իրազեկման արշաւներ կատարելու հնարաւորութիւն կայ:
Երբ իրազեկման աշխատանքը արդիւնաւորւի, «Սրբազան պայքար»-ը դուրս եկած կըլլայ մասամբ տաւուշեան, սակայն առաւելաբար երեւանեան իր պարունակէն եւ կը վերածւի համահայաստանեանի: Աշնան, նախապատրաստական աշխատանքը աւարտելէ ետք, հանրային ու քաղաքական կեանքի աշխուժացման զուգահեռ՝ նոր թափով կը վերսկսի:
Շատ բան փոխւած է արդէն հայ մարդոց գիտակցութեան մէջ: Սահմանադրութեան փոփոխութեան ալիեւեան պահանջը Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ դրական արձագանգի ենթարկւած էր: Ադրբեջան կուզէ, որ Սահմանադրութենէն դուրս գան Արցախի Հայաստանի հետ միաւորման եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերաբերող նշումները, Ադրբեջան այս սրբագրութեամբ կը պայմանաւորէ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը: Բայց ահա, հարցախոյզ մը Երեւան կը հանէ, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն 80 առ հարիւրը դէմ է սահմանադրական փոփոխութեան: Ուրեմն, այդքան շեփորւած եւ շուտով կատարելի պայմանագիրի ստորագրումը պիտի խափանւի, կամ առնւազն յետաձգւի ցնոր տնօրինութիւն:
Ռուսիոյ դէմ պայքարը կը շարունակւի. Հայաստան դուրս չի գար զինք Ռուսիոյ հետ կապող բազմաթիւ պայմանաւորումներէն, սակայն խռովկան պատանիի մը նման չի մասնակցիր ժողովներուն ու միջոցառումներուն: Արեւմուտքը կը շարունակէ գովաբանել Հայաստանի իրականացուցած ու իրականացւող «ժողովրդավարական» փոփոխութիւնները, չտեսնել ձեւացնելով քաղաքական պատճառներով հետապնդումները եւ ոստիկանական բռնութիւնները: Արեւմուտքը պատրաստ է օժանդակելու Հայաստանին եւ Ադրբեջանին խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու նպատակով: Ադրբեջան քաղաքավարօրէն կը մերժէ ամէն օժանդակութիւն եւ կը շարունակէ յաղթողի յոխորտանքով իր ճնշումի ու սպառնալիքի քաղաքականութիւնը: Ադրբեջան ամէն առիթ կօգտագործէ Արցախի գրաւումը օրինական ու անսակարկելի դարձնելու համար: Օտար հիւրեր կայցելեն Ղարաբաղ ու յատկապէս Շուշի: Շուշիի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Թրքական երկիրներու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական գագաթաժողովը: Ներկայ էին, Ադրբեջանի նախագահի կողքին, Ղազախստանի, Ուզբեկիստանի, Հիւսիսային Կիպրոսի նախագահները, Թուրքիոյ փոխնախագահը, կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը եւ… Եւրոպական Միութեան անդամ Հունգարիոյ նախագահը՝ Վիկտոր Օրբան: Գագաթաժողովը ընդունած է «Ղարաբաղեան հռչակագիր» մը, ուր կը խօսւի կայուն ապագայի մը կառուցման մասին փոխադրութեան, կապի եւ կլիմայական գործողութիւններու միջոցով: Հռչակագիրը կը խօսի նաեւ թուրքական պետութիւններու դերին մասին պատմութեան ընթացքին… համաշխարհային քաղաքականութեան՝ տնտեսութեան եւ քաղաքակրթութիւններու զարգացման գործին մէջ: Կիմանանք այսպէս, որ թուրքական պետութիւնները քաղաքակրթական արժէքներ ստեղծած են: Շուշին այդ արժէքներու ստեղծման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է:
Հայաստանի իշխանութիւնները լուռ են. չեն ուզեր որեւէ գանգատով կամ մեկնաբանութեամբ բարկացնել Ադրբեջանը: Մէկ կողմէ ժողովրդավարութիւնը կամրացնեն, միւս կողմէ՝ խաղաղութեան դարաշրջան կը բանան: Կը փափագին, որ ստեղծման գրեթէ վերջնագիծին հասած «իրական» Հայաստանի մէջ, քաղաքացիները երջանիկ կեանք մը ունենան նման այն երջանկութեան, զոր կը վայելէին ժամանակին խորհրդային Հայաստանի բնակիչները: Քիչ կը մնայ ըսել, որ ճշմարիտ ազատութիւնը, անկախութիւնը, միշտ հոլովւած ինքնիշխանութիւնը կրնան իրականանալ թուրք-ադրբեջանական հովանաւորութեան տակ:
Իշխանութեան փոփոխութիւնը ինքնանպատակ չէ, ատիկա անհրաժեշտ է վարւող քաղաքականութենէն շեղելու ու հայ մարդոց ու ազգին արժանապատւութիւնը վերականգնելու համար:
«Ազդակ»