ՀՅԴ Մամուլ

Ձեզի, մեզի մեծ…գոյժ

Գիտէք, չէ՞: Աւետիսն ալ եղաւ «թաւշեայ յեղափոխութեան» զոհը, եւ այդ ալ՝ ի՜նչ «դուխ»-ով։

Աւետիսի փոխարէն, ձեզի, մեզի մեծ… գոյժ։ Չէ «սեւ կատակ» չէ պատահածը, ո՛չ ալ բառախաղ։

Այո՛… Հայաստանի Հանրապետութեան նէօ-բռնապետը, շփոթահար ազգին… ազգընտիր վարչապետը, այս անգամ այլ հին լծակներու ճամբով, փորձեց ինքզինք պարտադրել եւ արգելք հանդիսանալ, որպէսզի համաձայն տարիներու աւանդութեան՝ պետական պատկերասփիւռի կայանը ՝ Հ1-ը տարեվերջին սփռէ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսին Ամանորի ուղերձը։ Փոխարէն, Հ1-ը առաջարկեց Ամենայն Հայոց Հայրապետին ուղերձը լոյս ընծայել երեկոյեան լուրերու ընթացքին։

Երազի կամ երեւակայական ժապաւէնի մը մասին չէ մեր խօսքը։

Բազմիցս հանդիպած ենք, որ Վատիկանի մօտակայքը, եօթներորդ արւեստի աշխարհի երբեմնի կենտրոնին՝ Հռոմի «Չինէ Չիթա»-ին մէջ պատրաստւած ժապաւէններ կը պախառակեն եկեղեցին, զայն աղաւաղելու եւ «սրբապղծելու» աստիճան: Օրինակները բազմաթիւ են, սկսելով Ֆեդերիկօ Ֆելլինիի «Դոլչէ Վիթա»-էն մինչեւ Լինա Վերթմիւլերի կամ դեռ աւելին՝ Պիէռ Պաօլօ Փազոլինիի ծայրայեղութիւնները։

Չշարունակենք, որովհետեւ կարելի չէ բաղդատել իրականութիւնն ու շարժապատկերը միջոց գործածող երեւակայութիւնը։

Պատշաճութիւնը կը պահանջէ, եւ պրոտոկոլն ալ կը հետեւի անոր, որ երկրի աշխարհիկ ղեկավարի ուղերձէն առաջ, հեռարձակւի Վեհափառ Հայրապետի ուղերձը:

Ինչ որ եղաւ քանի մը օր առաջ, այսինքն՝ հոգեւոր առաջնորդի պատգամին լուսանցքայնացումը՝ լուրջ հարւած մըն է պետութեան, պետականութեան, հայոց պատմութեան եւ դեռ աշխարհի ամենահին քրիստոնեայ երկրին։

Դէպք մը, որ վստահաբար ընդվզում կը յառաջացնէ մինչեւ իսկ տարին հազիւ քանի մը առիթներով եկեղեցի այցելողին։

Ազգային արժէքներու ոտնահարման այս ու նմանօրինակ արտայայտութիւնները շատ աւելի մեծ հարցականներ կը ստեղծեն, թէ արդեօք «Իմ քայլ»-ական ղեկավարութիւնը մեծամոլութենէ եւ հալածախտէ՞ կը տառապի։ Կացութիւն մը, որ սկսած է յիշեցնել Ռումինիոյ երբեմնի բռնապետ Չաուչեսքուն, որուն գնդակահարման տարեդարձը նշւեցաւ դեկտեմբերին։

19 Բաղրամեանի վարձակալները յայտնապէս գիտէին, թէ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ, սովորական արտայայտութիւններու կողքին, յատուկ տեղ պիտի տրամադրէր Արցախին։ Պատգամէն մէջբերենք հետեւեալը եւ ընդգծենք․- «Հոգածու սիրով շրջապատենք Արցախից բռնի տեղահանւած մեր քոյրերին ու եղբայրներին, նրանց մէջ առատացնենք յոյսը, որ երբեք չմարի հայրենի Արցախ վերադարձի տեսիլքը․․․»: Այս խօսքերը այդ օր՝ 31 դեկտեմբերին «անյարիր» պիտի նկատւէր թեթեւսոլիկութեամբ վարակւած՝ Հիւսիսային պողոտայի եւ անմիջական մօտակայքի «ման եկող»-ներուն կողմէ, որոնք այլեւս շատ ալ չեն թաքցներ թշնամիին հաճոյակատարութեան իրենց մոլուցքը…։

Աւելի քան դար մը առաջ, 1901-ին, թատերագիր, վիպագիր, փիլիսոփայ եւ մտաւորական Լեւոն Շանթ, իր «Եսի Մարդը» թատերգութեան մէջ, ամենայն մերկութեամբ նկարագրած էր հայրենասէրի եւ եսասէրի բախումը: Բեմը Պոլիսն էր, սակայն կրնար ըլլալ աշխարհի որեւէ մէկ ծագը։ Ազգային ապրումներով տոգորւած Սեդրակ եւ տեղական ոստիկանութեան ծառայութեան լծւած գրպանամոլ Մուշեղ ակն ընդ ական կը պայքարին, եւ ի վերջոյ հայրենասիրութիւնն է, որ կը գերիշխէ ընդդէմ եսասիրութեան։

Եզրակացնելու համար, դարձեալ քաղւածք մը ընենք Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսին Ամանորեայ ուղերձէն եւ ընդգծենք հետեւեալը․ «Մենք ժառանգներն ենք մի ազգի, որ տառապել ու չարչարւել է, բայց չի յանձնւել, ցեղասպանւել է, բայց չի կործանւել, սրատւել է, բայց չի մահացել»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ալ այս գծով գործի լծւած է եւ 2024 տարին, Արամ Ա կաթողիկոս հռչակած է «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»։ Այս կամքը մեզ կը մղէ ըսելու. մեր ժողովուրդն ու հայրենիքն ալ պիտի վերածնին եւ մենք ճակատաբաց պիտի ըսենք «ՁԵԶԻ, ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻ՛Ս»:

«Հայրենիք»-ի  խմբագրական
Բոստոն

Related Articles

Back to top button