Շուշիէն սփռւած յայտարարութիւններ
Երկար ժամանակէ ի վեր լուրջ պատրաստութեան մէջ էր Բաքուն, թուրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովը բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ կազմակերպելու համար։ Ալիեւի աչքին, «տժգոյն ու դժբախտ» չէ Շուշին, իսկ Արցախի ազերիներով բնակեցման վազքը կը շարունակւի թափով:
Ալիեւի վարչախումբը գործի լծւած է, ամէն գնով եւ անդառնալիօրէն ոչնչացնելու քաղաքին անժխտելի հայկականութիւնը. մզկիթի վերածւեցաւ Ղազանչեցոց տաճարը, իսկ «Կանաչ Ժամ» եկեղեցին բոլորովին ջնջւած է քարտէզէն, վերածւելով հարթ-հաւասար տարածութեան։ Յուշակոթողներու ջարդը մրցումի ելած է Նախիջեւանի խաչքարերու փոշիացման հետ։ …Եւ դեռ «Այս բոլորը՝ մեզի ի՞նչ», կը յայտարարեն ՔՊ-ականները:
5-6 յուլիսին, Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ թուրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովը։ Բռնապետ Ալիեւի հրաւէին ընդառաջած էին Ղազախստանի, Ուզբկիստանի եւ Կիրգիզստանի նախագահները։ Թուրքիոյ «սուլթան» Էրդողանը, Եւրոպայի ազգային խումբերու ախոյեանութեան՝ Եւրօ 2024-ի աւարտական մրցաշարքով աւելի՛ հետաքրքրւած ըլլալով, մեկնած էր Գերմանիա. այս վեհաժողովին, Թուրքիան կը ներկայացնէր փոխնախագահ Ջեւդեթ Եըլմազ:
Զարմանալի չէր նաեւ այսպէս կոչւած՝ «Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրքական Հանրապետութեան նախագահ» Էրսին Թաթարի ներկայութիւնը: Անդին, շատ աւելի խոր եւ մտահոգիչ հարցադրումներու դուռ բացաւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիկտոր Օրբանի ներկայութիւնը, հակառակ անոր վատահամբաւ կեցւածքներուն նորութիւն չըլլալուն։
Հունգարիոյ պետին այս վեհաժողովին մասնակցութիւնը արտասովոր է, ստեղծւած՝ նոյնինքն Հունգարիոյ եւ այս կազմակերպութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Հոս տեղին է լայն փակագիծ մը բանալ եւ կրկին անհանգստացնել այժմ Եռաբլուրի մէջ հանգչող սպայ Գուրգէն Մարգարեանը, որ 2004-ին, ռազմադաշտերէն շատ հեռու՝ Դանուբի ափին, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Բուդափէշթի մէջ, գիշերւան կիսուն, խոր քունի մէջ եղած պահուն, ազերի դաւադիր Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ կացինահար սպանւած էր:
Շուշիի վեհաժողովին իր արտասանած խօսքին մէջ, «այս քաղաքին մէջ ընդունելու համար» Ալիեւին երախտագիտութիւն յայտնող Օրբանն էր, որ մութ հաշիւներով եւ անշուշտ կաշառակերութեամբ, աւելի քան 10 տարի առաջ շրջանցած էր Հունգարիոյ դատական ատեանի մէկ վճիռը, ըստ որուն՝ պաշտօնապէս յանցաւոր նկատւած եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտւած Սաֆարովը ազատ արձակած էր, եւ ան իբրեւ հերոս վերադարձած էր Բաքու, պարգեւավճար ու պաշտօնի բարձրացում ալ ստացած էր։
Սաֆարովի ազատ արձակումէն՝ օգոստոս 2012-էն ի վեր, Հայաստան իր կապերը խզած էր Հունգարիոյ հետ. 10 տարի ետք, յանկարծ վերահաստատւեցան դիւանագիտական կապերը: Երեւանի «հիներն» էին կապերը խզողը, իսկ ներկայ իշխանութիւնները վերստին ձեռք երկարեցին Օրբանի, պատճառաբանելով, թէ անոր միջամտութեամբ կարելի եղած էր հայ բանտարկեալներ ազատ արձակել: Անշուշտ հայ բանտարկեալներու վերադարձը ողջունելի էր, անիկա Ադրբեջանի ճիտին պարտքն էր, ուրեմն Օրբանի դերակատարութիւնը պարզապէս աչքերուն փոշի նետող բեմադրութիւն մըն էր: Բայց… ինչո՞ւ զարմանալ. Երեւանի վարիչները մոռցած են Շուշին, մոռցած են անոր կարեւորութիւնը, նաեւ ամբողջ Արցախը, ինչո՞ւ նման «մանրուքներու» կարեւորութիւն տալ:
Կարկինը քիչ մը աւելի լայն բանանք. Եւրոպան՝ Եւրոմիութիւնն է, որ իր կարգին զայրացած է Օրբան տիպարին Շուշի ժամանումէն։ Ուշագրաւ էր եւ տեղի՛ն՝ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր յանձնակատար Ժոզէփ Բորէլի մէկ յայտարարութիւնը, թէ Օրբան կասկածի տա՞կ դրած է Կիպրոսի հիմնահարցը։ Մենք ալ աւելցնենք. հապա Արցա՞խը, վսեմաշո՜ւք Բորէլ…
Կարելի է շատ մելան հոսեցնել այս տարօրինակ վեհաժողովին մասին, ուր քանի մը էջերով «Ղարաբաղեան յայտարարութիւն» մը ստորագրւած ու հրատարակւած է։ Յիշեցնենք, որ նման յայտարարութիւններ նորութիւն չեն, անցեալին ականատես եղանք թուրք-ազերիական զինակցութեան հռչակման: Բացման իր խօսքին մէջ, Ալիեւ, վեր առնելով 44-օրեայ պատերազմին կարեւորութիւնն ու Շուշիի ազատագրումը, առիթը օգտագործած է յուշելու «արեւելեան Զանգեզուր»-ի պահանջը։ Այս բոլորը ա՛յն օրերուն, երբ Բաքւէն կրկին ու կրկի՛ն կը հնչէ «Հայաստան պէտք է նոր սահմանադրութիւն ունենայ» պահանջը, զայն ամենայն սրտով ու գոհունակութեամբ կողջունէ «ազգընտի՜ր վարչապետ»-ը, հոգ չէ թէ իր արտաքին գործոց նախարարը եւ ուրիշներ նման պահանջ կը նկատեն Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ, իսկ իրատեսներ այս «երկխօսութեան» մէջ կը նշմարեն Հայաստանի վրայ ազերիական տիրապետութեան քայլ առ քայլ ամբողջացման նոր արտայայտութիւններ:
Շուշիէն հնչած այս նոր պահանջներուն դիմաց, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդեօք որեւէ խօսք ունի՞ փոխանցելիք, թէ՞ կը նախընտրէ լռել․․․ամառնային արձակուրդի սեմին։
«Հայրենիք» – Բոստոն
Խմբագրական