ՀՅԴ Մամուլ

Ակնարկ. Վաշինգտոնի փուլային նախապայմանները

Սիրիոյ նոր վարչակազմին ուղղութեամբ Վաշինգտոնէն հնչած յայտարարութիւնները հետագայ գործընթացներուն ուղղութեամբ որոշ պատկերացումներ կը փոխանցեն:

Նախ անշուշտ այն տպաւորութիւնը կը ձգւի, որ կայ ճիգ ուժերու միաւորման, որպէսզի ներքին քաոսը բացառւի: Նոր սահմանադրութիւնը առաջադրանք է փաստօրէն, որուն հիմնադրոյթները տակաւին պարզ չեն: Ամերիկեան պահանջին մէջ կայ կէտ, որ կը խօսի ոչ համայնքային կառավարութեան կամ ընդհանուր համակարգի մասին:

Նշենք, որ նախորդ վարչակարգի օրերուն, միջհամայնքային կառուցւածքի հիման վրայ չէ, որ կը կազմւէին պետական մարմինները: Այսինքն՝ իւրաքանչիւր համայնքի համար յատկացւած չափաբաժին չկար: Պարզ էր, որ ալեւի փոքրամասնութիւնը ունէր գերակայութիւն երկրի հիմնական ոլորտներուն մէջ, իշխանութեան ընտանեկան հիմքը նկատի ունենալով:

Միացեալ Նահանգները չի պարզաբաներ ոչ համայնքային վարչակառավարման ծալքերը տակաւին: Եթէ մէկ համայնքի գերակայութեան ջնջումի մասին է խօսքը, ապա ատիկա ամէնէն հասկնալին է:

Եթէ համայնքներու ներառականութեան մասին է խօսքը, ապա բարդութիւններ կը նախատեսւին այստեղ. առանց չափաբաժիններու ճշտումին ի՞նչ տեսակի հաւասարակշռութիւն պէտք է ձեւաւորել, որպէսզի ներկայացւած ըլլան ոչ միայն իսլամական տարբեր դաւանանքները, այլ նաեւ տարբեր կրօններու հետեւորդ ազգաբնակչութիւնները կամ ազգային փոքրամասնութիւնները:

Նոր սահմանադրութեան որեւէ նախագիծ տակաւին չէ հրապարակւած, հետեւաբար այս անցումը դէպի ապահամայնքային դրութիւն յստակ չէ թէ՛ իբրեւ եղանակ, եւ թէ՛ իբրեւ իրաւական ամրագրում՝ նոր Սահմանադրութեան տեսքով:

Անցումային կառավարութիւնը արծարծւող առաջադրանքներուն համապատասխան բաղադրութիւն չունի: Նախկին վերափոխւած ուժերու մօտ տակաւին յայտարարութիւններէն բացի չերեւիր Սիրիոյ ապահամայնքայնացման որեւէ հայեցակարգ:

Ամերիկեան այս պահանջը աւելի քաղաքացիական պետութիւն ձեւակերպումով կրնայ բացատրւիլ: Քաղաքացիական հասարակարգը այսօր պետութիւն-ժողովուրդ յարաբերութիւններուն մէջ ազդեցիկ հաստատութեան վերածելու միջազգային ներշնչանքներ ունի:

Այս մէկը յայտնաբար պայման է, որ Վաշինգտոն կարծարծէ ի լուր նոր իշխանութիւններուն:

Առաջին, ահաբեկչական միաւորներու կողմէ այդ պիտակաւորումի եւ դասակարգումի ջնջումի քայլեր կենթադրէ նոր վարչակարգին կողմէ:

Պետութեան ապահամայնքայնացում կամ քաղաքացիացում, երկրորդ՝ նոր Սահմանադրութեան ընդունում, այս առաջադրանքային սկզբունքներուն հիման վրայ:

Սիրիոյ վերականգնումի նպատակով հասնելիք օժանդակութիւնները եւս իրենց պայմանները ունին բնականաբար: Ֆինանսական հոսքը պայմանաւորւած է նոր ազդեցութեան գօտիներու ձեւաւորումով կամ երկրին բնական հարստութիւններու շահարկման իրաւականացումով:

Սիրիոյ բնական աղբիւրներու, կազէն, ուժանիւթի տեսակներէն մինչեւ հանքային աղբիւրներ հսկայական հարստութեան եւ կարողականութեան մասին կը խօսին: Այդ բոլորի արտահանումը, վաճառականացումը միջազգային ներգրաւման, ստանձնման եւ յանձանձման իրաւական արտօնութիւններու խնդիրներ կան բնականաբար:

Ռազմավարական մէկ այլ ուղղութիւն եւս տեսանելի է: Քուրդերու պարագային, հակամարտութեան լուծումը պատերազմի եւ համաձայնութեան արանքին կը գտնւի, խաղաթղթային կարգավիճակով: Սիրիոյ քրտական կազմակերպութեան ղեկավարը յայտարարած էր, որ «քիւրտ զինեալները, որոնք Միջին Արեւելքի տարբեր շրջաններէն եկան Սիրիական քրդական ուժերուն աջակցելու համար, պիտի հեռանան, եթէ երկրի հիւսիսին մէջ Թուրքիոյ հետ ճակատումին զինադադար հաստատւի»:

Թուրքիա-Սիրիոյ քուրդեր զինադուլի օրակարգ գոյութիւն ունի: Սիրիոյ շրջակայքէն դէպի Սիրիա հասած քիւրտերը կրնան հեռանալ, եթէ զինադուլի շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ:

Մինչ այդ, նոր իշխանութիւնները Ազգային երկխօսութեան նիստեր կը նախաձեռնեն: Կենթադրւի, որ ներառականութիւնը պիտի ընդգծւի այդ նիստերուն, ինչ որ համահունչ է ամերիկեան պահանջին: Ապահամայնքային կառավարութիւն, ուր ոչ թէ չափաբաժիններու հիման վրայ, այնուամենայնիւ ներառւած ըլլան տարբեր կրօններու, դաւանանքներու եւ ազգաբնակչութիւններու ներկայացուցիչները:

Այսպէս չէ, որ Վաշինգտոնը յանկարծակի պիտի վերացնէ պատժամիջոցները: Վերացման գործընթացը պիտի ընթանայ փուլային դրութեամբ, եւ իւրաքանչիւր փուլի կատարումէն ետք է միայն, որ նոյն փուլայնութեամբ պիտի վերցւին պատժամիջոցները: Ահաբեկչական դասակարգումի ջնջումը առաջին փուլն էր, որուն դիմաց պահանջւեցաւ Ազգային երկխօսութեան նիստի գումարումը: Կը յաջորդէ ներառական կառավարութեան կազմութեան պահանջը:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button