Ակնարկ. 3 թէժ կէտերու մէջ ակնկալութիւններ եւ պայմաններ

Միջինարեւելեան երեք թէժ կէտերու ուղղութիւններով նոր շրջափուլի նախադրեալներ կը պարզւին:
Սկսինք Լիբանանէն: Ուշագրաւ են Հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը Սաուդական Արաբիա եւ այնտեղ կայացած թէ՛ ընդլայնւած հանդիպումներն ու թէ՛ առանձնազրոյցը Սաուդական Արաբիոյ թագաժառանգին հետ:
Անմիջապէս պէտք է արձանագրել, որ հանրապետութեան նախագահին տւած առաջին այցելութեան վայրը Ռիադն է, որ ի դէպ վերաշխուժացուցած էր իր ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ, յատկապէս նախագահի ընտրութեան, վարչապետի նշանակման կարեւորագոյն փուլերուն: Սաուդական Արաբիան Լիբանանի մեծ դռներէն մուտք կը գործէր նոր շրջափուլի ենթահողը պատրաստելու եւ պետական առկախւած հաստատութիւնները վերագործարկելու առումով:
Կանխահաս է բացարձակ հաստատումներ կատարելը երկրին վերազարգացման վերաբերեալ կամ ընդհանրապէս վերականգնման արագ արդիւնքներ սպասելը: Որոշւածը այս փուլին երկկողմանի սառեցւած յարաբերութիւններու վերագործարկումն է: Զգուշաւոր ձեւով օգտագործւած են եզրերը: Կողմերը համաձայնեցան կեանքի կոչել եւ զարգացնել յարաբերութիւնները: Միացեալ հաղորդագրութիւնը յարաբերութիւններու վերստեղծումէն բացի մասնակի քանի մը կէտ նշած է. ուսումնասիրել Լիբանանէն Սաուդական Արաբիա կատարւելիք արտածումի խոչընդոտներու վերացումի եւ Սաուդական Արաբիոյ քաղաքացիներու Լիբանան ճամբորդութիւնը արտօնելու քայլերը:
Քննարկելու եւ ուսումնասիրելու որոշումն է կայացւածը: Հասնելու համար արտածման խոչընդոտներու վերացման եւ սաուդցիներու Լիբանան այցելութեան արտօնութեան:
Այս երկու նախաքայլերուն դիմելու համար կան բնականաբար ակնկալութիւններ: «Թաէֆի համաձայնագիրը ամբողջովին գործադրել, առնչակից միջազգային որոշումները գործադրել, պետութեան գերիշխանութիւնը լիբանանեան ամբողջ տարածքին վրայ տարածել, զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնել, լիբանանեան բանակի ազգային դերակատարութիւնը բարձրացնել, ինչպէս նաեւ ապահովել իսրայէլեան բռնագրաւող բանակի լիբանանեան բոլոր հողերէն հեռացումը: Այս կէտերը նշւած են միացեալ յայտարարութեան մէջ:
Աջակցութիւնը, խոչընդոտներու վերացումը եւ Լիբանան այցելութիւններու արտօնութիւնը կամ ընդհանրապէս վերականգնումին նպաստելը միանշանակ պիտի չիրականանան ըստ այս յայտարարութեան: Կան ակնկալութիւններ, որոնց ընդառաջ իւրաքանչիւր քայլի դիմաց Լիբանանը պիտի ստանայ համապատասխան գործնական արձագանգ:
Սաուդական Արաբիոյ դերը Եգիպտոսով փոխարինւած է Գազայի պարագային: Այստեղ հիմնականը այն է, որ կը մերժւի ժողովուրդին տեղահանութիւնը Գազայէն եւ կակնարկւի պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներու յարգումին:
Եգիպտական ծրագիրը կը նշէ, թէ երկու պետութիւններու սկզբունքով լուծումը շրջանի պետութիւններուն եւ Իսրայէլի միջեւ բնական յարաբերութիւններու ճամբան կը հարթէ: Ծրագիրին հիմամբ Եգիպտոս եւ Յորդանան պաղեստինեան ոստիկանութեան անդամներ պիտի մարզեն Գազայի անվտանգութեան հսկելու համար, ինչ որ հետագային ճամբան կը հարթէ Գազայի վրայ Պաղեստինեան իշխանութեան վերահսկողութեան վերականգնման:
Այս նախագիծի ամենէն հիմնական բաժինը Իսրայէլ-արաբական պետութիւններ բնականոն յարաբերութիւններու ստեղծումի առաջադրանքն է: Երկու պետութիւնը միջազգային օրակարգի վերածւելու ընթացքին մէջ էր: Թել Աւիւ -արաբական պետութիւններ դիւանագիտական յարաբերութիւններու գործընթաց սկսած էր, որ առկախւեցաւ Գազայի պատերազմով: Հիմա յայտնապէս այդ գործընթացը կը վերսկսի:
Ամենէն անորոշը թէժ կէտերէն Սիրիան է. երկխօսութեան համագումարը չէ յաջողած բազմաթիւ հարցումներու պատասխանները տալ: Քրդական խնդիրը կը մնայ անորոշ: ՔԱԿ-ի պատանդւած ղեկավարի ուղերձը կը համընկնէր երկխօսութեան համագումարին, ուր սակայն չէին հրաւիրւած քուրդերու ներկայացուցիչները:
Այն, ինչ որ ստանձնած է Սաուդական Արաբիան Լիբանանի պարագային եւ այն, ինչ որ ստանձնած է Եգիպտոսը Գազայի պարագային, նոյնը կարելի չէ հաստատօրէն ըսել Թուրքիոյ պարագային` Սիրիոյ յարաբերակցութեամբ: Այնտեղ ծրագիրները տակաւին մշուշի մէջ են: Իսկ այդ մշուշը միայն քրդական շրջանները չէ պատած, այլ նաեւ թանձր տեսանելիութեամբ ծածկած տիւրզիաբնակ շրջանները: Այստեղ Թուրքիայէն բացի առնչւած են տարբեր խաղցողներ, որոնք տիրոյթներ եւ գօտիներ պահպանելու քաղաքականութիւնը կը շարունակեն:
Հովանաւորի դեր ստանձնած պետութիւնները երեք ուղղութիւններով ալ ունին իրենց ակնկալութիւնները, պայմանները եւ տիրոյթներու վրայ վերահսկողութիւն բանեցնելու գործառոյթները:
Նոր շրջափուլ է տարածաշրջանին մէջ: Ոչ անմիջական արդիւնքներով: Փուլային եւ պայմանական կշռոյթներով յատկանշւող:
«Ազդակ»