ՀՅԴ Մամուլ

Օրբանի ցեղային զտման նկատմամբ «Բացարձակ յարգանք»-ն ու մաղթանքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Հունգարիոյ վարչապետ Վիկտոր Օրբան 6 յուլիսին այցելեց բռնագրաււած Շուշի, ուր, այսպէս կոչւած, Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրքական Հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թարարի կողքին, մասնակցեցաւ Թուրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովին` այդպիսով օրինականացնելով հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ անուղղակի կերպով ճանչնալով այդ ապօրինի ու ինքնակոչ հանրապետութիւնը:

Աւելի՛ն. ան նաեւ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտարարեց. «Առաջին հերթին իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ նախագահ Իլհամ Ալիեւին մեզ Շուշայի` այս քաղաքին մէջ ընդունելուն համար, եւ ձեզ այստեղ տեսնելու առիթը ստեղծելուն համար: Մենք բացարձակ յարգանք կը յայտնենք նախագահ Իլհամ Ալիեւին այս շրջանի հազարաւոր մարդոց խաղաղութեան մէջ ապրելու առիթ ընծայելուն համար: Կը յուսանք, որ այսպիսի առիթ մը նաեւ շուտով Եւրոպայի մէջ կապահովւի»:

Բռնագրաււած տարածք այցելելու ժխտական երեւոյթէն առաւել խնդրայարոյց ու գայթակղեցնող էր Օրբանի խօսքը: Ժողովրդավարական արժէքներու եւ մարդու իրաւունքներու ջատագով Եւրոմիութեան անդամ եղող երկրի մը ղեկավարը «բացարձակ յարգանք» յայտնեց իր երկրին բանտերը քաղաքական բանտարկեալներով լեցուցած բռնատէրի մը:

Աւելի խնդրայարոյցն ու գայթակղեցուցիչը այն է սակայն, որ Հունգարիոյ վարչապետը ոչ միայն «բացարձակ յարգանք» կը յայտնէ տակաւին երէկ այդ նոյն տարածքը ցեղային զտումի ենթարկած անձի մը նկատմամբ, այլ նաեւ մարդկութեան դէմ այդ ոճիրը «խաղաղութեան առիթի ընծայում» կոչելով` կը գովէ իբրեւ ընդունելի ու դրական արարք, եւ մինչեւ իսկ յոյս կը յայտնէ, որ նոյնպիսի «առիթ մը նաեւ շուտով Եւրոպայի մէջ կապահովւի»:

Եւրոմիութեան ղեկավարութիւնը, անդամ երկիրներն ու խորհրդարանը պէտք է հաշւետւութեան ենթարկեն իրենց միութեան մէջ «Թուրքիոյ Տրովադայի ձին» եղող այդ երկրին վարչապետը` ցեղային զտման արարքին հեղինակին նկատմամբ «բացարձակ յարգանք» յայտնելուն, միջազգային օրէնքով արգիլւած այդ ոճիրը դրական ձեռքբերում ու բարեբեր արարք նկատելուն, այդ քստմնելի յանցագործութիւնը «խաղաղութեան առիթ» որակելուն եւ Եւրոպայի մէջ զայն կրկնօրինակելու կոչ ուղղելուն համար:

Related Articles

Back to top button