Խմբագրական. ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ` Լիբանանէն Տարւող Աշխատանքները
ՔՈՓ29-ին ընդառաջ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբը շուրջ 40 մասնակից երկրի դեսպանութիւններուն ուղարկեց նամակներ, թէ ինչո՛ւ Ադրբեջանը ոչ միայն բարոյական, այլ նաեւ իրաւական առումով նման համաժողով հիւրընկալելու կարգավիճակ պէտք չէ ստանայ:
Յուշագիրի բնոյթ ունեցող այդ գրաւոր փաստաթուղթը կը փաստէ, որ Բաքուն իր վարած քաղաքականութեամբ չի կրնար մարդու իրաւունքներու եւ երկրագունդի կենսոլորտի հետ կապւած խնդիրներ քննարկող քաղաք նկատւիլ: Այդ արգելքները այնքան բացայայտ են, որ համաձայնութիւն տւող երկիրներէն շատեր նո՛յն հարցերով բողոքած են եւ նոյնիսկ պատժամիջոցներու առաջարկներ կատարած:
Հայկական ընկալումով Ադրբեջանը ռազմական յանցագործութիւններ կատարած, ցեղային զտումներով յատկանշւող ցեղասպանութիւն իրականացուցած, շրջափակումով սովամահութիւն ծրագրած ու գործադրած եւ ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը իր բնօրրանէն պարպած ահաբեկչական պետութիւն է, որ կը շարունակէ խախտել միջազգային օրէնքի բոլոր իրաւաչափութիւնները:
Հայ դատի համակարգը կը նախապատրաստէր միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումներ կատարած Ադրբեջանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը փաստագրող յատուկ թղթածրար` ներկայացնելու մասնակից պետութիւններուն:
Բաքւի ՔՈՓ29-ին հակացուցւած ըլլալու իրաւական հիմնաւորումները քննարկւեցան այս տարւան ապրիլ ամսուն Անթիլիասի մէջ գումարւած «Կիլիկիա» վերլուծական հարթակի եւ Արցախի մէջ Ադրբեջանի կիրարկած ցեղասպանական տարբեր բնոյթի գործողութիւնները արծարծած գիտաժողովին: Այնտեղ ի շարս այլ կէտերու, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ կայացած նիստերուն եւ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարարին եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահին մասնակցութեամբ Հարթակը քննարկեց ՔՈՓ29-ի նախօրեակին Ադրբեջանի վրայ զօրացնել ճնշումը մասնակից պետութիւններու կողմէ, նախ եւ առաջ ազատ արձակելու համար ապօրինաբար Բաքւի բանտերուն մէջ պահւող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, ռազմագերիներն ու պատանդները:
Արձանագրենք, որ ՔՈՓ29-ի Բաքւի մէջ կայացման դէմ բողոքի գործողութիւնները միայն հայկական կեդրոններէ չեն բխիր: Փենթակոնի նախկին պաշտօնատարներէ մինչեւ Փարիզի քաղաքապետ, անցնելով կենսոլորտի եւ մարդկային իրաւանց շարժումներու գործիչներ, բոլորը անխտիր կը շեշտեն Ադրբեջանին եւ կենսոլորտի համաշխարհային հարթակի անհամատեղելիութիւնը: Կ՛ընդգծեն, որ մարդու իրաւունքներու ամէնէն կոպիտ խախտումներ արձանագրած պետութիւնը կը շարունակէ մնալ Ադրբեջանը, որ նաեւ ամէնէն հակակենսոլորտային երկիրն է:
Պարզ է սակայն, որ խնդիրը ոչ թէ կենսոլորտային է, այլ քաղաքական: Այլապէս, Ադրբեջանը թէ՛ մարդու իրաւունքները ոտնահարած, թէ՛ ցեղային զտում իրականացւցած եւ թէ՛ կենսոլորտը ապականելու մեղադրանքներով քննադատած պետութիւնները մինչեւ իրենց մասնակցութեան համաձայնութիւն տալը պէտք էր, որ վերապահումներով հանդէս եկած ըլլային եւ ընդդիմանային Բաքւի մէջ կայանալու որոշումին:
Այս առումով սակայն թոյլ կէտ ունի հայկական կողմը: Իր թեկնածութիւնը յետս կոչելով Երեւանը անուղղակի իր համաձայնութիւնը տւած եղաւ, որպէսզի Ադրբեջանը հիւրընկալէ համաշխարհային ժողովը: Այս համաձայնութիւնը մեկնաբանւեցաւ գերիներու ազատ արձակման որոշումին դիմաց կատարւած զիջումով:
Եւ որովհետեւ խնդիրը զուտ քաղաքական է, պէտք է փորձել նախատեսել, թէ թուրքեւադրբեջանական դաշինքը կենսոլորտային ի՛նչ խնդիր պիտի բարձրացնէ Հայաստանի դէմ: Պարզ է պատասխանը: Անկարան եւ Բաքուն ամէն տեսակ պատճառ պիտի բերեն համոզելու համար համաժողովը, որ Հայաստանի աթոմակայանը սպառնալիք է տարածաշրջանին համար:
Ահա այստեղ Թուրքիան եւ Ադրբեջանը պիտի խաղան Արեւմուտքի խաղը: Հայաստանը պէտք է զրկւի գործող աթոմակայանէն: Հետեւաբար անհրաժեշտ է կառուցել նորը` ուժանիւթի բացը լրացնելու համար: Մինչեւ ՔՈՓ29-ի պահանջը, Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս յատարարեցին, որ հիւլէական ուժանիւթի նոր նախագիծեր ունի Հայաստանի համար: Քաղաքական այս խաղին համար կը հարթւէր ենթահողը` ուժանիւթի բազմազանացման կարգախօսին տակ:
Հայկական ներկայացուցչութեան Բաքու մեկնիլը նոյեմբերին տակաւին անորոշ է: Բայց այդ մէկը եւս յաւելեալ թոյլ կէտ կ՛ըլլայ հայկական կողմին համար եւ արգելակիչ տւեալ այլ պետութիւններէ ՔՈՓ29-ին մասնակցելու որոշումը վերանայելու պահանջի աշխատանքներու ծիրին մէջ:
Յամենայն դէպս մարդկային իրաւունքներ ընդդէմ կենսոլորտային սպառնալիք տեսքով պիտի ընթանայ հայ-ադրբեջանական պայքարը ՔՈՓ29-ի շրջանակներուն մէջ: Այս պատճառով ալ համընթաց պէտք է ընթանան առարկութիւնները. մարդու իրաւունքներու ոտնակոխում, միջազգային օրէնքներու խախտում, ռազմական յանցագործողութիւններու եւ ցեղասպանութեան կիրարկում, բայց նաեւ` կենսոլորտի ամէնէն տարրական օրինաչափութիւններու անգոյութիւն: Ահաւասիկ ներկայացւելիք թղթածրարին հիմնական առանցքները:
Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբը իր աշխատանքներուն մէջ եւս մէկ իւրայատուկ կէտ ունի: Այս բոլոր ճնշամիջոցները նախ եւ առաջ պիտի ծառայեցւին ապօրինաբար պահւող անձերու ազատ արձակումին: Անոնց շարքին է նաեւ լիբանանահայ գերին, որուն ազատ արձակման համար արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ կը շարունակւին աշխատանքները:
Քաղաքականօրէն ակնկալելին ոչ թէ ՔՈՓ29-ի կայացման վայրի չեղարկումն է: Առաջադրելին, այս առիթով, միջազգային ճնշամիջոցներու ապահովումն է, նախ եւ առաջ առեւանգւած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման նպատակով:
Ազդակ