ՀՅԴ Մամուլ

Խմբագրական. Ընդդէմ շարունակւող ցեղասպանութիւններուն

Լիբանանահայ համայնքը յարանւանական եւ կուսակցական մակարդակներու վրայ կատարւող համակարգումներով կը նախապատրաստւի նշել Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը: Պայմանները ոչ միայն համահայկական, հայաստանեան եւ սփիւռքեան առումներով քաջալերական չեն թւիր, այլ նաեւ համայնքային-տեղական:

Խախտւող հրադադար, թշնամիի ոտնձգութեան փորձերու շարունակում, քաղաքական անորոշութիւն եւ տնտեսական տագնապի յամեցում: Ճգնաժամային այս պայմաններուն մէջ հերթական հետեւողականութեամբ շարունակւեցան միջկուսակցական հանդիպումներն ու յարանւանական պետերու միջեւ խորհրդակցութիւնները: Համեմատական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման առընթեր շատ արագ վերաշխուժացաւ համայնքային կազմակերպ կեանքը՝ հոգեւոր, կրթական, միութենական, մշակութային եւ մարզական երեսներով:

110-ամեակի հիմնական ձեռնարկը որոշւած է կայացնել Նահատակաց հրապարակին վրայ: Բնականաբար վայրը խորհրդանշական է քանի մը առումներով: Նախ ենթադրել կու տայ, որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս առիթը լիբանանցի եւ ընդհանրապէս օտար հանրային կարծիքին ուղղւած է եւ թիրախային ուղերձներ ներառած է: Ուղերձներու առանցքը շարունակւող ցեղասպանութիւններն են: Հիմնականին մէջ անշուշտ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ իրականացւած Արցախի ցեղային զտումն է, անոր ամբողջական հայաթափումը: Հերթական անգամ ըսել կուզւի, որ երբ ցեղասպանը հաշիւ չի տար միջազգային դատաստանին առջեւ իր գործադրած արարքներուն համար, հետեւաբար կը շարունակէ օժանդակել, հովանաւորել եւ աջակցիլ, որպէսզի այլ ցեղասպանութիւններ կատարւին: Նոյնիսկ իր մասնակցութեամբ: Բնականաբար շարունակւող ցեղասպանութիւններու շարքին են Գազայի ժողովուրդին դէմ կատարւած զանգւածային բռնութիւնները, տեղահանութիւնները, այս անգամ Իսրայէլի կողմէ: Ահա այստեղ է, որ Իսրայէլ-Ադրբեջան խորացող համագործակցութիւնը լոյսին կու գայ եւ տեսանելի կը դառնայ իսրայէլեան ուժերու մասնակցութիւնը Արցախի դէմ յայտարարւած պատերազմին, հետեւաբար նաեւ մասնակցութիւնը՝ Արցախի ցեղասպանութեան:

Նահատակաց հրապարակը անշուշտ այլ խորհուրդ ունի: Անիկա լիբանանցի նահատակներուն նւիրւած հրապարակ է եւ յուշակոթող: Այն նահատակներուն, որոնք լիբանանեան տարբեր համայնքներու կը պատկանէին եւ որոնք զոհ գացին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրւած զանգւածային բռնարարքներուն: Լիբանանեան պետութիւնն ու հասարակութիւնը հաւաքական յիշողութիւնը ամուր պէտք է պահեն պատմական այս իրադարձութիւնները չմոռնալու եւ Նահատակաց հրապարակին եւ Նահատակաց յուշարձանին էութիւնը իր իմաստէն չպարպելու: Հաւաքավայրը նաեւ այս թելադրանքները կը յուշէ ուրեմն: Մտաբերել տալով, որ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ դրսեւորւած էին փորձեր՝ ապրիլ 24-ը Հայոց եւ լիբանանցիներու ցեղասպանութեան զոհերու օր հռչակելու: Խօսքը կանխամտածւած սովամահութեան մասին է, որուն զոհ գացին հարիւր հազարաւորներ:

Այս հանգամանքներով ալ Նահատակաց հրապարակը կը համատեղէ ապրիլ 24-ի եւ մայիս 6-ի խորհուրդները:

Պիքֆայայի յուշարձանին առջեւ տեղի պիտի ունենայ համաերիտասարդական հսկում-հաւաք: Պահանջատիրական այս համախմբումը, իբրեւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու նախաձեռնութիւն, ներառած է համայնքին մէջ գործող յարանւանութիւններու ուսանողական եւ երիտասարդական միաւորները, հաւաքին տալով համաերիտասարդական տարողութիւն: Պիքֆայայի յուշարձանը սփիւռքի Ծիծեռնակաբերդն է, եւ այդ առումով վերստին աւանդական կարգ պէտք է ստանայ այնտեղէն պահանջատիրութեան վերանորոգումը: 110-ամեակը կը վերամեկնարկէ այդ խորհրդանշումը:

Առընթեր անշուշտ պիտի իրականանան զանազան ձեռնարկներ տարբեր բնոյթի՝ բոլորը ոգեկոչող նահատակները եւ մանաւանդ պահանջատիրութիւնը վերաիմաստաւորող, ընդգծող Արցախի ժողովուրդին տրւելիք հատուցումը՝ հաւաքական վերադարձի թէ ինքնորոշման իրաւունքներու իրացումի պահանջներով:

Ուշագրաւ է այս բոլորին մէջ «Համազգային»-ի կազմակերպութեամբ «Նեմեսիս» թեմայի գեղարւեստականացումը: «Նեմեսիս»-ը մեր հաւաքական արժանապատւութեան վերականգնումն է: Խորհուրդ ունի այժմէական առումներով: Ադրբեջանը ռազմական յանցագործութիւններու ստւար թղթածրարի տէր ահաբեկչական պետութիւն է: Նկատառելի փաստահաւաք գոյութիւն ունի: Հայկական կողմին պարտականութիւնն է իբրեւ պետութիւն եւ իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւններ այդ թղթածրարը հասցնել միջազգային արդարադատութիւն եւ դատել տալ յանցագործ պետութիւնը եւ պարտաւորեցնել հատուցել Արցախի ժողովուրդին: «Նեմեսիս»-ը յանցագործը անպատիժ չձգելու ուղերձը ունի: Որպէսզի չշարունակւին ցեղասպանութիւնները:

Քաղաքական թէ յարանւանական կենտրոններու կողմէ կազմակերպւած այս բոլորը կամփոփւին ապրիլ 24-ի օրը սրբադասւած նահատակներու աճիւններուն առջեւ հաւաքական ուխտի վերանորոգումով եւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ նոր ուղենիշներ փոխանցող պատգամով:

Կասեցնելու համար ցեղասպանութիւնները պէտք է նախ ընդունիլ ու ճանչնալ եղածները եւ այդ ճամբով կասեցնել շարունակւող ցեղասպանութիւնները: Պահանջելով, որ միջազգային արդարադատութիւնը պատժէ ցեղասպանները:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button